Ներքին գործոց եւ քաղաքապետական հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց թրքական խորհրդարանի ներքին հարցերու յանձնախումբի նախագահ Ճելալիւտտին Կիւվեչը եւ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամ Ալի Էօզքայան` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Չաղաթայ Էրճիեշի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային տագնապին զարգացումները:


