Գլխաւորութեամբ Նախագահ Միշել Աունի. Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Ընթացիկ Նիստը
Նախագահ Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք Պաապտայի պալատին մէջ նախագահեց նախարարաց խորհուրդի նիստին: Նիստի օրակարգին վրայ կային 66 կէտեր: Նախքան նախարարաց խորհուրդի նիստը, նախագահ Աուն դռնփակ խորհրդակցութիւն ունեցաւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ: Կառավարութեան նիստին բացումը կատարելով` նախագահ Միշել Աուն անդրադարձաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընի կարճատեւ այցելութեան եւ զայն կանխած` դեսպան Տէյվիտ Սաթըրֆիլտի խորհրդակցութեանց, նշելով, որ քննարկուած են...


















