Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ այցելեց Մամլոյ սենտիքայի նախագահ Աունի Քաաքիի, որուն փոխանցեց իր շնորհաւորութիւնները` սենտիքայի ընտրութիւններուն առիթով, ապա ստուգեց սենտիքայի կեդրոնին շինարարական աշխատանքները:
Մեկնումի պահուն լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց, որ ապահովական ոչ մէկ վտանգ կը սպառնայ Լիբանանին: «Ապահովական կայունութիւնը հակակշիռի տակ կը գտնուի, իսկ Սայտայի պատահարը տակաւին հետաքննութեան շրջագիծին մէջ է: Նման դէպքեր կրնան պատահիլ, եւ ասիկա չի նշանակեր, որ երկրին ապահովական անդորրը վտանգուած է», ըսաւ ան:
Ապպաս Իպրահիմ ընդգծեց, որ հետաքննութիւնը գաղտնի կը կատարուի, «սակայն յստակ տեղեկութիւններու յանգելու պարագային, զանոնք հանրութեան կը յայտարարենք», աւելցուց ան:



