Լիբանանեան

Նախագահ Աունի Հովանաւորութեամբ  Եւ Ներկայութեամբ`    Նաւթի Եւ Բնական Կազի Պեղման Ու Արտահանման  Համաձայնագիրներու Ստորագրութիւն

Նախագահ Աունի Հովանաւորութեամբ Եւ Ներկայութեամբ` Նաւթի Եւ Բնական Կազի Պեղման Ու Արտահանման Համաձայնագիրներու Ստորագրութիւն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ, ուրբաթ երեկոյեան «Պիել»-ի «Փավիյոն ռուայալ» սրահին մէջ ստորագրուեցան նաւթի եւ բնական կազի պեղման ու արտահանման համաձայնագիրները: Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան կազմակերպած պաշտօնական այս ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան նաեւ մեծ թիւով նախարարներ, բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, Նաւթի լիբանանեան խորհուրդը, ինչպէս նաեւ համաձայնագիրը ստորագրող միջազգային...

Տէյվիտ Սաթըրֆիլտ Շարունակեց  Լիբանանի Մէջ Իր Հանդիպումները

Տէյվիտ Սաթըրֆիլտ Շարունակեց Լիբանանի Մէջ Իր Հանդիպումները

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերու օգնական Տէյվիտ Սաթըրֆիլտ, որ աշխատանքային այցելութեամբ մը եկած էր Լիբանան, շարունակեց իշխանութեան պետերուն եւ քաղաքական ու զինուորական պատասխանատուներուն հետ իր հանդիպումները: Այս շրջագիծին մէջ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ընդունեց Սաթըրֆիլտը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուած ապահովական զարգացումները` լուսարձակի...

Տեղեկահաւաքի Բաժանմունքը  Կը Ձերբակալէ Կեղծարար Մը

Տեղեկահաւաքի Բաժանմունքը Կը Ձերբակալէ Կեղծարար Մը

Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը 8 փետրուար 2018-ին ձերբակալած է Յ. Գ. սկզբնատառերով անձը, (լիբանանցի, 1970-ի ծնունդ): Կատարուած նախաքննութեան լոյսին տակ ձերբակալեալը խոստովանած է, որ կեղծած է շարք մը առեւտրական ընկերութիւններու, կրօնական հաստատութիւններու եւ հայկական կուսակցութիւններու կնիքներ (որոնք գտնուած են իր ինքնաշարժին եւ տան մէջ): Ապահովական ուժերը գրաւած են նաեւ...

Պոկտանով Եւ Քարտել Կը Քննարկեն  Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Պոկտանով Եւ Քարտել Կը Քննարկեն Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայէլ Պոկտանով Մոսկուայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Պըրնելլա Տէյլըր Քարտելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ Պոկտանով եւ Քարտել քննարկած են Լիբանանը յուզող շարք մը հարցեր եւ ընդգծած Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը: Պոկտանով եւ Քարտել հաստատեցին նաեւ...

Կառավարութիւնը Կարգ Մը   Նշանակումներ Կատարեց

Կառավարութիւնը Կարգ Մը Նշանակումներ Կատարեց

Կառավարութիւնը հինգշաբթի, 8 փետրուարին նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի: Նախքան նիստին գումարուիլը, նախագահ Աուն եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը: Կառավարութիւնը իր նիստին ընթացքին քննարկեց 93 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը: Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, թէ Լիբանանի մէջ վերջին շրջանին արձանագրուած իրավիճակը արտակարգ իրավիճակ մըն էր, որուն լուծումը ապահովուեցաւ: Ան...

Այն Հելուէի Մէջ Զինեալ Բախումներ`  Ծայրայեղ Իսլամականի Մը  Սպանութեան Պատճառով

Այն Հելուէի Մէջ Զինեալ Բախումներ` Ծայրայեղ Իսլամականի Մը Սպանութեան Պատճառով

Պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ ուրբաթ երեկոյեան ժամը 5:00-ին արձանագրուեցան զինեալ բախումներ` պաղեստինեան միացեալ զինեալ ուժերուն եւ ծայրայեղ իսլամականներուն միջեւ: Զինեալ բախումները, որոնք սկսած էին ծայրայեղ իսլամական Մոհամետ Ժամալ Համատի սպանութեան պատճառով, հետզհետէ սաստկացան եւ պատճառեցին մարդկային եւ նիւթական վնասներ: Այն Հելուէ գաղթակայանի մուտքին տեղակայուած լիբանանեան բանակի զօրամասը իր անցարգելներուն շուրջ ապահովական միջոցառումները ամրապնդեց, ինչպէս նաեւ փակեց գաղթակայանի մուտքին գտնուող...

Ֆրենժիէ. «Մենք Ձեզմով Հզօր Ենք»

Ֆրենժիէ. «Մենք Ձեզմով Հզօր Ենք»

Հանրապետութեան նախկին նախագահ Սլէյման Ֆրենժիէի Զղարթայի պալատին մէջ հինգշաբթի գիշեր կազմակերպուեցաւ Մարատա հոսանքի աւանդական ընթրիքի երեկոն, որուն ներկայ գտնուեցան Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ, անոր զաւակը` Թոնի Ֆրենժիէ, անոր հօրեղբայրը` Ռոպեր Ֆրենժիէ, նախկին նախարար Եուսեֆ Սաատէ եւ շրջանի ընտանիքներէն ներկայացուցիչներ: Ընթրիքին ընթացքին Ռոպեր Ֆրենժիէ կոչ ուղղեց բոլորին զօրակցելու երեսփոխանական ընտրութիւններու թեկնածու Թոնի Ֆրենժիէին: Իր կարգին, երեսփոխան Ֆրենժիէ շեշտեց, որ...

Մամլոյ Արձակուրդ

Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց եւ Մար Մարունի տօներուն առիթով, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ ուրբաթ, 9 եւ շաբաթ, 10 փետրուար 2018-ին: Մեր յաջորդ թիւը` երկուշաբթի, 12 փետրուարին:

Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդի Նիստ .  Իսրայէլի Կառուցած Սահմանային Պատը  Թիւ 1701 Բանաձեւի Բացայայտ Խախտում Է,  Եւ Կը Պահանջուի Մնայուն Կերպով Լիբանանի  Իրաւունքները Պահպանելու Ուղղութեամբ Աշխատիլ

Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդի Նիստ . Իսրայէլի Կառուցած Սահմանային Պատը Թիւ 1701 Բանաձեւի Բացայայտ Խախտում Է, Եւ Կը Պահանջուի Մնայուն Կերպով Լիբանանի Իրաւունքները Պահպանելու Ուղղութեամբ Աշխատիլ

Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը երէկ կէսօրին նախագահական պալատին մէջ գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Նիստին ներկայ գտնուեցան լիբանանեան բանակի հրամանատարն ու ապահովական կառոյցներու պետերը, ինչպէս նաեւ պաշտպանութեան, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու, ելեւմուտքի, արդարութեան եւ տնտեսութեան ու առեւտուրի նախարարները: Նախագահ Աուն եւ վարչապետ Հարիրի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը`...

«Իսրայէլեան Սպառնալիքներուն Դէմ  Լիբանանեան Կեցուածքը Միասնական Է»  Շեշտեց Պըրրի

«Իսրայէլեան Սպառնալիքներուն Դէմ Լիբանանեան Կեցուածքը Միասնական Է» Շեշտեց Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին վերահաստատեց Պաապտայի մէջ նախանցեալ օրուան հանդիպումին դրական եւ արդիւնաւէտ ըլլալուն իրականութիւնը: Պըրրի գնահատեց նախագահական պալատին մէջ իշխանութեան երեք պետերուն միջեւ կատարուած հանդիպումին ընթացքին տրուած որոշումները: Պըրրի ընդգծեց, որ իսրայէլեան սպառնալիքներուն դէմ լիբանանեան կեցուածքը միասնական է, ըլլայ ան սահմանային պատին թէ բնական կազին կամ նաւթի հարստութեան...

Սաթըրֆիլտ Կ՛այցելէ Պասիլի, Իսկ Թիլըրսըն  15 Փետրուարին Կը Հասնի Լիբանան

Սաթըրֆիլտ Կ՛այցելէ Պասիլի, Իսկ Թիլըրսըն 15 Փետրուարին Կը Հասնի Լիբանան

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Տէյվիտ Սաթըրֆիլտը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտի: Հանդիպումէն ետք Պասիլ բաւարարուեցաւ ըսելով, որ Սաթըրֆիլտի հետ հանդիպումը լաւ էր եւ լուրջ: Սաթըրֆիլտ եւ Ռիչըրտ այցելեցին նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի, որուն հետ քննարկեցին Լիբանանի եւ շրջանի քաղաքական իրադարձութիւնները: Միւս կողմէ, պաշտօնական աղբիւրներ...

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը  Ողջունեց Իշխանութեան  Երեք Պետերուն Պաապտայի Հանդիպումը

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Ողջունեց Իշխանութեան Երեք Պետերուն Պաապտայի Հանդիպումը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին: Խորհուրդի նիստէն հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, խորհուրդը ողջունեց Պաապտայի մէջ իշխանութեան երեք պետերուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումը եւ անոր լոյսին տակ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութիւնը: Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը նշեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հրաւէրով տեղի ունեցած հանդիպումը, որուն ներկայ էին նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին եւ վարչապետ...

Պաապտայի Հանդիպումը Ընդգծեց Հարցերը  Սահմանադրական Հաստատութիւններուն Մէջ Լուծելու  Եւ Ազգային Ուխտին Յանձնառու Մնալու Կարեւորութիւնը

Պաապտայի Հանդիպումը Ընդգծեց Հարցերը Սահմանադրական Հաստատութիւններուն Մէջ Լուծելու Եւ Ազգային Ուխտին Յանձնառու Մնալու Կարեւորութիւնը

Նախագահական պալատը երէկ վկայեց դրական բացառիկ հանդիպում մը` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ: Հանդիպումին ընթացքին իշխանութեան պետերը համաձայնութիւն գոյացուցին նախորդ տասը օրերուն Լիբանանի մէջ արձանագրուած հարցերը սահմանադրական հաստատութիւններուն մէջ եւ սահմանադրութեան ու օրէնքներուն հիման վրայ լուծելու առումով: Պաապտայէն հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ նախագահ Աուն, Պըրրի եւ Հարիրի շեշտեցին Ազգային...

«Քաղաքական Խոչընդոտներ Կ՛արգիլէին  Ծրագիրներուն Գործադրութիւնը, Իսկ Ներկայիս  Կացութիւնը Աւելի Լաւ Է`  Հակառակ Դժուարութիւններուն»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Քաղաքական Խոչընդոտներ Կ՛արգիլէին Ծրագիրներուն Գործադրութիւնը, Իսկ Ներկայիս Կացութիւնը Աւելի Լաւ Է` Հակառակ Դժուարութիւններուն» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Սեզար Ապի Խալիլը` ընկերակցութեամբ նախարարութեան խորհրդատուներու պատուիրակութեան: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն կոչ ուղղեց նախարարութեան պաշտօնեաներուն շարունակելու իրենց ջանքերը` գործադրելու համար մշակուած ծրագիրները, որոնց քաղաքական արդիւնքներէն կ՛օգտուին բոլորը, ինչպէս նաեւ պետութիւնը: «Քաղաքական խոչընդոտներ կ՛արգիլէին ծրագիրներուն գործադրութիւնը, իսկ ներկայիս կացութիւնը աւելի լաւ է` հակառակ դժուարութիւններուն», հաստատեց ան:...

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում  Համախմբումի Նիստ.  «Մեր Ազգային Միասնականութիւնը Երկիրը  Պաշտպանող Հաստատուն Ամրոցն Է»  Շեշտեց Ժրայսաթի

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումի Նիստ. «Մեր Ազգային Միասնականութիւնը Երկիրը Պաշտպանող Հաստատուն Ամրոցն Է» Շեշտեց Ժրայսաթի

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընթացիկ նիստին: Նիստէն ետք արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթի շեշտեց, որ Մար Մըխայելի համաձայնագիրի ստորագրութեան 12-ամեակին առիթով կը վերահաստատենք անոր խոր հիմերը, որոնց վրայ կարելի է կերտել արդար եւ հզօր պետութիւնը: «Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի միջեւ փոխըմբռնումի համաձայնագիրին ստորագրութեան առիթով կը...

Հարիրի Ընդունեց Սաթըրֆիլտն Ու Քուելըրը,  Ինչպէս Նաեւ Նախագահեց Մուսթաքպալ Պլոքի Նիստին

Հարիրի Ընդունեց Սաթըրֆիլտն Ու Քուելըրը, Ինչպէս Նաեւ Նախագահեց Մուսթաքպալ Պլոքի Նիստին

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Տէյվիտ Սաթըրֆիլտը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտի եւ ներկայութեամբ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրիի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Երեկոյեան վարչապետը ընդունեց նաեւ տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշին` ներկայութեամբ նախարար Խուրիի: Երկարատեւ հանդիպումէն ետք Ռիաշի մեկնեցաւ...

Սարրաֆ Ֆուշէի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Դէմ  Իսրայէլեան Սպառնալիքները

Սարրաֆ Ֆուշէի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Դէմ Իսրայէլեան Սպառնալիքները

Պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆ երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին Ֆուշէ Սարրաֆին յանձնեց Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Ֆլորանս Պարլիի կողմէ 26 փետրուարին Փարիզ այցելութեան հրաւէր մը, որուն ընթացքին նախապատրաստական աշխատանքները պիտի կատարուին «Հռոմ 2» խորհրդաժողովին, որուն նպատակն է օժանդակել լիբանանեան բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն: Սարրաֆ խոստացաւ ընդառաջել հրաւէրին:...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք հերքեց այն լուրերը, թէ Պէյրութի մէջ Մուսթաքպալ հոսանքի թեկնածուներու երկու ընտրացանկ պիտի ըլլայ: ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի երէկ ստորագրեց տեղեկատուութեան նախարարութեան եւ ՄԱԿ-ի միջեւ գործակցութեան համաձայնագիր մը, որուն հիման վրայ Լիբանան մնայուն ներկայութիւն պիտի ըլլայ միջազգային լրատուութեան մէջ` իր խնդիրներով, բարիքներով եւ չարիքներով: Համաձայնագիրը կը միտի այդ բոլոր հարցերը լուսարձակի տակ առնելով օժանդակել եւ ներդրում...

Պաապտայի Մէջ.   Այսօր Իշխանութեան  Երեք Պետերը Կը Հանդիպին

Պաապտայի Մէջ. Այսօր Իշխանութեան Երեք Պետերը Կը Հանդիպին

Կը նախատեսուի, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր նախագահական պալատին մէջ հանդիպում մը ունենայ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ` ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Սակայն չի նախատեսուիր, որ այդ հանդիպումին ընթացքին երկրին մէջ տիրող քաղաքական տագնապը լուծուի, այլ պիտի քննարկուին լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող 9-րդ նաւթահորին վերաբերող իսրայէլեան սպառնալիքները, երկրին ապահովական կացութիւնը, շրջանաւարտ բանակայիններու թղթածրարը սահմանադրութեան հիման վրայ լուծելու կարեւորութիւնը,...

Հարիրի. «Լիբանանի Ապահովութեան  Ու Կայունութեան Շուրջ Միասնականութեամբ  Կրցանք Երկիրը Յառաջ Տանիլ»

Հարիրի. «Լիբանանի Ապահովութեան Ու Կայունութեան Շուրջ Միասնականութեամբ Կրցանք Երկիրը Յառաջ Տանիլ»

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ օտար երկիրներու հիւպատոսներու անձնակազմը` գլխաւորութեամբ Ժոզեֆ Հապիսի: Հանդիպումին ընթացքին Հարիրի յայտնեց, որ Լիբանանի ապահովութեան ու կայունութեան շուրջ միասնականութեամբ կրցած են երկիրը յառաջ տանիլ: Ան նշեց, որ այդ միջոցով կարելի եղած է նաեւ պետական ամավարկն ու ընտրական նոր օրէնքը վաւերացնել: Վարչապետ Հարիրի հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ համախոհութիւնը տիրական է եւ այդպէս ալ...

Page 669 of 987 1 … 668 669 670 … 987

Արխիւներ