Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի Կոչ Կ՛ուղղէ Լիբանանը Միջամուխ Չդարձնելու Առանցքներու Միջեւ Պայքարին

August 10, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի:

Նիստէն բացակայեցան նախարարներ Ղազի Զաայթեր, Եաագուպ Սարրաֆ եւ Եուսեֆ Ֆընիանոս:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ նիստին ընթացքին Հարիրի շեշտեց, թէ կառավարութիւնը լիբանանեան բանակին կը զօրակցի Քաայի բարձունքները ազատագրելու նպատակով սկսելիք իր ճակատամարտին ժամկէտը ճշդելու: «Հարիրի ընդգծեց նաեւ, որ իբրեւ վստահութիւնը վերահաստատելու կառավարութիւն, Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է գործադրէ ինքզինք չէզոք պահելու քաղաքականութիւնը», ըսաւ Ռիաշի` աւելցնելով, որ վարչապետը կոչ ուղղած է Լիբանանը միջամուխ չդարձնելու առանցքներու միջեւ պայքարին:

Ռիաշի յայտնեց, որ կառավարութիւնը ապա քննարկեց իր նիստին համար ճշդուած օրակարգը, նախարարական յատուկ յանձնախումբ մը նշանակելով` հնութիւն նկատուող կառոյցներուն վերաբերող թղթածրարին ուսումնասիրութեան համար:

Կարգ մը նախարարներու Սուրիա այցելութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ռիաշի ըսաւ. «Այս իմաստով կառավարութիւնը որոշում չէ տուած: Նախարարաց խորհուրդը այդ հարցը քննարկեց եւ քննարկումներուն արդիւնքը կը նկատէ իր սեփականութիւնը: Իսկ այս իմաստով վարչապետ Հարիրիի կեցուածքը` Լիբանանը առանցքային եւ շրջանային պայքարներու միջամուխ չդարձնելու վերաբերեալ, բաւական յստակ է: Եթէ կայ նախարար մը, որ կ՛ուզէ Սուրիա այցելել, ապա առանձինն կ՛ուղղուի Սուրիա եւ ոչ թէ կառավարութեան որոշումով»:

Ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան նիստէն մեկնումի պահուն յայտնեց, որ ինք` իբրեւ ճարտարարուեստի նախարար, ստացած է Սուրիա այցելութեան հրաւէր մը եւ այդ հանգամանքով պիտի ուղղուի Սուրիա:

Ան հաստատեց, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ առեւտուր գոյութիւն ունի, ինչպէս նաեւ կան որոշ կէտեր, որոնք լուծման կարիք ունին, «բան մը, որ երկկողմանի յարաբերութիւններ ունեցող երկու երկիրներու պարագային շատ բնական է», հաստատեց ան:

Նախորդը

«Աշխատավարձի Յաւելումներուն Հարցը Քննարկումի Ընթացքին Մէջ Է» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

ԵԱՀԿ-ի Դիտարկումը Ասկերանի Ուղղութեամբ

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ  Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ
Լիբանանեան

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ

October 3, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Լիբանանեան

Թուրքիոյ Հաղորդակցութիւններու Բաժանմունքի Նախագահութիւնը Կը Հերքէ Սուրիա-Հըզպալլա Ժողովի Լուրը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.