Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 9, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի շեշտեց, որ լիբանանեան-քուէյթեան յարաբերութիւնները վերադարձած են իրենց հեզասահ ընթացքին:

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի Ազգային լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը առանձինն կրնայ դիմադրել ահաբեկչութեան:

ԲԱՆԱԿԻ գաղտնի սպասարկութիւնը Մաշարիհ Քաայի սուրիական գաղթակայանները խուզարկելու ընթացքին ձերբակալեց ՏԱՀԵՇ-ի անդամ 5 կասկածելիներ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Օսէյրան կոչ ուղղեց Սուրիոյ կառավարութեան հետ բանակցելու` լուծելու համար սուրիացի տեղահանուածներուն հարցերը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Քամել Ռիֆայի հաստատեց, որ Լիբանանի բռնագրաւուած հողերը ազատագրելու զինուորական որոշումը բանակին սեփականութիւնն է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ ընդգծեց, որ փաստուած է արդէն, թէ գաղթակայանները ահաբեկչութիւն կոչուած չարիքին ներքին միջավայրը կը նկատուին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժոզեֆ Մաալուֆ շեշտեց, որ լիբանանցիները բանակին նկատմամբ իրենց բացարձակ զօրակցութիւնը յայտնած են` վերստանձնելու համար երկրին ամբողջական գերիշխանութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի հաստատեց, որ մասնակի երեսփոխանական ընտրութիւններ չկատարելը Լիբանանի իշխանութեան պատմութեան մէջ արձանագրուելիք սեւ կէտ մըն է:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ փտածութեան դէմ պայքարը դժուար է եւ երկար` Լիբանանի վարչակարգին պատճառով:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժի «Էմ. Քա.» տիպի հետախուզական օդանաւեր երէկ խզեցին Լիբանանի օդային սահմանները եւ թռիչքներ գործեցին Արքուպի ու Հասպայայի վերեւ:

ԱՄԱԼ շարժումի քաղաքական խորհուրդի նախագահ Ժամիլ Հայեք յայտնեց, որ Արսալի մէջ արձանագրուած յաղթանակը շեշտեց «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» եռեակ տարազին անհրաժեշտութիւնը:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը քննարկումի կարիք չունի, որովհետեւ անիկա «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» եռեակ տարազն է: Ան նշեց, որ եթէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Սուրիոյ պատերազմին միջամտելու որոշումը տուած չըլլար, ապա ամբողջ շրջանը ահաբեկչութեան հակակշիռին տակ պիտի ըլլար:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ ՏԱՀԵՇ-ի հետ բանակցութեան նախապայման ճշդած են առեւանգուած բանակայիններուն ճակատագիրին մասին տեղեկութիւններու տրամադրումը:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ», իր տեղեկութիւնները քաղելով ապահովական աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ բանակը կը հսկէ այն շրջաններուն, ուրկէ գաղտնի թափանցումներ կը կատարուին:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակին կողմէ Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքներուն վրայ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ գործուելիք յարձակումը մօտալուտ է:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակը սուրիական բանակին հետ զինուորական գործողութիւններու համադրում չէ կատարած, իսկ ամերիկացիները ՏԱՀԵՇ-ի դէմ բանակին մղելիք ճակատամարտին պիտի չմասնակցին:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն աշխատավարձի յաւելումներուն վերաբերող խորհրդարանի որոշումը այս շաբթուան ընթացքին պիտի վաւերացնէ:

Նախորդը

Թուրքիա Իրանի Հետ Սահմանին Վրայ Պատ Կը Կառուցէ

Յաջորդը

Հարիրի Բանակի Հրամանատարին Հետ Քննարկեց Տահեշ-Ի Դէմ Յատարարուելիք Ճակատամարտին Մանրամասնութիւնները

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.