Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ շեշտեց, որ զբօսաշրջական ոստիկանութիւնը սկսած է շրջուն հսկողութիւն կատարել` ստուգելու համար վալէ փարքինկի վճարման դրութիւնը:
Նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ եթէ խախտումի պարագային ազդարարագիր տրուած է տուեալ ընկերութեան մը, ապա երկրորդ ազդարարագիրը տալու պարագային այդ ընկերութեան արտօնագիրը պիտի գրաւուի:
Նախարար Կիտանեան կոչ ուղղեց բողոքելու վալէ փարքինկի վճարումի խախտումներուն դէմ` հեռաձայնելով 1735 թէժ գիծին:


