Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը երէկ առաւօտեան խուժեց Արսալի Նուր գաղթակայան, ուր ձերբակալեց երեք պահանջուածներ` Արսալի բնակիչ երկու լիբանանցիներ` Ամմուն եւ Հուժէյրի ընտանիքներէն, ինչպէս նաեւ սուրիացի մը, որոնք ահաբեկչական խմբաւորումներու մաս կը կազմեն:
Նշենք, որ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն Արսալի մէջ ձերբակալեց նաեւ սուրիացի Խալետ Ֆայեատ Պըրրոն, որ ՏԱՀԵՇ-ի անդամ է եւ ամբաստանուած ականուած ինքնաշարժներ պատրաստելու եւ անձնասպանական գործողութիւններ կազմակերպելու յանցանքով:
Միւս կողմէ, բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Քաակ շնորհաւորեց լիբանանեան բանակը` ահաբեկչութեան դէմ անոր իրագործած յաղթանակին առիթով:
Նշենք, որ զօր. Աուն վերամուտին առիթով այցելեց Սպայից վարժարան, ուր դրուատեց Սպայից վարժարանի անձնակազմը, հրամանատարութիւնը եւ դասախօսները, որոնք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն բարելաւելու համար Սպայից վարժարանի կրթական ծրագիրներն ու մարզումները` ակադեմական ու մշակութային ճշգրիտ չափանիշներու եւ ատակութեան հիման վրայ:
Զօր. Աուն կարեւոր նկատեց Սպայից վարժարանի աշխատանքները` հաստատելով, որ այդ սպաներն են բանակի ապագան եւ անոնք պիտի ստանձնեն Լիբանանը պաշտպանելու պատասխանատուութիւնը:
Զօր. Աուն ընդգծեց բանակայիններուն կառչածութիւնը զինուորական հաստատութեան սկզբունքներուն:


