Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութեան Այսօրուան Նիստին. Պասիլ Կ՛առաջարկէ Երկարաձգել Արտերկրի Լիբանանցիներուն Արձանագրութեան Պայմանաժամը, Իսկ Ամալ Շարժումը Կտրականապէս Կը Մերժէ Այդ Առաջարկը

January 18, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութեան գումարելիք այսօրուան նիստին կը նախատեսուի, որ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ ներկայացնէ ընտրական օրէնքի թիւ 113 յօդուածը բարեփոխելու առաջարկ մը` երկարաձգելու համար երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցելու նպատակով արտերկրի լիբանանցիներուն արձանագրութեան պայմանաժամը, մինչեւ 15 փետրուար 2018:

Նկատի ունենալով այդ առաջարկին վերաբերեալ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի վերապահութիւնը` Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին հետեւեալը. «Մենք արտերկրի լիբանանցիներուն անուններու արձանագրութեան գծով հարց չունինք, այլ շահեր ունինք, սակայն երեսփոխանական ընտրութիւններուն օրէնքը փոփոխութեան ենթարկելու որեւէ առաջարկ դուռ պիտի բանայ այլ բարեփոխումներու, այլ խօսքով` ընտրութիւնները ջնջելու կամ յետաձգելու: Հետեւաբար նման բան կարելի չէ արտօնել»:

Ուշ գիշերին ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ հաստատեց Ամալ շարժումի ղեկավարին վերոնշեալ տեսակէտը` աւելցնելով, որ ինք այսօրուան նիստին ընթացքին պիտի պարզէ այս տեսակէտը, եւ Ամալի նախարարները Պասիլի ներկայացուցած առաջարկին դէմ պիտի քուէարկեն:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը այս առաջարկը քննարկեց յատուկ նիստի մը ընթացքին, սակայն իր գոյացուցած որոշումը չբացայայտեց:

Կրթութեան նախարար Մարուան Համատէ, որ կը ներկայացնէ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը, կոչ ուղղեց Պասիլին վերջ տալու «գլխարկներուն մէջէն նապաստակներ դուրս բերելու» խաղին: Ան նշեց, որ նման առաջարկներ կրնան ժխտական ազդեցութիւն ունենալ երեսփոխանական ընտրութիւններուն վստահելիութեան վրայ եւ օրէնքը այլ տեղեր առաջնորդել, այլ խօսքով` ընտրութիւնները յետաձգել:

Միւս կողմէ, Մուսթաքպալ եւ Մարատա հոսանքները կը զօրակցին Պասիլի առաջարկին, սակայն պիտի քննարկեն արտերկրի լիբանանցիներու քուէարկութեան մասնակցութեան պատրաստակամութիւնը:

Կառավարութեան մէջ Ղովմի կուսակցութեան ներկայացուցիչ, նախարար Ալի Քանսօ յայտնեց, որ Պասիլի ներկայացնելիք առաջարկին ժամկէտը անյարմար է` նկատի ունենալով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ Պըրրիի միջեւ տագնապը, իսկ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը նշեց, որ նման բարեփոխում մը գործադրելու իմաստով ժամանակը անբաւարար է:`

Նախորդը

Նախագահ Աուն. «Ոչ Ոքի Հետ Գժտուած Ենք, Այլ` Երկրին Կայունութիւնն Ու Ապահովութիւնը Կը Փափաքինք Վկայել»

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Եւ Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարները Քննարկած Են Արցախեան Հիմնահարցը

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.