Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանակին Նուիրուած Յաղթանակի Փառատօնը Առկախուեցաւ

Սեպտեմբեր 13, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ յետմիջօրէին պաշտպանութեան եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւններուն կողմէ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատուեցաւ, որ բանակին նուիրուած յաղթանակի փառատօնը, որ տեղի պիտի ունենար վաղը, առկախուած է, զուտ գումակային պատճառներով:

Միւս կողմէ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանը եւ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Նատա Սարտուքը` ընկերակցութեամբ զբօսաշրջութեան մարզին մաս կազմող հաստատութիւններու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան անձնակազմը ներկայացնող պատուիրակութեան:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ Լիբանանի զբօսաշրջութեան մարզին ներկայացուցած իրավիճակը, կատարուեցաւ ընդհանուր արժեւորում, ինչպէս նաեւ ներկայացուեցան շարք մը առաջարկներ, որոնք կը վերաբերին զբօսաշրջութեան մարզին բարգաւաճման:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ զբօսաշրջութեան մարզը բարգաւաճեցնելու նպատակով կարեւոր աշխատանք կը կատարուի, յատկապէս «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան տրամադրած ճամբորդական տոմսերը աժանցնելու իմաստով:

Ան աւելցուց, որ ինք խոստացած է զբօսաշրջական բեղուն եղանակ մը ապահովել եւ յարգած իր խոստումը` ապահովելով երկրին կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ սրբագրելով արաբական երկիրներուն հետ Լիբանանի յարաբերութիւններուն ընթացքը:

Նախագահ Աուն ընդգծեց զբօսաշրջիկներուն հանգիստ ապահովելու անհրաժեշտութիւնը, որ կարելի է երաշխաւորել ծառայութիւններ մատուցող հաստատութիւններուն աշխատանքը բարելաւելով, ինչպէս նաեւ Պէյրութի միջազգային օդակայանը ընդարձակելով:

Նախագահ Աուն անհրաժեշտ նկատեց ձմեռնային զբօսաշրջութիւնը բարելաւելը:

Իր կարգին, նախարար Կիտանեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին` զիրենք դիմաւորելու եւ կարճ ժամանակի ընթացքին երկրին ապահովական կայունութիւն ապահովելուն համար:

Ան նշեց, որ Լիբանանի կայունութիւնը կը պարտին նախագահ Աունի իմաստութեան եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի տնօրինումներուն: «Լիբանանի ապահովական ու քաղաքական կայունութեան շնորհիւ Լիբանան այցելող զբօսաշրջիկներուն համեմատութիւնը բարձրացաւ 13 առ հարիւրով: Զբօսաշրջիկներուն թիւը հասաւ աւելի քան մէկ միլիոն երեք հարիւր հազարի եւ կ՛ակնկալուի, որ մինչեւ տարեվերջ անոնց թիւը բոլորէ երկու միլիոնը», ըսաւ Ա. Կիտանեան:

Ան նշեց, որ նախագահ Աունի կողմէ Ծոցի երկիրներ կատարած այցելութիւններուն շնորհիւ կարելի եղած է Սէուտական Արաբիայէն եւ Քուէյթէն եկող զբօսաշրջիկներուն թիւը բարձրացնել` բաղդատած անցեալ տարուան:

Ծոցի երկիրներէն Լիբանան եկող զբօսաշրջիկներուն համեմատութիւնը 2017-ի առաջին ութ ամիսներուն ընթացքին շրջանցած է հարիւր առ հարիւրը, իսկ Եւրոպայէն հասած զբօսաշրջիկներուն թիւը արձանագրած է 35 առ հարիւրի աճ մը, որուն կը յաջորդեն Միացեալ Նահանգներէն եւ Պրազիլէն Լիբանան եկած զբօսաշրջիկներուն համեմատութիւնը:

Աւետիս Կիտանեան շեշտեց, որ պանդոկներու ապահովումին համեմատութիւնը եւս աճ արձանագրած է: «Անոնց կողքին աշխուժ գործունէութիւն ունեցած են նաեւ ճաշարանները, վարձու ինքնաշարժներ ապահովող ընկերութիւնները, ինչպէս նաեւ վարձու բնակարաններու դրութիւնը առաջին անգամ ըլլալով աճ արձանագրած է», ըսաւ ան:

Նախարար Կիտանեան հաստատեց, որ այս բոլոր թիւերը իրականացած են նախքան «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութիւնը: «Այսօր Լիբանան ահաբեկչութենէ մաքրագործուած երկիր է, անոր սահմանները ազատագրուած են, եւ այս բոլորին շնորհիւ զբօսաշրջիկներուն թիւը պիտի աւելնայ: Այս առիթով մենք շնորհակալութիւն կը յայտնենք լիբանանեան բանակին եւ կը խոնարհինք նահատակ բանակայիններու յիշատակին, ե՛ւ անոնց, որոնք առեւանգուեցան ու աւելի ուշ նահատակուեցան, ե՛ւ անոնց, որոնք Լիբանանի բարձունքները ազատագրելու ճակատամարտին ընթացքին նահատակուեցան», շեշտեց ան:

Նախարար Կիտանեան հաստատեց, որ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը զբօսաշրջական մարզի սենտիքաներուն եւ հաստատութիւններուն հետ ուղղակի գործակցութեան ոճով կ՛աշխատի, ինչպէս նաեւ կը միտի զբօսաշրջութեան մարզը աշխուժ պահել տարուան բոլոր ամիսներուն ընթացքին եւ ոչ միայն երեք կամ չորս ամսուան համար:

«Զբօսաշրջութեան մարզը կը գտնուի նոր փուլի մը դիմաց, որուն ընթացքին կրնանք հաստատել, որ զբօսաշրջութեան մարզը կրնայ հանդիսանալ երկրին տնտեսական կեանքը աշխուժացնող ազդակը: Զբօսաշրջութեան մարզը նաեւ հիմնական գործընկեր է ներդրումներ ապահովելու իմաստով: Այս աշխատանքը պիտի կատարուի Լիբանանը վերադարձնելու համար աշխարհի զբօսաշրջութեան քարտէսին վրայ, ինչպէս նաեւ Լիբանանը դարձեալ վերածելու Արեւելքի փարոսին», եզրափակեց նախարար Կիտանեան:

Միւս կողմէ, նախքան յաղթանակի փառատօնի առկախումին որոշումը, Ա. Կիտանեան երէկ «Վանայ ձայն»-ի «Քըլ եաում պեաումու» յայտագիրին եւ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի հայերէն լրատուութեան ընդմէջէն կոչ ուղղեց բոլորին մասնակցելու յաղթանակի փառատօնին` տօնելու ահաբեկչութեան դէմ բանակին արձանագրած յաղթանակը, ինչպէս նաեւ յարգանքի տուրք մատուցելու թէ՛ այդ ճակատամարտին եւ թէ՛ առեւանգուած բանակայիններուն յիշատակը պանծացնելու առիթով:

Ա. Կիտանեան յայտնած էր, որ այդ փառատօնին ներկայ պիտի գտնուին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի, ինչպէս նաեւ պետական անձնաւորութիւններ եւ ժողովուրդը:

Ան նշեց, որ փառատօնին ընթացքին խօսքեր պիտի արտասանեն իշխանութեան երեք պետերը, եւ պիտի գործադրուի գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն շրջագիծին մէջ լիբանանցի երգիչներ ազգային երգերու մեկնաբանութեամբ իսկական ցնծութիւն պիտի բերեն լիբանանցի ժողովուրդին:

«Մերօրեայ պատմութեան մէջ արձանագրուած այս յաղթանակը լիբանանցի ժողովուրդին համար շատ կարեւոր է եւ մեծ նշանակութիւն ունի: Հետեւաբար իւրաքանչիւր լիբանանցի պէտք է պարծանք զգայ իր բանակին նկատմամբ եւ ներկայ գտնուի յաղթանակի այս փառատօնին` արտայայտելու համար իր երախտագիտութիւնը», ըսաւ ան:

Նախարար Կիտանեան կոչ ուղղեց լիբանանահայութեան խիտ շարքերով ներկայ գտնուելու փառատօնին` զօրակցութիւն յայտնելու բանակին եւ առաջին անգամ ըլլալով իշխանութեան երեք պետերուն ներկայութեան տօնելու նմանօրինակ իրագործում:

Պատասխանելով կառավարութեան քայքայումի հաւանականութեան վերաբերող լիբանանեան տարբեր լրատուամիջոցներուն եւ մամուլին կատարած ակնարկութիւններուն մասին հարցումի մը` նախարար Կիտանեան հաստատեց, որ կառավարութիւնը առողջ կերպով կը գործէ, եւ նախարարաց խորհուրդին աշխատանքը բացառիկ հեզասահութեամբ կ՛ընթանայ` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը տագնապէ ու լարուածութենէ չի տառապիր, «ընդհակառակն` այդ հարցը տեղեկատուութեան մարզին հարցն է», ըսաւ ան:

 

 

Նախորդը

«Լիբանան Պիտի Արգիլէ, Որ Ահաբեկիչները Իրենց Նպատակները Իրագործեն» Ընդգծեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?