Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաապտայի Մէջ . «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պիտի Կատարուին Ճշդուած Թուականին» Շեշտեց Ուալիտ Ժոմպլաթ

February 16, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ կատարեց շարք մը յայտարարութիւններ, որոնց մէջ նշեց, թէ կարեւորը այն է, որ «Փարիզ 4» խորհրդաժողովին ընդմէջէն կարելի ըլլայ օգտուիլ ընձեռուած տնտեսական օժանդակութիւններէն եւ դիմագրաւել Լիբանանին սպառնացող մարտահրաւէրները:

Ժոմպլաթ նշեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պէտք է տեղի ունենան: «Այդ ընտրութիւնները թող կատարուին, եւ ո՛վ որ ուզէ թող յաղթէ», ըսաւ ան:

Ժոմպլաթ նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընի հետ հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն կառչած մնացած է Լիբանանի սահմաններուն` աւելցնելով, որ Թիլըրսընի կատարած յայտարարութիւնները այդ մասին կը վկայեն:

Ժոմպլաթ աւելցուց, թէ կարեւորը այն է, որ պատգամը հասնի Սպիտակ տուն, եւ դրական այդ երեւոյթներուն մասին ոչ մէկ տարակարծութիւն արձանագրուի:

Ժոմպլաթ շեշտեց, որ Լիբանանի իշխանութեան երեք պետերուն միջեւ կայ համագործակցութիւն` աւելցնելով, որ նախորդ շաբաթներու իրադարձութիւնները սեւ ամպեր էին, որոնք վերացան:

«Ներկայիս թեկնածուները առաջադրելու փուլին մէջ ենք եւ այդ բոլորը աւարտելէ ետք պիտի յայտարարենք ընտրական մեր դաշինքներուն մասին: Իսկ եթէ դաշինքներ կարելի չըլլայ գոյացնել, ապա մրցակցութիւն թող արձանագրուի: Երեսփոխանական ընտրութիւններուն վրայ վախ չկայ, եւ անոնք պիտի կատարուին ճշդուած թուականին», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ անդրադառնալով սուրիական օդային սահմանները խզած իսրայէլեան օդուժին եւ իսրայէլեան հալածիչը վար առնելու դէպքին, հաստատեց, որ կարեւոր չէ, թէ երկրին գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւն գործող օդանաւը վար առնելու որոշումը ո՛վ տուած է` Իրա՞նը, Սուրիա՞ն, թէ՞ Ռուսիան: «Կը մաղթենք, որ այդ դէպքերը աւարտին, որովհետեւ պատերազմին սկիզբը յստակ կ՛ըլլայ բոլորին, սակայն անոր աւարտը ոչ ոք կրնայ գիտնալ», յայտնեց Ժոմպլաթ:

 

Նախորդը

«Պիել»-ի Մէջ. Ռաֆիք Հարիրիի Սպանութեան 13-րդ Տարելիցի Նշում

Յաջորդը

Գլխաւորութեամբ Նախագահ Միշել Աունի. Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Ընթացիկ Նիստը

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.