Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Եարզէի իր բնակարանին մէջ նախագահեց Հանրապետութեան հանդիպումի նիստին, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ, որ Հըզպալլա ՏԱՀԵՇ-ականները պէտք է յանձնէ լիբանանեան պետութեան` նկատի ունենալով անոնց իմացած գաղտնիքները, որոնք կրնան օգտակար ըլլալ:
Հանրապետութեան հանդիպումը խստիւ դատապարտեց Հըզպալլայի գոյացուցած համաձայնութիւնները, որոնց լոյսին տակ ահաբեկիչները ապահով կերպով վերադարձած են իրենց կեդրոնները:
Հանդիպումը բարձր գնահատեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիին միջեւ տեսակցութիւնը, յատկապէս Լիբանանի նկատմամբ Մոսկուայի ցուցաբերած մնայուն զօրակցութեան եւ Լիբանանը շրջանային տագնապէն զանց կացուցելու Ռուսիոյ տեսակէտին վերաբերեալ:
Հանրապետութեան հանդիպումը դատապարտեց լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ Իսրայէլի գործած ոտնձգութիւնները, յատկապէս անցեալ շաբաթավերջին իսրայէլեան օդուժին կողմէ Սայտայի վերեւ գործուած թռիչքներն ու ձայնի պատը խզելով քաղաքայինները սարսափի մատնելու արարքները:
Հանդիպումը կոչ ուղղեց Միջազգային ընտանիքին եւ Ապահովութեան խորհուրդին` հաշուետուութեան կանչելու Իսրայէլը:


