Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ իրենց քաղաքական ծրագիրը իշխանութեան հասած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի միջոցով, իսկ ռազմավարական հարցերու պարագային իրենք յաղթանակ արձանագրած են նախագահ Աունի հետ: Ան նշեց, որ ինքզինք զանց չի կացուցեր` աւելցնելով, որովհետեւ երկրին քաղաքական կեանքին մէջ իր տեղն ու կշիռը ունի:
Ֆրենժիէ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ բանավէճ եւ տարակարծութիւն կայ, հակառակ անոր որ իրենք քաղաքական նոյն ուղեգիծին կը պատկանին:
Ֆրենժիէ հարց տուաւ, թէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը քաղաքական ո՞ր ուժին հետ հարցեր եւ տարակարծութիւններ չէ ունեցած:
Ան նշեց, որ նախագահ Աուն եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը հզօրագոյնն են, սակայն միակը չեն: «Այնքան ատեն որ նախագահ Աուն քաղաքական այս ուղեգիծին մէջ կը մնայ, մենք կը զօրակցինք անոր` մերժելով ջնջել մենք զմեզ», նշեց ան:
Ֆրենժիէ նկատել տուաւ սակայն, որ քաղաքական այլ ուժերու հետ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան վարուելակերպը` իրեն հետեւորդ կամ հակառակորդ ըլլալու տրամաբանութեամբ, հարցեր կը պատճառէ: Այդ վարուելակերպին պատճառով էր, որ հարցեր ստեղծուեցան երեսփոխան Միշել Մըրի եւ նախկին նախարար Էլիաս Սքաֆի հետ:
Ան դիտել տուաւ, որ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ Մարատա հոսանքը ջնջելու պատերազմ յայտարարեց զօր. Աունի նախագահ ընտրուելէն 4 օր ետք` աւելցնելով, որ այդ պատերազմը յայտարարուած էր Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն միջեւ գործակցութեամբ: Ան աւելցուց, որ պետական հաստատութիւններուն հետ վարուելակերպի իմաստով Ժըպրան Պասիլ գերազանցած է Ղազի Քանաանը:
Պետական ամավարկը տասնամեակէ մը ետք վաւերացնելու առումով Ֆրենժիէ շեշտեց, որ անիկա նուաճում չէ, այլ պետութեան պարտականութիւնը, իսկ շրջանաւարտ սպաներու թղթածրարին եւ անոր վերաբերող ելեւմուտքի նախարարին ստորագրութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով Ֆրենժիէ ըսաւ. «Ստորագրութեան մը համար կամ պետական հրամանագիրի մը համար չ՛արժեր երկիրը սառեցնել եւ լարուածութիւն ստեղծել»:
Ան նշեց, որ նախագահ Աուն կրնայ պատմական կամ սովորական նախագահ ըլլալ` մաղթելով, որ ան երկրին ներքին մանրուքներուն մաս չկազմէ, «որովհետեւ կան որոշ հարցեր, որոնք նախագահները իրենց մեծութենէն կը պարպեն», յայտնեց ան:
Դատական իշխանութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ֆրենժիէ հաստատեց, որ ինք համակարծիք է խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին, այլ խօսքով` կը հաւատայ, որ դատական իշխանութիւնները կողմնակալ են, որովհետեւ քաղաքական հակումներ ունին: «Երբ դատական իշխանութիւնները ազատութիւնը կ՛ունենան դատաւորները նշանակելու, այն ատեն կը սկսիմ վստահիլ այդ իշխանութիւններուն», ըսաւ ան:
Ֆրենժիէ շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի Լիբանան վերադարձը կը պարտին Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի` աւելցնելով, որ նախագահ Աուն կը փափաքէր երեսփոխան Մոհամետ Սաֆատին վարչապետ նշանակել:
Երեսփոխանական ընտրութիւններուն առաջադրելիք իրենց թեկնածուներուն մասին Ֆրենժիէ ըսաւ, որ Քուրայի մէջ հաշտուած են խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարիի հետ, Պաթրունի մէջ պիտի զօրակցին երեսփոխան Պութրոս Հարպի, Պշարրէի մէջ` Ուիլիըմ Թոքի, իսկ Թրիփոլիի մէջ թեկնածուներ պիտի չառաջադրեն:
Ան յայտնեց, որ Աքքարի մէջ իրենց թեկնածուներն են նախկին երեսփոխան Քարիմ Ռասի եւ Ռաֆլի Տիապ, Տըննիէի մէջ իրենց դաշնակիցն է Ժիհատ Սամատ` աւելցնելով, որ իրենց համար հիմնական դաշնակիցներ են նախկին նախարարներ Ժան Օպէյտն ու Ֆայսալ Քարամէն:
«Զղարթայի մէջ մեր թեկնածուներն են Թոնի Ֆրենժիէ, Ըսթֆեն Տուէյհի եւ Սելիմ Քարամ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր զաւկին թեկնածութիւնը չի նշանակեր, թէ ինք քաղաքական ասպարէզը պիտի լքէ:
Ան նշեց, որ Պաթրունի մէջ Հարպի հետ իր դաշինքը ընտրական է եւ ոչ թէ քաղաքական` աւելցնելով, որ իրենք կը նախընտրեն Պաթրունի մէջ Ժըպրան Պասիլի յաղթանակը, քան` Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան թեկնածուին յաղթանակը:
Ֆրենժիէ յայտնեց, որ իրեն համար Լիբանանի մէջ ամէնէն հզօր սիւննի ղեկավարը վարչապետ Սաատ Հարիրին է` աւելցնելով, որ Հարիրի իր կերած պնակին մէջ թքող տեսակէն չէ, եւ այդ պատճառով ալ դարձեալ պիտի խօսի Սէուտական Արաբիոյ հետ:
Ֆրենժիէ շեշտեց, որ լիբանանեան տնտեսութիւնը տեսակարար փոփոխութեան կարիք ունի` նշելով, որ տնտեսական բարգաւաճման համար Լիբանան կարիքը ունի ներդրումներու:
Ֆրենժիէ ընդգծեց, որ ինք Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ մնայուն կապի մէջ է` աւելցնելով, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին հարցը անկարելի է երաշխաւորել` առանց սուրիական իշխանութիւններուն հետ գործակցելու:



