Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Պետական շուրայի նախագահ դատաւոր Հանրի Խուրին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւն մը:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ դատական իշխանութիւններուն եւ պետական հսկողութեան խորհուրդներուն որոշումները պէտք է յարգուին, որովհետեւ այդ հաստատութիւնները հիմնուած են իրաւունքը ձեռք ձգելու նպատակով:
Ան նշեց, որ դատական իշխանութիւններուն եւ հսկիչ խորհուրդներուն աշխատանքը կ՛ենթադրէ առանց ճնշումներ բանեցնելու` կատարեալ պարկեշտութեամբ եւ չէզոքութեամբ լուծել տագնապները:
Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց քաղաքականութիւնը հեռու պահելու դատական իշխանութիւններուն գործունէութենէն: «Որքան քաղաքականութիւնը հեռացնենք դատական իշխանութիւններուն աշխատանքէն, նոյնքան կ՛երաշխաւորենք արդարութեան գործադրութիւնը», հաստատեց նախագահ Աուն:
Ան նշեց, որ դատական իշխանութիւններուն արձակելիք վճիռները պէտք է հիմնուած ըլլան օրէնքի վրայ:
Դատաւոր Խուրի նախագահ Աունին ներկայացուց 2016-2017 տարեշրջանի Պետական շուրայի աշխատանքներուն տեղեկագիրը, որուն մէջ ներառուած են անոր արձակած վճիռները:
Քննարկուեցան Պետական շուրայի կարիքները, յատկապէս տարբեր վարչութիւններուն մէջ դատաւորներ ունենալու կարիքը:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթի, որուն ընկերակցեցան Նոտարներու միջազգային համադաշնակցութեան մէջ նոտարներու միջազգային գործակցութեան խորհուրդի նախագահ Ֆրանց Լէոփոլտ եւ Լիբանանի նոտարներու խորհուրդի նախագահ Ժոզեֆ Պշարա:
Լէոփոլտ բարձր գնահատեց լիբանանցի նոտարները Նոտարներու միջազգային համադաշնակցութեան անդամ դարձնելու ջանքերը` հաստատելով, որ անհրաժեշտ է լիբանանեան կարգ մը օրէնքներ փոփոխութեան ենթարկել` զանոնք Նոտարներու միջազգային համադաշնակցութեան պատշաճեցնելու նպատակով:
Իր կարգին, նախագահ Աուն ողջունեց նոտարներուն աշխատանքն ու անոնց ստանձնած պատասխանատուութիւնները:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի, որ նախագահ Աունի հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս քաղաքական բեմը յուզող հարցերը: Քննարկուեցաւ նաեւ Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն միջեւ յարաբերութիւնը` վերջերս կատարուած հանդիպումներուն լոյսին տակ:
Ռիաշի ընդգծեց, որ նախագահ Աունի հետ քննարկած է տեղեկատուութեան նախարարութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ Պետական պատկերասփիւռի կայանին տնօրէն նշանակելու հրատապ հարցը:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ երեսփոխան Ֆարիտ Էլիաս Խազեն, որ քննարկեց երկրին քաղաքական ընդհանուր իրավիճակը, երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախապատրաստական աշխատանքները, ինչպէս նաեւ Քեսրուանի կարիքները:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր եւ Միամիի մէջ Լիբանանի հիւպատոս Մուսթաֆա Նասրէտտին:



