Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Կը Հրաւիրէ Աշխատավարձի Յաւելումներուն Եւ Տուրքերուն Մասին Տարակարծութիւնները Քննարկելու Խորհրդակցական Հանդիպումի Մը

August 11, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլը:

Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Խալիլ մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութիւն կատարելու:

Հանդիպումէն ետք նախագահ Աուն հրաւիրեց խորհրդակցական հանդիպումի մը` քննարկելու համար աշխատավարձի յաւելումներուն եւ տուրքերուն շուրջ տարակարծութիւնները:

Հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ նախագահական պալատին մէջ, երկուշաբթի, 14 օգոստոսին:

Նախագահ Աունի այցելեց Պաթրունի քաղաքապետները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` ներկայութեամբ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց հաւասարակշռուած բարգաւաճման կարեւորութիւնը` երկրին մէջ տնտեսական եւ ընկերային կայունութիւն իրականացնելու, ինչպէս նաեւ լիբանանցիները երկրին մէջ պահելու եւ հայրենիքը բարգաւաճեցնելու նպատակով:

Ան հաստատեց, որ լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ գործադրուող ծրագիրները կը դրսեւորեն նախագահական երդման ճառին գործադրութեան յանձնառութիւնը:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ քաղաքապետարանները հիմնական դերակատարութիւն ունին գիւղերու եւ գիւղաքաղաքներու աշխուժացման մէջ` աւելցնելով, որ քաղաքապետական աշխատանքն ու պետական վարչութիւններուն կողմէ գործադրուած ընկերային եւ բարգաւաճման ծրագիրները պէտք է զիրար լրացնեն:

Նախագահ Աուն նշեց, որ Պաթրունի մէջ սկսած են գործադրուիլ շարք մը ծրագիրներ` նկատել տալով միաժամանակ, որ կան նաեւ շարք մը այլ ծրագիրներ, ինչպէս` ջուրի, ելեկտրականութեան, ճամբու եւ կոյուղիներու վերաբերող ծրագիրներ, որոնց գործադրութեան համար ֆինանսաւորում ապահովելու աշխատանք կը տարուի:

Պատուիրակութեան անունով խօսք առաւ Պաթրունի քաղաքապետներու համադաշնակցութեան նախագահ Մարսելինօ Հարք, որ ողջունեց նախագահ Աունը` շեշտելով, որ իրենք անոր անձին եւ իմաստութեան նկատմամբ խոր վստահութիւն ունին:

«Ձեր կողմէ երկրին իշխանութիւնը ստանձնելէ ետք մեր յոյսերը բարձրացան», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ իրենք կ՛աշխատին ամէն իմաստով Պաթրունը բարգաւաճեցնելու համար:

Նախագահ Աուն ստանձնեց նաեւ Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Խոսէ Մարիա Ֆերէ տէ լա Փենայի, Հունգարիոյ դեսպան Կիզա Միխալիի, Զուիցերիոյ դեսպան Մոնիքա Շմուց Քիրկոզի եւ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէի հաւատարմագիրները:

Նախորդը

«Ապահովական Կայունութիւնը Մեր Հակակշիռին Տակ Է, Սակայն 100 Տոկոս Ապահովութիւն Չկայ» Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

Յաջորդը

Արցախին Աջակցելու Կոչ` Եւրոպական Խորհրդարանի Երեսփոխանէն

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.