Չինական Նոր տարուան առիթով երէկ «Քազինօ տիւ Լիպան»-ի մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ձեռնարկ մը` կազմակերպութեամբ Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Ուանկ Քիճիանի:
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցաւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, Տնտեսական խորհուրդներու նախագահ Ատնան Քասսար, տեղեկատուութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Հասսան Ֆալհա, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ դիւանագիտական շարք մը անձնաւորութիւններ:
Պաշտօնական ձեռնարկին ընթացքին նախարար Կիտանեան գոհունակութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ Չինաստանի կատարած ամէն տեսակի ներդրումներուն համար եւ կոչ ուղղեց երկկողմանի զբօսաշրջական յարաբերութիւնները բարելաւելու:
Ան մաղթեց, որ Լիբանան դառնայ չինացի զբօսաշրջիկներուն հանդիպման վայրը: «Զբօսաշրջութեան նախարարութեան եւ չինական դեսպանատան միջեւ այս ամուր յարաբերութեան իբրեւ արդիւնք կը փափաքիմ, որ Արեւելքի մարգարիտը նկատուող Լիբանանը վերածուի չինացի ներդրողներուն հանդիպման վայրին», շեշտեց Ա. Կիտանեան:



