Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ երէկ երեկոյեան յայտնեց, որ նկատի ունենալով Լիբանանը հարուածող ցուրտի ալիքը, ինք լեռնային շրջաններուն մէջ գտնուող դպրոցներու տնօրէններուն կը ձգէ իրենց դպրոցները այսօր փակ պահելու որոշումը:
«Լեռնային շրջաններուն մէջ գտնուող դպրոցները փակելու որոշումը ձգուած է անոնց տնօրէններուն, որոնք խորհրդակցելէ ետք շրջաններու քաղաքապետարաններուն եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն հետ, պէտք է տան իրենց որոշումը, եւ ըստ այնմ տեղեակ պահեն կրթութեան նախարարութիւնը», ըսաւ Համատէ:



