Հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ շրջանին մէջ անցնող 19 տարիներուն ընթացքին ամէնէն կարեւոր եւ ընդարձակ ռազմափորձերը կատարելէ ետք, իսրայէլեան գոյացութիւնը աշխուժացուց լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ իր գործած ոտնձգութիւնները, որոնք հիմնականին մէջ գործադրուեցան լիբանանեան օդային տարածքին խզումով:
Իսրայէլի նախագահ Ռուվին Ռիվլին շեշտեց, թէ քաղաքացիներուն ապահովութիւնը վտանգող զէնքերը, որոնք Հըզպալլայի մօտ կը գտնուին, Իսրայէլէն պատասխան մը կ՛ենթադրեն:
«Հըզպալլա շրջանի բնակչութեան վտանգ կը սպառնայ եւ միշտ կը խզէ Ապահովութեան խորհուրդի որոշումները», ըսաւ ան:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը կը գրէ, թէ Իսրայէլի համար մտահոգիչ է, որ Հըզպալլա կարողութիւն ունի ներխուժելու եւ գրաւելու Ստիրոթ եւ Քըրիաթ Շմոնա շրջանները:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ իսրայէլեան թռիչքներն ու Սայտայի վերեւ ձայնի պատը խզելու իսրայէլեան օդուժին արարքը մեզի հասցէագրուած ուղղակի պատգամներ են:
Իր կարգին, Լիբանանի մէջ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէիի ներկայացուցիչ շէյխ Մոհամետ Եազպեք յայտնեց, որ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան ոտնձգութիւններն ու կեղծ յարձակումները իրաւունքը որոնող աչքերէն ու հայեացքներէն չեն վրիպիր:
Շէյխ Եազպեք շեշտեց, որ պայքարը պիտի շարունակուի մինչեւ յաղթանակ` աւելցնելով, որ այնքան ատեն որ իրենք իրաւունք ունեցող կողմն են, ապա յաղթանակը իրենցն է:
Շէյխ Եազպեք հաստատեց, որ իսրայէլեան բոլոր ռազմափորձերն ալ թշնամիին համար օգտակար պիտի չըլլան, որովհետեւ եթէ անոնք անխոհեմ քայլի մը նախաձեռնեն եւ Լիբանանի դէմ պատերազմ շղթայազերծեն, ապա Դիմադրութեան մարտիկները պիտի հասնին Գալիլիա եւ հոն զետեղեն դեղին դրօշներ, զորս հանելը գրեթէ անկարելի պիտի ըլլայ:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ սահմանագօտիին վրայ Իսրայէլի նախաձեռնած ընդարձակ ռազմափորձը ցոյց կու տայ, թէ թշնամի Իսրայէլը պատերազմի պատրաստ չէ:
Ռաատ շեշտեց, որ հակառակ իր բոլոր ռազմափորձերուն, թշնամի Իսրայէլը խիստ պարտութիւն պիտի կրէ, եթէ ան Լիբանանի դէմ պատերազմ մը բռնկեցնէ:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուի շեշտեց, որ Հըզպալլա միշտ ալ կազմ ու պատրաստ վիճակի մէջ է եւ իր աշխատանքները կը շարունակէ արգիլելու համար Իսրայէլը` Լիբանանի դէմ բռնարարքներ սանձազերծելէ:
Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Պեզզի յայտնեց, որ Իսրայէլ պիտի չյանդգնի Լիբանանի դէմ պատերազմ սանձազերծել` նկատի ունենալով «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» տարազը, որուն նկատմամբ վստահութիւնը փաստուած է:


