Լիբանանեան

Մաշնուք. «Լիբանանի Մէջ Վերջին Ամիսներուն  Բարձր Մակարդակի Ապահովական  Գործողութիւն Մը Կատարուեցաւ»

Մաշնուք. «Լիբանանի Մէջ Վերջին Ամիսներուն Բարձր Մակարդակի Ապահովական Գործողութիւն Մը Կատարուեցաւ»

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ ուղղուեցաւ Ներքին ապահովութեան ուժերուն կեդրոնը, ուր հրաւիրած էր մամլոյ ասուլիսի մը: Ասուլիսին ընթացքին Մաշնուք շեշտեց, որ Պըրժ Պարաժնէի պայթումէն ետք Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը սերտած է ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ կատարուելիք ահաբեկչական գործողութիւններուն հաւանականութիւնները: Մաշնուք նշեց, որ «Ապահով Լիբանան» գործողութեան շրջագիծին մէջ տեղեկահաւաքի բաժանմունքը հասած է այն եզրակացութեան, որ Լիբանանի մէջ պէտք...

«Սայտայի Մէջ Համասի Պատասխանատուներէն  Մէկուն Դէմ Գործուած  Պայթումը Վտանգաւոր Սկիզբ Է»  Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

«Սայտայի Մէջ Համասի Պատասխանատուներէն Մէկուն Դէմ Գործուած Պայթումը Վտանգաւոր Սկիզբ Է» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ յետմիջօրէին հաժ Ապու Իմատ Մուղնիէի եւ Քնայթրայի նահատակներուն յիշատակին նուիրուած ոգեկոչումի ձեռնարկի մը առիթով արտասանեց պատկերասփռուած խօսք մը, որուն մէջ հաստատեց, որ առանց նահատակներուն կարելի պիտի չըլլար Լիբանանի,  Սուրիոյ, Իրաքի եւ Եմէնի ապահովութիւնը երաշխաւորել: «Մեր ազատութիւնն ու ապահովութիւնը կը պարտինք նահատակներու փաղանգին», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա: Անդրադառնալով ամերիկացի հետաքննիչներու խմբակի մը Լիբանան ժամանումին եւ...

Ֆրենժիէ. «Զղարթայի Մեր Թեկնածուներն Են  Թոնի Ֆրենժիէ, Ըսթֆեն Տուէյհի Եւ Սելիմ Քարամ»

Ֆրենժիէ. «Զղարթայի Մեր Թեկնածուներն Են Թոնի Ֆրենժիէ, Ըսթֆեն Տուէյհի Եւ Սելիմ Քարամ»

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ իրենց քաղաքական ծրագիրը իշխանութեան հասած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի միջոցով, իսկ ռազմավարական հարցերու պարագային իրենք յաղթանակ արձանագրած են նախագահ Աունի հետ: Ան նշեց, որ ինքզինք զանց չի կացուցեր` աւելցնելով, որովհետեւ երկրին քաղաքական կեանքին մէջ իր տեղն ու կշիռը ունի: Ֆրենժիէ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ...

Բանակը Սուէյրիի Բարձունքներուն Վրայ  Բացայայտեց Սուրիացիներու Սառած Դիակներ

Բանակը Սուէյրիի Բարձունքներուն Վրայ Բացայայտեց Սուրիացիներու Սառած Դիակներ

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Սուէյրի-Մասնաա սահմանամերձ շրջանի բարձունքներուն վրայ բանակը բացայայտած է 9 սուրիացիներու սառած դիակներ, մինչդեռ կրցած է փրկել 6 ուրիշներ, որոնք կը փորձէին ապօրինի կերպով մուտք գործել Լիբանան: Բանակի հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ փրկուած 6 սուրիացիներէն մէկը աւելի ուշ մահացած էր զայն հիւանդանոց փոխադրելէ ետք` ցուրտին պատճառով: Բանակը ձերբակալեց երկու սուրիացիներ,...

Ռիաշի. «Մուսթաքպալի Հետ  Մեր Յարաբերութիւնը  Հաստատ Է, Իսկ Զայն Ծածկող  Սեւ Ամպերը Հեռացած Են»

Ռիաշի. «Մուսթաքպալի Հետ Մեր Յարաբերութիւնը Հաստատ Է, Իսկ Զայն Ծածկող Սեւ Ամպերը Հեռացած Են»

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշին` ներկայութեամբ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրիի: Հանդիպումէն ետք Ռիաշի յայտնեց, որ Մուսթաքպալի հետ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան յարաբերութիւնը հաստատ է, իսկ զայն ծածկող սեւ ամպերը հեռացած են: Ռիաշի յայտնեց, որ քաղաքական երկու ուժերուն միջեւ յարաբերութիւնները կ՛ուղղուին դէպի դրական ելք` աւելցնելով, որ վարչապետ Հարիրիի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար...

Լիբանանը Հարուածած Ցուրտի  Ալիքը Հանդարտեցաւ

Լիբանանը Հարուածած Ցուրտի Ալիքը Հանդարտեցաւ

Պէյրութի միջազգային օդակայանի օդերեւութաբանական գրասենեակը հաղորդեց, որ հիւսիսային Եւրոպայէն Լիբանանը հարուածող ցուրտի ալիքը հանդարտած է: Այսպէս, ձմրան առաջին ձիւնը երէկ առաւօտեան տեղաց Զահլէի մէջ, իսկ լեռնային շրջանները հագուեցան իրենց սպիտակ զգեստները: Լիբանանեան մնացեալ շրջաններուն մէջ տեղատարափ անձրեւներ տեղացին, իսկ փոթորիկին պատճառով ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ արձանագրուեցան վնասներ, յատկապէս արմատախիլ եղած ծառերուն պատճառով: Երէկ կէսօրին ցուրտի ալիքին ուժգնութիւնը սկսաւ մեղմանալ` ծովու մակերեսէն...

Երեսփոխան Բագրատունի Եւ Պուրճ Համուտի  Քաղաքապետը Այցելեցին Ֆընիանոսի

Երեսփոխան Բագրատունի Եւ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետը Այցելեցին Ֆընիանոսի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի` եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան երէկ այցելեցին հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոսի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ բարգաւաճման նպատակով մշակուած շարք մը թղթածրարներ, որոնք պատրաստ են նախարարութեան կողմէ գործադրուելու:

Կառավարութիւնը Իր Քննարկած Օրակարգին  Կէտերէն Մաս Մը Վաւերացուց,  Իսկ Այլ Կէտերու Քննարկումը Յետաձգեց

Կառավարութիւնը Իր Քննարկած Օրակարգին Կէտերէն Մաս Մը Վաւերացուց, Իսկ Այլ Կէտերու Քննարկումը Յետաձգեց

Կառավարութիւնը երէկ վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Նիստին ընթացքին վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ կառավարութեան քննարկելիք օրակարգերուն մասին տեղեկատուական մարզէն իմացող քաղաքացին կը ստանայ այն տպաւորութիւնը, թէ նախարարաց խորհուրդը լուրջ խնդիրներու դիմաց կը գտնուի եւ թէ նախարարները գժտուած են իրարմէ: «Սակայն իրականութիւնը եւ ճշմարտութիւնը այդ տպաւորութեան չեն համապատասխաներ, որովհետեւ կառավարութիւնը կը քննարկէ հարցերը եւ կու տայ...

Նախագահ Աուն. «Որքան Քաղաքականութիւնը  Հեռացնենք Դատական Իշխանութիւններուն Աշխատանքէն,  Նոյնքան Կ՛երաշխաւորենք  Արդարութեան Գործադրութիւնը»

Նախագահ Աուն. «Որքան Քաղաքականութիւնը Հեռացնենք Դատական Իշխանութիւններուն Աշխատանքէն, Նոյնքան Կ՛երաշխաւորենք Արդարութեան Գործադրութիւնը»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Պետական շուրայի նախագահ դատաւոր Հանրի Խուրին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւն մը: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ դատական իշխանութիւններուն եւ պետական հսկողութեան խորհուրդներուն որոշումները պէտք է յարգուին, որովհետեւ այդ հաստատութիւնները հիմնուած են իրաւունքը ձեռք ձգելու նպատակով: Ան նշեց, որ դատական իշխանութիւններուն եւ հսկիչ խորհուրդներուն աշխատանքը կ՛ենթադրէ առանց ճնշումներ բանեցնելու` կատարեալ...

Ապպաս Իպրահիմ Այցելեց  Մամլոյ Սենտիքայի Նախագահին

Ապպաս Իպրահիմ Այցելեց Մամլոյ Սենտիքայի Նախագահին

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ այցելեց Մամլոյ սենտիքայի նախագահ Աունի Քաաքիի, որուն փոխանցեց իր շնորհաւորութիւնները` սենտիքայի ընտրութիւններուն առիթով,  ապա ստուգեց սենտիքայի կեդրոնին շինարարական աշխատանքները: Մեկնումի պահուն լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց, որ ապահովական ոչ մէկ վտանգ կը սպառնայ Լիբանանին: «Ապահովական կայունութիւնը հակակշիռի տակ կը գտնուի, իսկ Սայտայի պատահարը տակաւին հետաքննութեան շրջագիծին մէջ է: Նման դէպքեր...

Հիւսէյնի Կազմեց Ամալ Շարժումին  Եւ Հըզպալլայի Դէմ Մրցող Ընտրացանկ Մը

Հիւսէյնի Կազմեց Ամալ Շարժումին Եւ Հըզպալլայի Դէմ Մրցող Ընտրացանկ Մը

Խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի կազմեց ընտրացանկ մը` Պաալպեք-Հերմել ընտրաշրջանին մէջ մրցելու Ամալ շարժումի եւ Հըզպալլայի ընտրացանկին դէմ: Ընտրացանկին մէջ Հիւսէյնիի կողքին պիտի ըլլան նաեւ խորհրդարանի նախկին նախագահ Սապրի Համատէի եղբօրորդին` Սաատուն Համատէ, Պաալպեքի նախկին քաղաքապետ Ղալեպ Եաղի, ինչպէս նաեւ շիի համայնքի ներկայացուցիչներ, որոնք Ամալ շարժումի եւ Հըզպալլայի շրջանակներէն հեռու են:

Մեհրապի Մէջ.  Ժահժահ Ընդունեց Քանաանը

Մեհրապի Մէջ. Ժահժահ Ընդունեց Քանաանը

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ երեկոյեան Մեհրապի մէջ ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը ներկայութեամբ տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշիի: Հանդիպումէն ետք Քանաան ըսաւ. «18 յունուար 2018-ին կը հաստատենք, որ Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն միջեւ հաշտութիւնը կը յամենայ: Այդ հաշտութիւնը ռազմավարական է եւ կը գերազանցէ որեւէ համաձայնութիւն կամ դաշինք, որովհետեւ անիկա քրիստոնէական...

Զօր. Աուն Ընդունեց Սէուտական  Արաբիոյ Եւ Գերմանիոյ Դեսպանները

Զօր. Աուն Ընդունեց Սէուտական Արաբիոյ Եւ Գերմանիոյ Դեսպանները

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Եաագուպը, որուն ընկերակցեցաւ դեսպանատան զինուորական կցորդ գնդապետ-զօրավար Սալամէ Մասլուխին: Զօր. Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Մարթին Հութը: Զոյգ հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ սէուտական եւ գերմանական բանակներուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները: Զօր. Աունի այցելեց նաեւ Աւստրալիոյ գաղտնի սպասարկութեան...

Համատէ. «Լեռնային Շրջաններուն Մէջ Գտնուող  Դպրոցները Փակ Պահելու  Որոշումը Ձգուած Է Տնօրէններուն»

Համատէ. «Լեռնային Շրջաններուն Մէջ Գտնուող Դպրոցները Փակ Պահելու Որոշումը Ձգուած Է Տնօրէններուն»

Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ երէկ երեկոյեան յայտնեց, որ նկատի ունենալով Լիբանանը հարուածող ցուրտի ալիքը, ինք  լեռնային շրջաններուն մէջ գտնուող դպրոցներու տնօրէններուն կը ձգէ իրենց դպրոցները այսօր փակ պահելու որոշումը: «Լեռնային շրջաններուն մէջ գտնուող դպրոցները փակելու որոշումը ձգուած է անոնց տնօրէններուն, որոնք խորհրդակցելէ ետք շրջաններու քաղաքապետարաններուն եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն հետ, պէտք է տան իրենց որոշումը, եւ ըստ...

Ժոմպլաթ Զգուշացուց Այս Կամ Այն Կողմը  Լուսանցքայնացնելու Փորձերէն

Ժոմպլաթ Զգուշացուց Այս Կամ Այն Կողմը Լուսանցքայնացնելու Փորձերէն

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն կատարած իր գրառումներով յայտնեց, որ ոմանց յիշողութիւնը կարճ է, եւ կամ անոնք գրաւ կը դնեն միջազգային նոր տարազներու կամ ընտրական նոր հաշիւներու վրայ: Ժոմպլաթ զգուշացուց այս կամ այն քաղաքական կողմը լուսանցքայնացնելու  կամ ինքնագլուխ որոշումներ տալու փորձերէն: Անդրադառնալով երկրին համայնքային վարչակարգին` Ժոմպլաթ շեշտեց, որ խորհրդակցութիւնը պէտք է ըլլայ միակ միջոցը`...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ շեշտեց, որ ամերիկեան դեսպանատունը Երուսաղէմ փոխադրելու մասին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումը շատ վտանգաւոր է` նկատի ունենալով շրջանի խաղաղութեան հոլովոյթը: ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի զարմանք յայտնեց ընտրական օրէնքի բարեփոխումի առաջարկին վերաբերեալ` շեշտելով, որ նման առաջարկներ ներկայացնելու փոխարէն նախընտրելի է երեսփոխանական ընտրութիւններու կազմակերպութեամբ զբաղիլ: ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաժի Ղարիոս հաստատեց, որ համախմբումը յանձնառու...

Կառավարութեան Այսօրուան Նիստին.   Պասիլ Կ՛առաջարկէ Երկարաձգել Արտերկրի  Լիբանանցիներուն Արձանագրութեան Պայմանաժամը,  Իսկ Ամալ Շարժումը Կտրականապէս  Կը Մերժէ Այդ Առաջարկը

Կառավարութեան Այսօրուան Նիստին. Պասիլ Կ՛առաջարկէ Երկարաձգել Արտերկրի Լիբանանցիներուն Արձանագրութեան Պայմանաժամը, Իսկ Ամալ Շարժումը Կտրականապէս Կը Մերժէ Այդ Առաջարկը

Կառավարութեան գումարելիք այսօրուան նիստին կը նախատեսուի, որ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ ներկայացնէ ընտրական օրէնքի թիւ 113 յօդուածը բարեփոխելու առաջարկ մը` երկարաձգելու համար երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցելու նպատակով արտերկրի լիբանանցիներուն արձանագրութեան պայմանաժամը, մինչեւ 15 փետրուար 2018: Նկատի ունենալով այդ առաջարկին վերաբերեալ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի վերապահութիւնը` Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին հետեւեալը. «Մենք արտերկրի լիբանանցիներուն անուններու արձանագրութեան գծով...

Նախագահ Աուն. «Ոչ Ոքի Հետ Գժտուած Ենք,  Այլ` Երկրին Կայունութիւնն  Ու Ապահովութիւնը Կը Փափաքինք Վկայել»

Նախագահ Աուն. «Ոչ Ոքի Հետ Գժտուած Ենք, Այլ` Երկրին Կայունութիւնն Ու Ապահովութիւնը Կը Փափաքինք Վկայել»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ արաբ եւ օտար հիւպատոսական անձնակազմերը, որոնք շնորհաւորեցին նախագահը` Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդին առիթով: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ եւ արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար, դեսպան Հանի Շմայթլի: Նախագահ Աուն իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց, որ թիւրիմացութիւնները կարելի է պարզել դատական իշխանութիւններուն միջոցով: Ան...

Թեհրանի Մէջ .  «Ես Եւ Սէյիտ Նասրալլա Մէկ Սիրտ Կրող  Երկու Մարմիններ Ենք»  Շեշտեց Պըրրի

Թեհրանի Մէջ . «Ես Եւ Սէյիտ Նասրալլա Մէկ Սիրտ Կրող Երկու Մարմիններ Ենք» Շեշտեց Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Թեհրանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու խորհրդարաններու համադաշնակցութեան վերաբերող հարցեր, լիբանանեան-իրանեան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ ներկայ փուլին մտահոգութիւն պատճառով արաբական եւ իսլամական խնդիրներ: Հանդիպումէն ետք Պըրրի յայտնեց, որ Ռուհանիի հետ հանդիպումը եղած է արդիւնաւէտ` աւելցնելով, որ Ռուհանի ողջունած է Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը` յոյս...

Դեսպան Մկրտչեան Սալիպայի Հետ Քննարկեց  Երկկողմանի Գործակցութիւնը  Ամրապնդելու Հեռանկարները

Դեսպան Մկրտչեան Սալիպայի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Հեռանկարները

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան երէկ այցելեց Պետական անվտանգութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Թոնի Սալիպայի: Հանդիպումը ունէր ծանօթացման արարողակարգային բնոյթ: Հանդիպումին ընթացքին դեսպան Մկրտչեան եւ Սալիպա քննարկեցին Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ անվտանգութեան առումով գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները: Դեսպան Մկրտչեան եւ Սալիպա անդրադարձան երկու երկիրներուն մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու միջոցներուն` կարեւոր նկատելով հայ-լիբանանեան բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդումն ու գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ...

Page 675 of 987 1 … 674 675 676 … 987

Արխիւներ