Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատիի հետ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ զինուորական առումով Լիբանան-Իրաք գործակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:
Սարրաֆ այցելեց Իրաքի մէջ շիի գերագոյն հոգեւոր պետ մեծն այաթոլլա սէյիտ Ալի Սիսթանիին, շէյխ Ապտել Մեհտի Քարպալայիին, ինչպէս նաեւ իմամ Հիւսէյնի դամբարանը:
Իր կատարած այցելութիւններէն ետք Սարրաֆ յայտնեց, որ ինք վարժ է այդ սրբավայրերը այցելելու` աւելցնելով, որ ասիկա իր կատարած պաշտօնական առաջին այցելութիւնն է:
Սարրաֆ հաստատեց, որ իրեն համար պատիւ է այցելել հոգեւոր պետերուն:
«Իսկ իմամ Հիւսէյնի դամբարանին առջեւ Աստուծմէ խնդրեցի, որ Լիբանանը պատերազմէն յաղթական դուրս գայ», շեշտեց ան:
 
			


