Լիբանանի մէջ Եւրոպական միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասըն երէկ այցելեց Արսալ, ուղղուելով լիբանանեան արեւելեան լեռնաշղթային` Արսալի սահմանները հսկող լիբանանեան բանակի Թ. զօրամասին դիրքերը:
Լասըն հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Արսալի քաղաքապետ Պասլ Հուժէյրիի եւ Արսալի մէջ գործող ՄԱԿ-ի յանձնակատարներու հետ:
Անոր այցելութեան նպատակն էր դրուատել լիբանանեան բանակին արձանագրած յաղթանակը` ահաբեկչութեան դէմ, ծայրայեղական խմբաւորումները հեռացնելով Լիբանանէն:
Լասըն ցաւակցութիւն յայտնեց նահատակ բանակայիններուն համար:
Ան ընդգծեց, որ Ե. Միութիւնը ամբողջական զօրակցութիւն կը յայտնէ երկրին սահմանները պաշտպանելու նպատակով զոհողութիւններ մատուցող բանակին` հաստատելով, որ Ե. Միութիւնը յանձնառու կը մնայ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի անկախութեան, գերիշխանութեան եւ ապահովական կայունութեան պահպանումին:
Լասըն յայտնեց, որ արսալցիները բաւական լուրջ եւ բարդ կացութիւններ դիմագրաւած են` յոյս յայտնելով, որ ծայրայեղականներուն դէմ արձանագրուած զինուորական յաղթանակը այդ շրջանին համար նոր էջ մը բանալու համազօր ըլլայ:
Լասըն հաստատեց նաեւ, որ Արսալի մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն ներկայութիւնը ուղղակիօրէն կ՛ազդէ գիւղաքաղաքին ծառայութիւններուն եւ ենթակառոյցին վրայ:


