Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Քրիսթինա Լասընը, որ Եւրոպական Միութեան անունով շնորհաւորեց նախագահ Աունը` ահաբեկչութեան դէմ բանակին արձանագրած յաղթանակին առիթով:
Լասըն ցաւակցութիւն յայտնեց նահատակուած բանակայիններուն համար, թէ՛ անոնք, որոնք ճակատումներու ընթացքին նահատակուած էին եւ թէ՛ ՏԱՀԵՇ-ի առեւանգած բանակայիններուն նահատակութեան սուգին առիթով:
Լասըն վերահաստատեց լիբանանեան բանակին նկատմամբ Եւրոպական Միութեան զօրակցութիւնը:
Ան հաստատեց, որ արձանագրուած յաղթանակը Լիբանանի համար կարեւոր իրագործում է, յատկապէս նկատի ունենալով, որ լիբանանեան պետութիւնը երկրին սահմաններուն վրայ իր հակակշիռը պարտադրած է:
Իր կարգին, նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Լասընին եւ ողջոյններ ուղղեց Եւրոպական Միութեան:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ընթացքին նախագահ Աունի արծարծելիք հարցերը, յատկապէս սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող հարցերը:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովին իր մասնակցութեան մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղարին հետ հանդիպելու վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումին ընթացքին Քաակ շնորհաւորեց նախագահ Աունը` երկրին արեւելեան լեռնաշղթային վրայ լիբանանեան բանակին արձանագրած յաղթանակին առիթով:
Քաակ ընդգծեց, որ միջազգային ընտանիքը յանձնառու կը մնայ Լիբանանի ապահովութեան, գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան:


