Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռիաշի. «Մուսթաքպալի Հետ Մեր Յարաբերութիւնը Հաստատ Է, Իսկ Զայն Ծածկող Սեւ Ամպերը Հեռացած Են»

January 20, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշին` ներկայութեամբ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրիի:

Հանդիպումէն ետք Ռիաշի յայտնեց, որ Մուսթաքպալի հետ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան յարաբերութիւնը հաստատ է, իսկ զայն ծածկող սեւ ամպերը հեռացած են:

Ռիաշի յայտնեց, որ քաղաքական երկու ուժերուն միջեւ յարաբերութիւնները կ՛ուղղուին դէպի դրական ելք` աւելցնելով, որ վարչապետ Հարիրիի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ հանդիպումը մօտալուտ է:

Վարչապետին այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին, ինչպէս նաեւ Ժամաա Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ:

Նշենք, որ նախանցեալ երեկոյեան Հարիրի ընդունած էր նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի բարգաւաճման եւ ապահովական կայունութեան ծառայող խորհրդաժողովներուն նախապատրաստութիւնները: Շորթըր հաստատեց, որ Բրիտանիա Լիբանանի ապահովութեան զօրակցող մեծագոյն երկիրներէն մէկն է` նկատի ունենալով լիբանանեան բանակին անոր մատուցած զինուորական օժանդակութիւնները եւ աւելցնելով, որ այդ ընթացքը նոյն ձեւով պիտի շարունակուի:

Շորթըր նշեց, որ վարչապետ Հարիրիի հետ քննարկած է լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ ան շեշտած է, թէ Լոնտոն մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ շրջանային հարցերէն ինքզինք զանց կացուցելու Լիբանանի քաղաքականութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ երաշխաւորել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու բարգաւաճումը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւնները եւ զանոնք կատարելու անհրաժեշտութիւնը` սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին:

Շորթըր ընդգծեց լիբանանեան խորհրդարանին մէջ իգական սեռի յաւելեալ ներկայացուցչութեան անհրաժեշտութիւնը եւ մեծապէս գնահատեց այն իրողութիւնը, որ Մուսթաքպալ հոսանքը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ, որ իր առաջադրելիք թեկնածուներուն 30 առ հարիւրը կիներ ըլլան:

 

Նախորդը

Լիբանանը Հարուածած Ցուրտի Ալիքը Հանդարտեցաւ

Յաջորդը

Բանակը Սուէյրիի Բարձունքներուն Վրայ Բացայայտեց Սուրիացիներու Սառած Դիակներ

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.