Խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի կազմեց ընտրացանկ մը` Պաալպեք-Հերմել ընտրաշրջանին մէջ մրցելու Ամալ շարժումի եւ Հըզպալլայի ընտրացանկին դէմ:
Ընտրացանկին մէջ Հիւսէյնիի կողքին պիտի ըլլան նաեւ խորհրդարանի նախկին նախագահ Սապրի Համատէի եղբօրորդին` Սաատուն Համատէ, Պաալպեքի նախկին քաղաքապետ Ղալեպ Եաղի, ինչպէս նաեւ շիի համայնքի ներկայացուցիչներ, որոնք Ամալ շարժումի եւ Հըզպալլայի շրջանակներէն հեռու են:



