Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ կատարած գրառումով զգուշացուց առնչակից կողմերը Պաապտայի երկխօսութեան արդիւնքէն եւ առհասարակ երկրի ընկերային-տնտեսական կացութեան վատթարացումէն: Այս գծով ան կարգ մը թելադրանքներ ու գործնական քայլեր առաջարկեց առնչակից կողմերուն:
Ժոմպլաթ իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց այս գծով:
Ան այսօր մամլոյ ասուլիս մը պիտի տայ եւ մանրամասն անդրադառնայ երկիրը յուզող ընկերային-տնտեսական հարցերուն: