Պէյրութի միջազգային օդակայանի օդերեւութաբանական գրասենեակը հաղորդեց, որ հիւսիսային Եւրոպայէն Լիբանանը հարուածող ցուրտի ալիքը հանդարտած է:
Այսպէս, ձմրան առաջին ձիւնը երէկ առաւօտեան տեղաց Զահլէի մէջ, իսկ լեռնային շրջանները հագուեցան իրենց սպիտակ զգեստները: Լիբանանեան մնացեալ շրջաններուն մէջ տեղատարափ անձրեւներ տեղացին, իսկ փոթորիկին պատճառով ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ արձանագրուեցան վնասներ, յատկապէս արմատախիլ եղած ծառերուն պատճառով:
Երէկ կէսօրին ցուրտի ալիքին ուժգնութիւնը սկսաւ մեղմանալ` ծովու մակերեսէն 900 մեթր բարձրութեան վրայ առատ կերպով ձիւնելէ ետք:
Ներքին ապահովութեան ուժերը հաղորդեցին, որ Թարշիշի եւ Տահր Պայտարի ճամբաները կարելի է անցնիլ միայն ամենագնաց ինքնաշարժներով կամ ինքնաշարժներու անիւներուն շղթաներ անցընելով:
Ապահովութեան ուժերը քաղաքացիներէն պահանջեցին, որ փոթորիկներու ընթացքին անոնք հետեւին իրենց ցուցմունքներուն եւ եթէ ստիպուած չեն, խուսափին լեռնային ճամբաներ ուղղուելէ:
Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը իրենց կարգին, երէկ առաւօտեան փրկեցին 8 քաղաքայիններ, որոնք Սաննինի բարձունքներուն վրայ շրջափակուած էին ձիւնով:
Ըստ օդերեւութաբանական գրասենեակին, այս շաբաթավերջին կլիման պիտի ըլլայ ամպոտ եւ ջերմաստիճանը համեմատաբար պիտի բարձրանայ: Կը նախատեսուի, որ ծովու մակերեսէն 1200 մեթր բարձրութեան վրայ ձիւն տեղայ:



