Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց Ամալ կրթական հաստատութեան անդամ գերազանց ուսանողները, որոնց ներկայութեան շեշտեց, թէ ուսումը դրամէն կարեւոր է: «Մենք կը գտնուինք ապագայ սերունդին եւ ոչ թէ անցեալի սերունդին դիմաց, որուն ներկայացուցիչներն ենք մենք: Լիբանանի մակարդակով անցեալը հպարտալի ժամանակաշրջան մը չէ», ըսաւ ան:
Պըրրի ընդգծեց, որ ինք տասնեակ տարիներէ ի վեր կոչ կ՛ուղղէ Լիբանանի մէջ կրթական արեւելում կատարելու` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ տասնեակ հազարաւոր ուսանողներ կը մասնագիտանան բժշկութեան, ճարտարապետութեան եւ այլ ճիւղերու մէջ` առանց մտածելու, թէ ի՞նչ պիտի աշխատին աւարտելէ ետք:
Պըրրի աւելցուց, որ անոնք լիբանանցի այն երիտասարդներն են, որոնք կ՛աւարտեն եւ իրենց վկայականով ենթակայ կը դառնան գաղթելու:
Պըրրի շեշտեց, որ գերազանցներու սերունդին ուղղութիւն տալը ամէնէն կարեւոր աշխատանքն է:
«Նախքան համալսարանական ուսման սկսիլը, պէտք է ուսումնասիրել Լիբանանի կարիքները», հաստատեց խորհրդարանի նախագահը:


