Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սայտայի Մէջ Համասի Պատասխանատուներէն Մէկուն Դէմ Գործուած Պայթումը Վտանգաւոր Սկիզբ Է» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

January 20, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ յետմիջօրէին հաժ Ապու Իմատ Մուղնիէի եւ Քնայթրայի նահատակներուն յիշատակին նուիրուած ոգեկոչումի ձեռնարկի մը առիթով արտասանեց պատկերասփռուած խօսք մը, որուն մէջ հաստատեց, որ առանց նահատակներուն կարելի պիտի չըլլար Լիբանանի,  Սուրիոյ, Իրաքի եւ Եմէնի ապահովութիւնը երաշխաւորել:

«Մեր ազատութիւնն ու ապահովութիւնը կը պարտինք նահատակներու փաղանգին», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:

Անդրադառնալով ամերիկացի հետաքննիչներու խմբակի մը Լիբանան ժամանումին եւ Հըզպալլայի կողմէ թմրեցուցիչի մաքսանենգումին մասին սկսելիք հետաքննութեան` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ այդ ամբաստանութիւնը Հըզպալլայի դէմ արձակուած զրպարտութիւն է: «Անկարելի է, որ Հըզպալլա թմրեցուցիչի մաքսանենգում կատարէ, երբ կրօնը կ՛արգիլէ ատիկա: Կրօնը մեղք կը նկատէ թմրեցուցիչի վաճառքը, նոյնիսկ եթէ անիկա թշնամի Իսրայէլին է», հաստատեց սէյիտ Նասրալլա` աւելցնելով, որ այդ հետաքննութիւնը մաս կը կազմէ Հըզպալլայի դէմ Միացեալ Նահանգներու յայտարարած պատերազմին:

Ան մաղթեց, որ Լիբանանի մէջ այս մասին հետաքննութեան պարագային ճշմարտութիւնը ըսուի հետաքննիչներուն:

Խօսելով «Տը Փոսթ» ժապաւէնի բեմադրիչ Սթիվըն Սփիլպըրկի մասին` սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ Դիմադրութիւնը ոչ մէկ հարց ունի շարժապատկերին եւ ժապաւէնին հետ` աւելցնելով սակայն, որ Սփիլպըրկի արտադրած ժապաւէնները պոյքոթի ենթարկելու որոշումը տրուած է իսրայէլեան արտադրութիւնները պոյքոթի ենթարկող Արաբական լիկայի յանձնախումբին կողմէ, որովհետեւ 2006-ի յուլիսեան պատերազմին ընթացքին Սփիլպըրկ բացայայտ զօրակցութիւն յայտնած էր Իսրայէլի եւ իր յատուկ հաշիւէն մէկ միլիոն տոլար նուիրած Իսրայէլի, որպէսզի Լիբանանի դէմ իր մղած վատագոյն պատերազմը շարունակէ:

Միւս կողմէ, սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Սայտայի մէջ Համասի պատասխանատուներէն մէկուն դէմ գործուած պայթումը իսրայէլեան արարք է` աւելցնելով, որ անիկա վտանգաւոր սկիզբ է եւ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է իր կեցուածքը ունենայ այս առումով:

Իսրայէլի կողմէ սահմանային Կապոյտ գիծին վրայ հիւսուած քարէ պատնէշին անդրադառնալով` սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ լիբանանեան պետութիւնը եւ բանակը կը մերժեն այդ շինութիւնը` նկատի ունենալով սահմանային 13 կէտերու շուրջ տարակարծութիւնները: «Այս իմաստով Դիմադրութիւնը բացարձակ զօրակցութիւն կը յայտնէ Լիբանանի պետութեան եւ լիբանանեան բանակին», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին առանձին պիտի խօսի` աւելցնելով սակայն, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերէն ոչ մէկը կը մերժէ ընտրութիւնները կատարել կամ կը պահանջէ զանոնք ջնջել կամ յետաձգել:

Նախորդը

Ֆրենժիէ. «Զղարթայի Մեր Թեկնածուներն Են Թոնի Ֆրենժիէ, Ըսթֆեն Տուէյհի Եւ Սելիմ Քարամ»

Յաջորդը

Մաշնուք. «Լիբանանի Մէջ Վերջին Ամիսներուն Բարձր Մակարդակի Ապահովական Գործողութիւն Մը Կատարուեցաւ»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.