ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ շեշտեց, որ ամերիկեան դեսպանատունը Երուսաղէմ փոխադրելու մասին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումը շատ վտանգաւոր է` նկատի ունենալով շրջանի խաղաղութեան հոլովոյթը:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի զարմանք յայտնեց ընտրական օրէնքի բարեփոխումի առաջարկին վերաբերեալ` շեշտելով, որ նման առաջարկներ ներկայացնելու փոխարէն նախընտրելի է երեսփոխանական ընտրութիւններու կազմակերպութեամբ զբաղիլ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաժի Ղարիոս հաստատեց, որ համախմբումը յանձնառու մնացած է լիբանանցիներուն նկատմամբ իր ստանձնած պարտականութիւններուն: Պատասխանելով կրթութեան նախարար Մարուան Համատէի` Ղարիոս յայտնեց, որ իրենք գլխարկէն նապաստակներ դուրս բերելով չեն զբաղած, այլ` իրենց ստանձնած պատասխանատուութիւնները ամբողջացուցած:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պահիա Հարիրի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Չաղաթայ Էրճիեշը, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:
ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ յայտնեց, որ ընտրական օրէնքը բարեփոխելու նպատակով որեւէ դուռ բանալու պարագային լուրջ հարցեր կրնան արձանագրուիլ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ կոչ ուղղեց երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու` առանց օրէնքին էութեան դպչելու:


