ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ պետական ձայնասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ ահաբեկչութեան ենթակայ Լիբանանի բարձունքներուն ազատագրումին յաջորդող ամիսներուն ընթացքին է, որ պիտի անդրադառնանք, թէ ի՛նչ վտանգներու սպառնալիքի տակ կը գտնուէինք:
Ան հաստատեց, որ ինք լաւատես է Լիբանանի թեւակոխելիք յաջորդ փուլին իմաստով:
«Լիբանանցիները պէտք է իրենք զիրենք պատրաստեն, որովհետեւ Լիբանանը լքողները պիտի զղջան, իսկ կատարեալ համեստութեամբ կը հաստատեմ, որ աւելին կրնանք կատարել», շեշտեց ան:
Յ. Բագրատունի նշեց, որ Լիբանան ներքին եւ շրջանային առումով զգայուն իրավիճակ մը կը դիմագրաւէ` լուսարձակի տակ առնելով անոր բարձունքներուն ազատագրումէն ետք Արսալի վայելած այսօրուան խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը: «Քաայի եւ Ռաս Պաալպեքի բարձունքները ազատագրելու որոշումը տրուած է եւ կարելի չէ զայն յետս կոչել, իսկ այդ որոշումին գործադրութիւնը բանակին պարտականութիւնն է», ընդգծեց ան:
Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ բանակին նկատմամբ քաղաքական զօրակցութիւնը սահմանադրութեամբ ճշդուած է` շեշտելով, որ բանակը Լիբանանի պաշտպանն է եւ անվտանգութեան վահանը: Ան դրուատեց լիբանանեան բանակին, Դիմադրութեան եւ ժողովուրդին զոհողութիւնները` Արսալի բարձունքները ազատագրելու իմաստով:
Անդրադառնալով Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտի կատարած այն յայտարարութիւններուն, թէ Լիբանանի բռնագրաւուած բարձունքները ազատագրելու նպատակով պէտք չէ սուրիական իշխանութիւններուն եւ Հըզպալլայի հետ գործակցիլ, Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ այդ կեցուածքին յստակ մեկնաբանութիւնը կը նշանակէ, թէ ամերիկացիները չեն փափաքիր լիբանանցիները հանգիստ տեսնել, չեն ուզեր, որ լիբանանեան բարձունքները ազատագրուին, ինչպէս նաեւ կը փափաքին, որ լիբանանեան սահմաններուն վրայ ահաբեկչութիւնը գոյատեւէ:
«Իսկ եթէ յայտարարութիւնը միամտութեամբ առնենք, ապա կրնանք զայն նկատել խօսքի սահմաններուն մէջ ըսուած արտայայտութիւն մը: Եթէ ամերիկացին
կը փափաքի լիբանանեան բանակը զօրաւոր տեսնել, ապա ան պէտք է աշխատի զինել զայն, ինչպէս նաեւ լիբանանեան պետութեան օժանդակէ, որ Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածները վերադառնան իրենց երկիրը: Սակայն հարցը սուրիացի տեղահանուածներուն եւ անոնց տունդարձի միջոցներուն` ապահով թէ անապահով, չի վերաբերիր, այլ ուղղակիօրէն առնչուած է շրջանին քարտէսներուն, իսկ Քաայի եւ Ռաս Պաալպեքի բարձունքներուն ազատագրումը պիտի խանգարէ այդ քարտէսները», ըսաւ ան:
Երեսփոխան Բագրատունի դրուատեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի այն արտայայտութիւնը, թէ իրենք մահուան երկրպագուներ չեն եւ թէ իրենց զաւակները մահուան չեն սիրահարած: «Մեր զաւակները ապագային պիտի հպարտանան Դիմադրութեան իրագործումներով, որովհետեւ Դիմադրութիւնը Լիբանանի համար, քրիստոնեային համար, իսլամին համար եւ լիբանանեան շրջաններուն համար զոհողութիւններ մատուցած է, իսկ իր յաղթանակը նուիրած Լիբանանին եւ անոր բանակին: Այս վեհանձնութիւնը կը մղէ, որ հպարտանանք Դիմադրութեամբ», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի անյարմար նկատեց Սուրիոյ հետ գործակցելու քաղաքականութեան մերժումը, եւ ողջունեց Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի դերակատարութիւնը` միաժամանակ հարց տալով, որ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանին ներկայութիւնն ու պաշտօնական բոլոր ձեռնարկներուն անոր մասնակցութիւնը ինչ կը նշանակեն: «Արդեօք Ապպաս Իպրահիմի դերակատարութեան մասին ցուցաբերուած համաձայնութիւնը կառավարութեան հաւանութիւնը չի նշանակե՞ր», հարց տուաւ ան:
Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ այս փուլին Լիբանան կը դիմագրաւէ շարք մը վտանգներ եւ կարելի չէ ձեւական բաներու դիմաց կանգ առնել, «թէեւ կարգ մը կեցուածքներ մնայուն կերպով պիտի հնչեն թուիթըրեան գրառումներու ընդմէջէն, սակայն հարցերը իրենց բնական ընթացքով պիտի շարունակուին», աւելցուց ան:
Վարչապետ Սաատ Հարիրիի կեցուածքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի այդ կեցուածքը նկատեց «բարդ»` միաժամանակ գնահատելով 2005-էն ետք իբրեւ վարչապետ անոր ցուցաբերած ճկունութիւնը:
Յ. Բագրատունի նշեց, որ կառավարութեան այսօրուան նիստին ընթացքին նշանակումներ պիտի չկատարուին, աւելցնելով, որ ներկայիս հրատապ հարցը ՏԱՀԵՇ-ի բռնագրաւած լիբանանեան բարձունքներուն ազատագրումն է:
Անդրադառնալով աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարին` Յ. Բագրատունի նշեց, որ անիկա իրաւատէրերուն, յատկապէս ուսուցիչներուն իրաւունքն է: Ան մաղթեց, որ դատաւորները կառավարութեան եւ խորհրդարանին առիթ ընծայեն լուծելու անոնց դիմագրաւած հարցերը, առանց գործադուլի եւ իրենց աշխատանքը պոյքոթի ենթարկելու քայլերը որդեգրելու:
«Աշխատավարձերու յաւելումին օրէնքը խորհրդարան վերադարձուելու պարագային, զայն վերատեսութեան ենթարկելու եւ դարձեալ վաւերացնելու հոլովոյթը երկար ժամանակ պիտի խլէ», ըսաւ Յ. Բագրատունի` նշելով, որ իր այս տեսակէտը չի միտիր քննադատել հանրապետութեան նախագահին կեցուածքը:
«Լիբանանի իշխանութեան աշխատանքը ընթացք առաւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութենէն եւ կառավարութեան կազմութենէն ետք: Ճիշդ է, որ պետութիւնը կը դիմագրաւէ շարք մը հարցեր, սակայն լաւ է, որ աշխատանքը շարունակուի` ապահովելու համար Լիբանանի շահերը», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ընտրական նոր օրէնքը կարելի եղած լաւագոյն տարբերակն էր: «Անիկա կը նմանի Լիբանանին, նկատի ունենալով ստեղծուելիք ընտրական դաշինքներու տակնուվրայ վիճակը` ապահովելու համար թեկնածուներուն շահերը», կատակեց ան:
Պատասխանելով դատախազ Շուքրի Սատերի հրաժարականին մասին հարցումի մը` Յ. Բագրատունի բաւարարուեցաւ դրուատելով անոր անկախութիւնը: