Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումը Կոչ Ուղղեց Յստակ Ծրագիր Մը Մշակելու` Լուծելու Համար Տեղահանուածներուն Հարցը

February 14, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընթացիկ նիստին:

Նիստէն ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած ելեւմտական պայմաններուն եւ պետական գանձարկղին պարզած իրավիճակին մասին միջազգային հետաքրքրութիւն կայ` աւելցնելով, որ Լիբանան իր ելեւմտական ու տնտեսական պատասխանատուութիւնները պէտք է ստանձնէ եւ 2018-ի պետական ամավարկը վաւերացնէ:

Քանաան յայտնեց, որ համախմբումը կառավարական եւ խորհրդարանական մակարդակներուն վրայ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ այս հարցը վերջնականացնելու նպատակով:

Քանաան նշեց, որ համախմբումը քննարկած է նաեւ տեղահանուածներու թղթածրարը եւ անհրաժեշտ նկատած յստակ ծրագիրի մը մշակումը` լուծելու համար այդ հարցը:

Ան նշեց, որ համախմբումի նիստին ընթացքին քննարկուած են նաեւ աղբերուն վերաբերող թղթածրարներ, որոնց շրջագիծին մէջ Քանաան շեշտեց, որ աղբի եւ աղբանոցներու հարցը Լիբանանի մէջ տասնեակ տարիներէ ի վեր բոյն դրած հարց մըն է:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը անհրաժեշտ նկատեց, որ քաղաքապետարանները իրենց մասնակցութիւնը բերեն աղբի տագնապին լուծման:

Համախմբումի նիստին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Մեթնի մէջ քարահանքերուն պատճառով տուժած բնակիչներուն բողոքներն ու անոնց կրած վնասները: Կոչ ուղղուեցաւ դատական իշխանութիւններուն յանդուգն որոշումներ տալու եւ իրենց պարտականութիւնները կատարելու, որովհետեւ օրէնքի պետութիւնը միայն արդարութեան վրայ կրնայ հիմնուիլ:

 

Նախորդը

«Հարիրիի Հետ Մեր Յարաբերութիւնները Կրնան Ալեկոծիլ, Սակայն Անոնք Կը Մնան Հաստատ» Շեշտեց Ուալիտ Ժոմպլաթ

Յաջորդը

«Կը Մաղթենք, Որ Լիբանան Դառնայ Չինացի Ներդրողներուն Հանդիպման Վայրը» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.