Կառավարութիւնը երէկ վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի:
Նիստին ընթացքին վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ կառավարութեան քննարկելիք օրակարգերուն մասին տեղեկատուական մարզէն իմացող քաղաքացին կը ստանայ այն տպաւորութիւնը, թէ նախարարաց խորհուրդը լուրջ խնդիրներու դիմաց կը գտնուի եւ թէ նախարարները գժտուած են իրարմէ:
«Սակայն իրականութիւնը եւ ճշմարտութիւնը այդ տպաւորութեան չեն համապատասխաներ, որովհետեւ կառավարութիւնը կը քննարկէ հարցերը եւ կու տայ քաղաքացիներուն կեանքը դիւրացնող որոշումներ: Ճիշդ է, որ մենք քաղաքական նոյն ուժը չենք ներկայացներ եւ ունինք տարբեր տեսակէտներ, սակայն այդ մասին հաղորդուած լրատուութիւնը երկրին շահերուն չի ծառայեր», ըսաւ ան:
Վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ կան հարցեր, որոնց լուծումը առաջնահերթ է` մաղթելով, որ բոլորը հանդարտին եւ իմաստուն կերպով վարուին, որպէսզի լուծումներ գտնեն` երկխօսութեան եւ քննարկումներու ընդմէջէն, եւ ոչ թէ սուր եւ կտրական կեցուածքներով:
Կառավարութեան նիստին աւարտին ընկերային հարցերու նախարար Փիեռ Ապի Ասի յայտնեց, թէ կառավարութիւնը իր քննարկած օրակարգին կէտերէն մաս մը վաւերացուցած է, իսկ այլ կէտերու քննարկումը` յետաձգած:
Պատասխանելով արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի կողմէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն արտերկրի լիբանանցիներուն մասնակցութեան նպատակով առցանց արձանագրութիւնները մինչեւ 15 փետրուար երկարաձգելու առաջարկին մասին հարցումի մը` Ապի Ասի ըսաւ, որ այդ առաջարկը պիտի քննարկուի երկուշաբթի օր` ընտրութիւններուն յատուկ նախարարական յանձնախումբին գումարելիք նիստին ընթացքին:
Նշենք, որ կառավարութիւնը երէկուան իր նիստին որոշեց Աքքարի, Պաալպեք-Հերմելի եւ Քեսրուան-Ժիպէյլի մէջ Լիբանանեան համալսարանի մասնաճիւղեր բանալ:
Իսկ վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Ինայա Իզզէտտին յայտնեց, որ վարչապետ Հարիրի ստորագրած է հրամանագիր մը, որուն հիման վրայ լաչակաւոր եւ լաչակ չկրող կին պետական պաշտօնեաներուն միջեւ խտրութիւնը պէտք է ջնջուի:
Կառավարութեան նիստէն ետք Հարիրի դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշիի հետ` ներկայութեամբ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրիի: Հանդիպումի մթնոլորտին մասին դրական տեղեկութիւններ հաղորդուեցան:
Վարչապետ Հարիրի երեկոյեան ուղղուեցաւ Թրիփոլիի Ուաֆա մզկիթը, ուր ցաւակցութիւն յայտնեց աշխատանքի նախարար Մոհամետ Քապպարային` անոր քրոջ մահուան սուգին առիթով:



