Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 11, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատ Հարիրիի գրասենեակը հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն հիման վրայ պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները երեքշաբթի օր փակ պիտի մնան Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով:

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի յայտնեց, որ Լիբանան տակաւին անձեռնմխելի է` վարակիչ հիւանդութիւններու ենթակայ ըլլալու իմաստով: Ան նշեց, որ երկրին մէջ պատուաստումի հոլովոյթը կանոնաւոր կերպով կ՛ընթանայ:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ամերիկեան յարաբերութիւնները:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ իրենք կը փափաքին Լիբանանը զետեղել ելեւմտական առողջ հունի մէջ:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուաէլ Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ իրենք պիտի պահանջեն յաւելեալ տուրքեր պարտադրել բոլոր անոնց վրայ, որոնք ծովային կալուածները չարաշահած են:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին կատարուելիք ամերիկեան օժանդակութիւնները պիտի շարունակուին:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Թարեք Խաթիպ շեշտեց, որ իրենք յանձնառու են, որ աշխատավարձի յաւելումը քաղաքացիին քսակէն չֆինանսաւորուի:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա շեշտեց, որ մասնակի երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու հարցը օրըստօրէ յաւելեալ բարդութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուի:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ շեշտեց, որ դատաւոր Շուքրի Սատերը Պետական Շուրայի նախագահութեան պաշտօնէն հեռացնելը անարդար է:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր յայտնեց, որ իրենք իրենց յոյսը դրած են լիբանանեան բանակին վրայ` Քայի բարձունքները ազատագրելու համար:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին կարողութիւնները կ՛երաշխաւորեն, որ ան երկրին սահմաններուն վրայ կատարէ այն, ինչ որ իր հայեցողութեամբ յարմար կը գտնէ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր շեշտեց, որ Մարոնիներու լիկային մէջ բաժանումի հարց գոյութիւն չունի, եւ իրենք համախոհութեամբ կը զօրակցին լիբանանեան բանակին:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը ընդգծեց Արեւելքի մէջ քրիստոնէութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի շեշտեց, որ կառավարութիւնը պէտք է ճշդէ Քեսրուանի եւ Թրիփոլիի մէջ մասնակի երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու նոր թուական մը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆարիտ Հայքալ Խազեն շեշտեց, որ մասնակի երեսփոխանական ընտրութիւնները ժողովրդավարական իրաւունք են, եւ քաղաքական համախոհութեան կամ տարակարծութեան կարիք չունին:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ իրենք կը գտնուին այնպիսի կառավարութեան մը դիմաց, որ երկուութիւն կ՛ապրի:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ խախտեց Լիբանանի օդային սահմանները` թռիչքներ գործելով Արքուպի, Հասպայայի, Մազարեհ Շեպաայի, ինչպէս նաեւ արեւելեան եւ արեւմտեան Պեքաայի վերեւ:

ԿԱԹՈՂԻԿԷ վարժարաններու ընդհանուր քարտուղար հայր Պութրոս Ազար շեշտեց, որ կարգ մը դպրոցներ կրնան աշխատավարձի յաւելումներու օրէնքէն ազդուիլ եւ ըստ այնմ կրթաթոշակի յաւելումներ կատարել:

ԱՐՍԱԼԻ քաղաքապետ Պասել Հուժէյրի յայտնեց, որ իրենք սուրիացի տեղահանուածներուն վրայ ոչ մէկ ճնշում կը բանեցնեն` Սուրիա վերադառնալու իմաստով:

 

 

Նախորդը

Սուրիոյ Բանակը Իր Վերահսկողութեան Տակ Առաւ Սուէյտայի Ամբողջ Անապատը

Յաջորդը

Իրաքի Մէջ. Սարրաֆ Ապատիի Հետ Քննարկեց Փոխադարձ Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.