Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի:
Նախքան նիստին կայացումը, նախագահ Աուն եւ վարչապետ Հարիրի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը:
Կառավարութեան նիստին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին շղթայազերծած զինուորական գործողութիւնը իր զոյգ նպատակները իրագործած է` աւելցնելով, որ Արսալի դէպքերուն, այլ խօսքով` բանակայիններու առեւանգումին մանրամասնութիւնները քողազերծելու միտումով բացուելիք զինուորական հետաքննութիւնը ոեւէ անձնաւորութիւն թիրախ չի դարձներ:
Նախագահ Աուն ակնարկեց իսրայէլեան ուժերուն կողմէ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուող մնայուն յարձակումներուն` ընդգծելով, որ Լիբանան այս իմաստով պաշտօնապէս բողոքած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մօտ:
Նախագահ Աուն կառավարութեան ներկայացուց Միջազգային դրամական ֆոնտի պատասխանատուներուն հետ իր ունեցած հանդիպումին արդիւնքները` աւելցնելով, որ Միջազգային դրամական ֆոնտի պատուիրակութիւնը գնահատած է փտածութեան դէմ պայքարի իմաստով լիբանանեան պետութեան որդեգրած ծրագիրը:
Նախագահ Աուն ընդգծեց նաեւ, որ երկրին ապահովութիւնն ու կայունութիւնը կարեւոր զոյգ ազդակներ են զբօսաշրջութիւնը աշխուժ պահելու: Այս առումով, նախագահ Աուն կոչ ուղղեց գործադրելու օրէնքները եւ զբօսաշրջական հաստատութիւններուն պարագային ճշդելու սակերը:
Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց կրթութեան նախարարին շարունակելու իր խորհրդակցութիւնները` լուծելու համար դպրոցներու կրթաթոշակներուն եւ ուսուցիչներու ամսական աշխատավարձին վերաբերող հարցերը:
Իր կարգին, վարչապետ Սաատ Հարիրի ներկայացուց Ռուսիա կատարած իր պաշտօնական այցելութեան արդիւնքները` հաստատելով, որ Մոսկուա յանձնառու է տնտեսական, երկրագործական եւ զբօսաշրջական մարզերուն մէջ Լիբանանի հետ իր յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու:
Հարիրի շեշտեց, որ ռուսական կողմը խանդավառ է ուժանիւթի մարզին վերաբերող ներդրումներ կատարելու Լիբանանի մէջ` աւելցնելով, որ Մոսկուա քաջալերուած է նաեւ լիբանանեան բանակին օժանդակելու, եւ այս իմաստով բանակի հրամանատարութիւնը պիտի շարունակէ Ռուսիոյ հետ գործակցութիւնը` զինուորական օժանդակութեան եւ բանակի զինումին մանրամասնութիւններուն շուրջ համաձայնելու:
Հարիրի անդրադարձաւ լիբանանեան բանակին գործադրած «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան` հաստատելով, որ այդ գործողութիւնը կրցած է իր նպատակները գործադրել:
Հարիրի հպարտութիւն յայտնեց բանակին իրագործած յաղթանակին համար: Ան շեշտեց, որ կառավարութեան գործադրած միասնական գործելաոճը իրեն նկատմամբ վստահութիւն կը ներշնչէ, եւ այս առումով կոչ ուղղեց նախորդ տարիներուն տիրական դարձած քաղաքական տարակարծութիւններուն չվերադառնալու:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ կառավարութիւնը որոշեց ուժանիւթի նախարարութեան բարեփոխուած ծրագիրի նուազուրդը վերամեկնարկել, ինչպէս նաեւ կազմեց ընտրութիւնները կազմակերպող խորհուրդը` նախագահութեամբ դատաւոր Նատիմ Ապտել Մալաքի եւ անդամակցութեամբ 10 անդամներու, որոնք հետեւեալներն են. Նուհատ Ժապըր (փոխնախագահ), Աունի Ռամատան, Անտրէ Սապեր, Ժորժ Մորանի, Ֆիլիփ Ապի Աքըլ, Մուաֆֆաք Եաֆի, Աթալլա Ղաշշամ, Սիլվանա Լաքքիս, Քարին Ժահժահ եւ Արտա Էքմեքճի:
Ռիաշի յայտնեց, որ կառավարութիւնը որոշած է արտակարգ նիստ մը գումարել կիրակի, 17 սեպտեմբերի երեկոյեան` շարունակելու համար իր երէկուան օրակարգին քննարկումը:
Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք մեկնումի պահուն յայտնեց, որ մասնակի երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացման հարցը չէ քննարկուած` նկատի ունենալով նիստին ժամանակը:
ՆՇԵՆՔ, որ նախագահ Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի հետ:


