Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ երկրին ապահովական կայունութիւնը հաստատուած է շնորհիւ ապահովական կանխարգելիչ գործողութիւններու, որոնք իրենց կարգին յաջողած են` հիմնուելով ապահովական կառոյցներու եւ բարեկամ պետութիւններու տեղեկութիւններուն վրայ:
«Լիբանանի բարեկամ պետութիւնները այդ տեղեկութիւնները մեզի կը տրամադրեն, որովհետեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին առումով Լիբանան առաջնագիծին վրայ կը գտնուի», ըսաւ ան:
Իպրահիմ շեշտեց, որ Լիբանան օր մը օրանց սուրիացի տեղահանուածներուն նկատմամբ չէ ցուցաբերած այնպիսի վարուելակերպ մը, որ կարծես անոնք ահաբեկիչներ ըլլան` աւելցնելով, որ անոնց տունդարձը շատ մը վտանգներէ հեռու կրնայ պահել զանոնք:
Ան ընդգծեց սուրիական իշխանութիւններուն հետ կատարուելիք երկխօսութեան կարեւորութիւնը:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ հակառակ քաղաքական սուր տարակարծութիւններուն, ինք պատրա՞ստ է միջնորդելու սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին համար, Իպրահիմ ըսաւ. «Անկասկած պատրաստ եմ, որովհետեւ Լիբանանի շահերուն ծառայելու համար ոեւէ մէկուն հետ կը խօսիմ: Իսկ բոլորին համար բացայայտ է, որ ապահովական իմաստով ես կը գործակցիմ բոլոր երկիրներու պաշտօնակիցներուն հետ, ներառեալ` Սուրիոյ: Եթէ Լիբանանի քաղաքական իշխանութիւնը ինծի վստահի այդ թղթածրարը լուծելու պատասխանատուութիւնը, ապա մօտս կան շարք մը տուեալներ, որոնք կրնան յաջողցնել այդ աշխատանքը: Երկխօսութիւնը միակ եւ ամէնէն կարճ ճամբան է` լուծելու ապահովական հարցերը»:
«Լիբանան միշտ փաստեց, որ ահաբեկչութեան նպաստաւոր պայմաններ ստեղծող երկիր չէ, իսկ Լիբանանի ապահովական կառոյցները միշտ ալ հետապնդեցին, հարուածեցին ու տակաւին կը շարունակեն հետապնդել ահաբեկչական ցանցերն ու բջիջները: Լիբանանի մէջ ահաբեկչական ցանցեր տակաւին գոյութիւն ունին, սակայն անոնց կարողութիւնները գրեթէ ջլատուած են», հաստատեց ան:
Իպրահիմ շեշտեց, որ որեւէ երկրի մէջ 100 տոկոս ապահովութիւն չկայ` աւելցնելով սակայն, որ Լիբանանի պարագային ապահովական կայունութիւնը իրենց հակակշիռին տակ կը գտնուի: