Շէյխ Մուսթաֆա Հուժէյրի, որ ծանօթ է Ապու Թաքիէ կեղծանունով, արդէն իսկ վերածուած է թիւ 1 պահանջուածի:
7 սեպտեմբեր 2017-էն ի վեր լիբանանեան բանակը Արսալի մէջ շրջափակած է Ապու Թաքիէի բնակարանը, ինչպէս նաեւ շրջանին մզկիթը, ուր ան հաւանաբար պահուըտած է` քաջ գիտնալով, որ բանակը մզկիթ պիտի չխուժէ:
Ապու Թաքիէի զաւկին խոստովանութիւններուն հիման վրայ աւելի եւս հաստատուեցաւ անոր մեղսակցութիւնը հիմնական 6 թղթածրարներու: Վեց հարցերէն երեքը ահաբեկչութեան վերաբերող հարցեր են. անոնցմէ առաջինը ուղղակիօրէն կապ ունի Արսալի մէջ 2014-ին արձանագրուած դէպքերուն, որոնց լոյսին տակ բանակայինները առեւանգուած էին, երկրորդը առնչուած է 2013-ին բանակայիններ Փիեռ Պաշաալանիի եւ Իպրահիմ Զահրամանի նահատակութեան, երրորդը` զէնքի մաքսանենգումի:
Նշենք, որ Ապու Թաքիէ ոչ մէկ անգամ ներկայացած է Զինուորական ատեան եւ ան ոչ մէկ անգամ հարցաքննուած է:
Բայց եւ այնպէս անոր զաւակը` Պարրա Մուսթաֆա Հուժէյրի հաստատած է, որ իր հայրը 2012-ին անդամակցած է Ժապհաթ Նուսրային եւ Արսալի մէջ հիմնած զինեալ խմբաւորում մը, որուն անդամակցած են լիբանանցիներ եւ սուրիացիներ, որոնց շարքին նաեւ իր զաւակները` ինք եւ եղբայրը` Օպատա:
Պարրա ընդգծած է, որ իր հօր կազմած խմբաւորումը հրահանգներ կը ստանար Արսալի բարձունքները բռնագրաւած Ժապհաթ Նուսրայի էմիր Ապու Մալեք Թալլիէն եւ կը գործակցէր անոր հետ:
Ան նշեց, որ Ապու Թաքիէ իր խմբաւորումին հետ կազմակերպած է շարք մը ահաբեկչական գործողութիւններ, որոնց շարքին են Փիեռ Պաշաալանիի եւ Իպրահիմ Զահրամանի սպանութիւնը:
Պարրա կը հաստատէ, որ իր հայրը անձամբ զէնք բաժնած է իր խմբաւորումին անդամներուն եւ հրահանգած անոնց յարձակելու բանակի շրջուն ջոկատին վրայ:
«Հայրս մասնակցած է նաեւ բանակայիններու առեւանգումին եւ պատասխանատուութիւն ստանձնած Ժապհաթ Նուսրայի կեդրոններէն ականուած ինքնաշարժները փոխադրելու դէպի Արսալ եւ ապա այն շրջանները, որոնք ճշդուած էին իբրեւ ահաբեկչութեան թիրախներ: Ան կը պատրաստէր նաեւ մահապարտներ, ինչպէս նաեւ ականուած գօտիներ», ըսաւ ան:
Պարրա աւելցուց, որ Ապու Թաքիէ պատրաստած է այն մահապարտները, որոնք Նապի Օսմանի, Իրանի դեսպանատան եւ Հերմելի բանակի անցարգելին մօտ կատարած են անձնասպանական գործողութիւնները:
Ան նշեց, որ ինք եւ եղբայրը` Օպատա Հուժէյրի, Արսալի բարձունքներուն վրայ Ժապհաթ Նուսրայի մարզումներ կատարած են` իրենց հօր ցուցմունքներով: Պարրա յայտնեց նաեւ, որ իրենք Ժապհաթ Նուսրայի անդամներուն ապահոված են զէնք, զինամթերք, մոթորսիքլեթ եւ պայթուցիկ նիւթեր:
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հաղորդեց, որ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը երէկ խուժած է Ուատի Հոսընի մէջ գտնուող Ապու Թաքիէի ճարտարարուեստի մէկ գործարանը` զինք ձերբակալելու նպատակով, սակայն Ապու Թաքիէ հոն չէ եղած:
Բանակը գրաւած է գործարանին մէջ գտնուող զէնքն ու զինամթերքը:
ԱՐՍԱԼԻ քաղաքապետ Պասել Հուժէյրի շեշտեց, որ ըստ երեւոյթին, Արսալի նախկին քաղաքապետ Ալի Հուժէյրիի (Ապու Աժինէ) հետաքննութիւնը բանակայիններուն առեւանգումին հետ կապուած չէ: Ան շեշտեց, որ յայտնի չէ, թէ շէյխ Մուսթաֆա Հուժէյրի Արսալի մէջ կը գտնուի՞, թէ՞ ոչ` աւելցնելով, որ Արսալի բնակիչները կը գործակցին բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն հետ:
Պասել Հուժէյրի ընդգծեց լիբանանեան ապահովութեան ուժերուն կողմէ բոլոր շրջաններուն մէջ յանցագործներու ձերբակալութեան կարեւորութիւնը, որպէսզի լիբանանեան պետութեան նկատմամբ վստահութիւնը չխախտի:


