Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ համադաշնակցութիւնը պատասխանատու է պետական եւ սեփական մարզերուն` աւելցնելով, որ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը իր ներդրումը ունեցած է պետական մարզի աշխատավարձերու յաւելումին մէջ:
Ան զգուշացուց հետագային տեղի ունենալիք գործադուլերու շարքէն` շեշտելով, որ նուազագոյն աշխատավարձի յաւելում չկատարելու պարագային մագլցողական քայլերու պիտի դիմեն:
Ասմար հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ աշխատաւորներուն համար ամէն բան պէտք է փոխուի` սկսեալ աշխատավարձերէն, հասնելով ընկերային, տնտեսական, ապահովագրութեան, կրթանպաստի եւ ամէն տեսակի օժանդակութիւն:
«Եթէ Տնտեսական խորհուրդները մերժեն սեփական մարզի աշխատավարձերու յաւելումը, ապա մենք փողոց պիտի իջնենք, եւ այս անգամ մեր բողոքի ցոյցերը տարբեր պիտի ըլլան», ըսաւ ան:
Ասմար ընդգծեց, որ 2012-ի աշխատավարձի յաւելումները անարդար էին` աւելցնելով, որ իրենք պատրաստ են այս իմաստով խորհրդակցելու:



