Ապպուտ. «Սեփական Դպրոցներուն Ուսուցիչները Այսօր Պիտի Գործադրեն Դասադուլը»
Սեփական դպրոցներու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Ռուտոլֆ Ապպուտ յայտնեց, որ ուսուցիչները այսօր պիտի գործադրեն դասադուլը, որովհետեւ անոնց դիմագրաւած հարցը տակաւին շօշափելի լուծում մը չունի: «Մենք կը պահանջենք աշխատավարձի յաւելման վերաբերող թիւ 46 օրէնքին գործադրութիւնը», շեշտեց Ապպուտ: Ապպուտ ընդգծեց, որ սենտիքային նպատակը կրթական տարեշրջանին արգելակումը չէ, «սակայն մենք ստիպուած ենք նման քայլերու դիմելու` փրկելու համար ուսուցիչներուն իրաւունքները, հետեւաբար այսօր դասադուլը պիտի գործադրուի»,...




















