Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Հանդիպումներ  Ունեցաւ Մաուրերի Եւ Ապուլ Ղէյթի Հետ

Նախագահ Աուն Հանդիպումներ Ունեցաւ Մաուրերի Եւ Ապուլ Ղէյթի Հետ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Նիւ Եորքի մէջ ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ, որոնց կարգին Միջազգային Կարմիր Խաչի նախագահ Փիթըր Մաուրերի եւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթի հետ: Մաուրերի հետ տեսակցութեան ընթացքին քննարկուեցաւ Միջազգային Կարմիր Խաչի գործունէութիւնը ընդհանրապէս եւ Լիբանանի մէջ` մասնաւորաբար: Մաուրեր անդրադարձաւ նաեւ սուրիացի տեղահանուածներուն տրամադրուած օժանդակութիւններուն: Այս շրջագիծին մէջ Մաուրեր շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանին, որ մեծ թիւով...

Հիուսթընի Մէջ.  «Խորհրդարանի Պաշտօնավարութեան  Յառաջաձգումը Կը Հարուածէ Ընտրական  Բարեկարգումներու Կարելիութիւնը»   Շեշտեց Պասիլ

Հիուսթընի Մէջ. «Խորհրդարանի Պաշտօնավարութեան Յառաջաձգումը Կը Հարուածէ Ընտրական Բարեկարգումներու Կարելիութիւնը» Շեշտեց Պասիլ

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ Հիուսթընի մէջ արտերկրի լիբանանցիներուն հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան կ՛ենթարկուի յուսալքումի` աւելցնելով, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկու անգամ երկարաձգուած է, առանց պատճառի: «Մենք կը մերժենք երկարաձգումը եւ վերջին անգամ, որ անոր համաձայն գտնուեցանք, այդ ալ ընտրական օրէնքին մէջ որոշ բարեկարգումներ իրականացնելու նպատակով էր», ըսաւ ան: Պասիլ յայտնեց, որ ոմանք...

Ռաատ. «Դիմադրութիւնը Չի Փոխարիներ  Անակը Այլ Նեցուկ Կը Կանգնի Անոր»

Ռաատ. «Դիմադրութիւնը Չի Փոխարիներ Անակը Այլ Նեցուկ Կը Կանգնի Անոր»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ երէկ յայտնեց, որ «Բարձունքներու արշալոյսը» եւ «Ուային օտթոմ օտնա» գործողութիւններուն արձանագրած յաջողութիւնը բոլոր կասկածողներուն փաստեց, որ Լիբանան ունի ազգային դիմադրողականութիւն մը, որ կը մարմնաւորուի Բանակ, Ժողովուրդ, Դիմադրութիւն եռեակ տարազով: Ռաատ յայտնեց, որ այս տարազին շնորհիւ է, որ Լիբանան յաղթանակ արձանագրեց: «Ո՛վ որ կ՛ուզէ այդ տարազը ձախողեցնել, ուրեմն կը փափաքի անոր դիմադրողականութիւնը հարուածել...

Միշել Սլէյման. «Լիբանան Պիտի Չբարգաւաճի,  Եթէ Զէնք Կրելու Իրաւասութիւնը Միայն  Լիբանանեան Պետութեան Սեփականութիւնը Չդառնայ»

Միշել Սլէյման. «Լիբանան Պիտի Չբարգաւաճի, Եթէ Զէնք Կրելու Իրաւասութիւնը Միայն Լիբանանեան Պետութեան Սեփականութիւնը Չդառնայ»

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Տիմանի մէջ ընդունեց հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Սլէյման ընդգծեց Լիբանանը շրջանային իրադարձութիւններէն զանց կացուցելու անհրաժեշտութիւնը, նկատի ունենալով այդ տագնապին համայնքային բնոյթը: Սլէյման հաստատեց Լիբանանը չէզոք պահելու քաղաքականութեան ճշգրտութիւնը` շեշտելով պաշտպանութեան ռազմավարութիւն մը մշակելու կարեւորութիւնը: Ան հաստատեց, որ Լիբանան պիտի չբարգաւաճի, եթէ զէնք կրելու իրաւասութիւնը միայն...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանանի նահանգապետ, դատախազ Ռամզի Նոհրա ողջունեց նախարարաց խորհուրդի նիստերը երկրին տարբեր շրջաններուն մէջ գումարելու որոշումը, որուն շուրջ համաձայնած էին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի: Ան հաստատեց, որ Թրիփոլիի սերայը պատրաստ է հինգշաբթի, 28 սեպտեմբեր 2017-ին կառավարութեան նիստը հիւրընկալելու: ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ Մսայթպէի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ...

Խորհրդարանը Այսօր Կը Սկսի Գումարել  Օրէնսդրական Նիստերը, Իսկ Նախագահ Աուն  Կը Մասնակցի ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին

Խորհրդարանը Այսօր Կը Սկսի Գումարել Օրէնսդրական Նիստերը, Իսկ Նախագահ Աուն Կը Մասնակցի ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին

Խորհրդարանի պաշտօնավարութեան նստաշրջանը յառաջաձգելու եւ կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու կոչերէն ետք, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այսօր կը նախագահէ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին: Միւս կողմէ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ հասաւ Նիւ Եորք, ուր Լիբանանը պիտի ներկայացնէ ՄԱԿ-ի 72-րդ ընդհանուր ժողովին: Նախագահ Աունին ընկերակցեցաւ հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Փիեռ Ռաֆֆուլ, վարչական պատասխանատուներ եւ լրագրողներ: Լիբանանի պատուիրակութեան պիտի միանայ նաեւ արտաքին...

Պըրրի Կ՛առաջարկէ Խորհրդարանի  Պաշտօնավարութեան Նստաշրջանը Յառաջաձգել`  Զայն Աւարտելով Տարեվերջին

Պըրրի Կ՛առաջարկէ Խորհրդարանի Պաշտօնավարութեան Նստաշրջանը Յառաջաձգել` Զայն Աւարտելով Տարեվերջին

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի նիստին, որուն աւարտին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, թէ պլոքը անհրաժեշտ կը նկատէ ընտրութիւններուն մասնակցող քաղաքացիներու անուններուն արձանագրութիւնը` նկատի ունենալով, որ այդ հոլովոյթը պիտի դիւրացնէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կազմակերպումը: «Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքը համաձայն է երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու կենսաչափական անձնաթուղթին հիման վրայ եւ կարեւոր կը նկատէ այդ դրութիւնը: Սակայն...

Լիբանանեան Կուսակցութիւններու Համախմբումը  Ընտրեց Իր Նոր Վարչութիւնն Ու Դիւանը,  Որուն Մաս Կը Կազմէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը

Լիբանանեան Կուսակցութիւններու Համախմբումը Ընտրեց Իր Նոր Վարչութիւնն Ու Դիւանը, Որուն Մաս Կը Կազմէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը

Աւելի քան 30 կուսակցութիւններէ, հոսանքներէ ու շարժումներէ բաղկացող Լիբանանեան կուսակցութիւններու եւ քաղաքական ուժերու համախմբումը, որուն մաս կը կազմէ ՀՅԴ-ն, երէկ ընտրեց իր նոր վարչութիւնն ու դիւանը: Լիբանանեան կուսակցութիւններու եւ քաղաքական ուժերու համախմբումի նորընտիր վարչութեան դիւանի անդամներն են. ատենապետ` Մոհամետ Խաուեժա (Ամալ շարժում), փոխատենապետ` Պարոյր Տէր Ղուսկասեան (ՀՅ Դաշնակցութիւն) եւ քարտուղար` Ալի Տահեր (Հըզպալլա): Լիբանանեան կուսակցութիւններու եւ քաղաքական ուժերու համախմբումին վարչութեան...

Սահմանադրական Խորհուրդը Որոշեց Կասեցնել  Տուրքերու Օրէնքին Գործադրութիւնը` Քննարկելու Համար  Այդ Մասին Ներկայացուած Վիճարկումը

Սահմանադրական Խորհուրդը Իր Յաջորդ Նիստը Պիտի Գումարէ 20 Սեպտեմբերին

Սահմանադրական խորհուրդը երէկ գումարեց նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկեց տուրքերու օրէնքին մասին Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի ներկայացուցած վիճարկումը: Նիստին նախագահեց Սահմանադրական խորհուրդի նախագահ դատաւոր Իսամ Սլէյման: Սահմանադրական խորհուրդը իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ վաղը` չորեքշաբթի, 20 սեպտեմբեր 2017-ին, տուրքերու օրէնքի վիճարկումին մասին իր վերջնական որոշումը տալու նպատակով:

Հասան Ֆատլալլա. «Ոչ Մէկ Դեսպանատուն  Իրաւունք Ունի Մեր Ներքին  Ապահովութեան Միջամուխ Դառնալու»

Հասան Ֆատլալլա. «Ոչ Մէկ Դեսպանատուն Իրաւունք Ունի Մեր Ներքին Ապահովութեան Միջամուխ Դառնալու»

Տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցներու հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա երէկ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ գործող օտար որեւէ դեսպանատուն իրաւունք չունի ներքին լիբանանեան ապահովական կայունութեան միջամուխ դառնալու: Ֆատլալլա հաստատեց, որ քանի մը օր առաջ այդ դեսպանատուներուն կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները դիւանագիտական կանոններու խախտում կը նկատուին: «Տեղեկատուութեան մարզը իր ազատութեամբ եւ բազմազանութեամբ պէտք է անդրադառնայ այս երեւոյթին եւ դատապարտէ զայն»,...

Քանատայի Եւ Միացեալ Նահանգներու Մէջ .  Պասիլ Հանդիպումներ Կ՛ունենայ Արտերկրի  Լիբանանցիներու Ներկայացուցիչներուն Հետ

Քանատայի Եւ Միացեալ Նահանգներու Մէջ . Պասիլ Հանդիպումներ Կ՛ունենայ Արտերկրի Լիբանանցիներու Ներկայացուցիչներուն Հետ

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ անցեալ շաբաթավերջին մեկնեցաւ Քանատա եւ ապա Միացեալ Նահանգներ, ուր հանդիպումներ ունեցաւ արտերկրի լիբանանցիներու ներկայացուցիչներուն հետ: Մոնրէալի մէջ Պասիլ կոչ ուղղեց արտերկրի լիբանանցիներուն իրենց անունները արձանագրելու եւ ընտրելու իրենց ներկայացուցիչները` Լիբանանի խորհրդարանին մէջ: Ան կոչ ուղղեց բոլորին մասնակցելու Լիբանանի ճակատագիրը որոշելու առաքելութեան: Ան շեշտեց, որ արտերկրի լիբանանցիին առաջին անգամ ըլլալով առիթ տրուած...

Մինչեւ Ե՛րբ Քարկոծել Եզակի Այս Կառոյցը (Լիբանանեան Բանակի 70-Ամեակ)

Բանակը Ձերբակալեց Պահանջուածներ Եւ Գրաւեց Զէնքեր

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակը խուժած է Արեւմտեան Պեքաայի Քամետ Լաուզ շրջանին մէջ գտնուող առանձնատուն մը, ուր գրաւած է մեծաքանակ զէնք եւ զինամթերք: Լապուէի մէջ կատարած այլ խուժումի մը ընթացքին բանակը ձերբակալած է պահանջուածներ Հասան Մեհտի Իթաուին Ալի Մեհտի Իթաուին, Մեհտի Հիւսէյն Իթաուին եւ Արաֆաթ Ապտալլա Պալլութը: Լապուէի մէջ եւս բանակը գրաւած է...

Սամի Ժեմայէլ. «Կը Մերժենք Մասնակի  Երեսփոխանական  Ընտրութիւնները Չեղեալ Նկատել»

Սամի Ժեմայէլ. «Կը Մերժենք Մասնակի Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Չեղեալ Նկատել»

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ շեշտեց, որ Քեսրուանի եւ Թրիփոլիի բնակիչներուն իրաւունքն է մասնակցիլ Լիբանանի ճակատագիրը ճշդող որոշումներուն: «Այս համոզումէն մեկնելով` կը մերժենք մասնակի երեսփոխանական ընտրութիւնները չեղեալ նկատել», շեշտեց Ժեմայէլ: Ան ցաւ յայտնեց, որ երկրին մէջ ստեղծուած է նաեւ այլ շարժում մը, որ մասնակի երեսփոխանական ընտրութիւնները շրջանցելով կ՛անցնի նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգելու փուլին: Այս շրջագիծին մէջ Ժեմայէլ քննադատեց նաեւ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի երէկ այցելեց Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Ալի պըն Համատ Մըրիի, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ փոխադարձ գործակցութիւնը աշխուժացնելու հեռանկարները, յատկապէս առողջապահութեան եւ դեղօրայքի մարզին մէջ: ԾՐԱԳՐԱՒՈՐՈՒՄԻ պետական նախարար Միշել Ֆարաոն յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները կազմակերպող խորհուրդին կազմութիւնը կը փաստէ, թէ այդ ընտրութիւնները կատարելու լրջութիւնը առկայ է: ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի յայտնեց,...

Կառավարութիւնը Համաձայն Գտնուեցաւ  Կենսաչափական Անձնաթուղթին Եւ Արտերկրի  Լիբանանցիներուն Ելեկտրոնային Քուէարկութեան

Կառավարութիւնը Համաձայն Գտնուեցաւ Կենսաչափական Անձնաթուղթին Եւ Արտերկրի Լիբանանցիներուն Ելեկտրոնային Քուէարկութեան

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան ժամը 6:30-ին վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ 38 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը: Նիստը աւարտեցաւ ժամը 9:30-ին: Տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի շեշտեց, որ կառավարութիւնը նիստը գումարած է ներկայութեամբ 21 նախարարի: Նիստին ընթացքին կառավարութիւնը համաձայն գտնուած է կենսաչափական անձնաթուղթին, որ պիտի օգտագործուի նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն քուէարկելու: Ռիաշի նշեց, որ նախարարաց խորհուրդը համաձայն գտնուած է...

Լիբանանեան Բանակը Ձերբակալեց  Տասնեակ Մը Սուրիացիներ

Բանակը Կը Հաստատէ Լիբանանի Ապահովական Կայունութիւնը Եւ Կոչ Կ՛ուղղէ Տարաձայնութիւններով Չտարուելու

Լիբանանեան բանակը շաբաթավերջին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ ընկերային ցանցերու ընդմէջէն կը տարածուին տարաձայնութիւններ, թէ երկրին մէջ պիտի արձանագրուին ապահովական վտանգներ, այլ խօսքով` պիտի կատարուին ահաբեկչական հաւանական գործողութիւններ, որոնք կրնան թիրախ դարձնել առեւտրական, զբօսաշրջական եւ բնակարանային համալիրներ: «Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը կը հաստատէ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը: Բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը միշտ կը կատարէ ահաբեկիչներու ձերբակալման կանխարգելիչ գործողութիւններ` կազմաքանդելով ահաբեկչական բջիջներ,...

Զօր. Աուն Պարգեւատրեց «Բարձունքներու  Արշալոյսը» Գործողութեան  Մասնակցած Բանակի Զօրամասերը

Զօր. Աուն Պարգեւատրեց «Բարձունքներու Արշալոյսը» Գործողութեան Մասնակցած Բանակի Զօրամասերը

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն շաբաթ առաւօտեան բանակի Ռայաքի խարիսխին մէջ նախագահեց «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան մասնակցած բանակի զօրամասերը պարգեւատրելու յատուկ ձեռնարկին: Ներկայ գտնուեցան բանակի սպայակոյտի պետ հազարապետ-զօրավար Հաթեմ Մալլաք, հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Մայքըլ Պերի, տարբեր դեսպանատուներու զինուորական կցորդներ, Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքներուն վրայ նահատակուած բանակայիններուն ընտանիքները, «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան ընթացքին վիրաւորուած...

Ժոմպլաթ. «Աշխատավարձի Յաւելումներուն  Իմաստով Լուրջ Հարցեր Պիտի Դիմագրաւենք»

Ժոմպլաթ. «Աշխատավարձի Յաւելումներուն Իմաստով Լուրջ Հարցեր Պիտի Դիմագրաւենք»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ` ներկայութեամբ իր զաւկին` Թայմուր Ժոմպլաթի եւ երեսփոխաններ Աքրամ Շեհայէպի ու Նաամէ Թոհմէի, շաբաթավերջին Մուխթարայի մէջ ընդունեց Քֆարմաթթայի ժողովրդային պատուիրակութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին Ժոմպլաթ յայտնեց, որ խորհրդարանին վաւերացուցած աշխատավարձի յաւելումները, որոնք մէկ միլիառ տոլարի սահմանները չեն անցնիր, կարելի պիտի չըլլայ ապահովել` նկատի ունենալով երկրին մէջ տիրող մսխումներու ու փտածութեան երեւոյթները: «Հետեւաբար աշխատավարձի յաւելումներուն իմաստով լուրջ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններէն վեց ամիս առաջ մասնակի երեսփոխանական ընտրութիւն կատարելը պայման չէ, սակայն եթէ ներքին գործոց նախարարութիւնը մասնակի երեսփոխանական ընտրութեան հրաւիրէ, ապա այդ ընտրութիւնը թող կատարուի: ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Ղազի Զաայթեր հաստատեց, որ հաւասարակշռուած բարգաւաճումը լիբանանեան պետութեան կայունութիւնը ապահովող հիմնական անհրաժեշտութիւն է եւ միջոց: ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Այուպ Հըմայէտ շեշտեց, որ կառավարութիւնը ամէն...

Մինչ Ապահովական Կառոյցները  Կը Ձերբակալեն Ահաբեկիչները, Օտար Դեսպանատուները  Կը Զգուշացնեն Իրենց Քաղաքացիները

Մինչ Ապահովական Կառոյցները Կը Ձերբակալեն Ահաբեկիչները, Օտար Դեսպանատուները Կը Զգուշացնեն Իրենց Քաղաքացիները

Անցնող 48 ժամուան ընթացքին քանատական, ամերիկեան, բրիտանական եւ ֆրանսական դեսպանատուները ահաբեկչական հաւանական գործողութենէ մը զգուշացուցին Լիբանանի մէջ ապրող իրենց քաղաքացիները: Այսպէս, շրջանառութեան մէջ մտան լուրեր, թէ Քազինօ տիւ Լիպանը ահաբեկչական գործողութեան թիրախ է: Քազինօ տիւ Լիպանի տնօրէնութիւնը պատասխանելով այդ տարաձայնութիւններուն հաստատեց, որ հաստատութիւնը ամէնէն ապահով շրջաններէն մէկուն մէջ կը գտնուի` աւելցնելով, որ Քազինոյին մօտակայքը կան բանակի անցարգելներ, ինչպէս նաեւ Քազինոյին...

Page 706 of 987 1 … 705 706 707 … 987

Արխիւներ