Լիբանանեան

Իրաք Կատարած Իր Պաշտօնական Այցելութենէն Ետք, Նախագահ Աուն Այսօր Կը Հասնի Հայաստան

Իրաք Կատարած Իր Պաշտօնական Այցելութենէն Ետք, Նախագահ Աուն Այսօր Կը Հասնի Հայաստան

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Իրաք` ընկերակցութեամբ պաշտօնական պատուիրակութեան մը, որուն մաս կազմեցին ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան, փտածութեան դէմ պայքարի նախարար Նիքոլա Թուէյնի, զբօսաշրջութեան  նախարար Աւետիս Կիտանեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Իրաքի մէջ Լիբանանի դեսպան Ալի Հըպհապ, նախագահի խորհրդականներ Էլիաս Ապու Սաապ եւ...

2018 Երիտասարդութեան Հայկականացման Տարի

Երեսփոխան Բագրատունի. «Լիբանանի Նախագահին Հայաստան Այցելութիւնը Նոր Էջ Կը Բանայ Երկու Երկիրներու Յարաբերութեանց Մէջ»

«Լիբանանի նախագահին Հայաստան այցելութիւնը նոր էջ մը կը բանայ երկու երկիրներու յարաբերութեանց մէջ», յայտարարեց Հայաստան ժամանող Լիբանանի նախագահի գլխաւորած պատուիրակութեան անդամ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Արմէնփրես»-ի հետ իր զրոյցի ընթացքին: Բագրատունի ըսաւ, թէ անկախ այն իրողութենէն, որ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները բաւական բարձր մակարդակի վրայ են եւ գործօն աշխատանք կը կատարուի տնտեսութեան, զբօսաշրջութեան, գիտական եւ կրթական բնագաւառներուն...

Իշխանութեան Սերտ Ճիգերը Կը Շարունակուին` Դիմակալելու Համար Ներքին Թէ Արտաքին Մարտահրաւէրները

Իշխանութեան Սերտ Ճիգերը Կը Շարունակուին` Դիմակալելու Համար Ներքին Թէ Արտաքին Մարտահրաւէրները

Աշխատաւորական թէ ընկերային պահանջատիրութեան շարունակուող ելոյթներու մթնոլորտին մէջ ուշագրաւ է երկրի վարիչներուն արտասովոր եռուզեռը` դիմակալելու համար ներքին թէ արտաքին ժամկէտներու իրագործման առթած հեւքն ու մարտահրաւէրները: Արդարեւ, կը սպասուի, որ ամերիկացի բանագնաց, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան միջինարեւելեան հարցերու օգնական, դեսպան Տէյվիտ Սաթըրֆիլտ, իր մագոգային ճիգերու ծիրին մէջ, այսօր կրկին այցելէ Պէյրութ, ուր լիբանանցիք դարձեալ պիտի շեշտեն իրենց վճռական «ոչ»-երը Լիբանանի...

2018-ի Խորհրդարանական Նախընտրական Օրակարգ

2018-ի Խորհրդարանական Նախընտրական Օրակարգ

Խորհրդարանական նախընտրական քուլիսային թէ բացայայտ ճիգերը շարունակուեցան երէկ ու կարգ մը կողմեր նոր ընտրացանկեր ներկայացուցին: Ըստ իրազեկ աղբիւրներու, ցարդ ընդամէնը 74 թեկնածուներու անուններ կրող տարբեր ընտրացանկեր ներկայացուած են: Այս ծիրին մէջ իմացուեցաւ, թէ Ազգային ազատ հոսանքի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ նախանցեալ գիշերուան հանդիպումը պիտի շարունակուի յառաջիկայ օրերուն եւս: Ըստ լիբանանեան «Էմ.Թի.Վի» պատկերասփիւռի կայանին, մօտալուտ հանդիպում մը պիտի կայանայ Ազգային...

Դաշնակցութիւնը Ջանքեր Կը Թափէ Մըր – Ազգային Ազատ Հոսանք Դաշինքը Կազմելու

Դաշնակցութիւնը Ջանքեր Կը Թափէ Մըր – Ազգային Ազատ Հոսանք Դաշինքը Կազմելու

Երէկ երեկոյեան «Շաղզոյեան» կեդրոն այցելեցին նախկին փոխվարչապետ Միշել Մըր, Հանրապետութեան նախագահի խորհրդական Էլիաս Ապու Սաապ եւ Հիւսիսային Մեթնի մէջ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան թեկնածու Էտի Մաալուֆ: Անոնք դիմաւորուեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի կողմէ: Այս հանդիպումի կայացումը արդիւնքն է երկարատեւ ճիգին եւ հետապնդումներուն նախարար Ժըպրան Պասիլի եւ երեսփոխան Իպրապիմ Քանաանի հետ: Քննարկուեցան...

«Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն  Մասնակցող Հայերու Թեկնածութիւնը  Պէտք Է Առաջադրեն Հայկական  Հեղինակութիւնները»   Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

«Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Մասնակցող Հայերու Թեկնածութիւնը Պէտք Է Առաջադրեն Հայկական Հեղինակութիւնները» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն` լուսարձակի տակ առնելով այն շրջանները, ուր ՀՅԴ պիտի ունենայ իր թեկնածուները եւ քաղաքական այն ուժերը, որոնց հետ գործակցութեան հաւանականութիւն կայ: Պատասխանելով Դաշնակցութեան թեկնածութեան վերաբերող հարցումի մը` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ ատիկա ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին...

Նախագահ Աուն Այսօր Կը Մեկնի  Իրաք, Իսկ Վաղը` Հայաստան

Նախագահ Աուն Այսօր Կը Մեկնի Իրաք, Իսկ Վաղը` Հայաստան

Ընդառաջելով պաշտօնական հրաւէրներու` հանրապետութեան նախագահ Միշել Աուն այսօր կը սկսի արտաքին կարճատեւ շրջապտոյտի, նախ դէպի Իրաք, ուրկէ ան վաղը պիտի ուղղուի դէպի Հայաստան` երկօրեայ այցելութեամբ: Հայաստանի մէջ իր երկօրեայ այցելութեան ընթացքին, նախագահ Աուն հանդիպումներ պիտի ունենայ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, վարչապետ Կարէն Կարապետեանի եւ խորհրդարանի նախագահ Արա Բաբլոյեանի  հետ: Ան նաեւ պիտի այցելէ Հայոց ցեղասպանութեան Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր: Հանրապետութեան նախագահը նաեւ պիտի...

Կառավարութեան Արտակարգ Նիստ`  Ամավարկի Վաւերացման Ընդառաջ

Կառավարութեան Արտակարգ Նիստ` Ամավարկի Վաւերացման Ընդառաջ

2018 տարուան պետական ամավարկի քննարկման ու վաւերացման յանձնառութեամբ, կառավարութիւնը կը միտի գումարել արտակարգ մարաթոնային նիստեր, որոնց առաջինը կայացաւ երէկ` երկուշաթի, 19 փետրուարին, Պաապտայի պալատին մէջ, նախագահութեամբ նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ նախարարներու մեծամասնութեան: Նիստին բացումը կատարելով նախագահ Աուն թելադրեց փութացնել եւ կրկնել այս նիստերը` ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին ամբողջացնելու համար ամավարկի վաւերացում: Նախագահը նաեւ անհրաժեշտ ցուցմունքներն...

2018-ի Խորհրդարանական  Նախընտրական  Օրակարգ

2018-ի Խորհրդարանական Նախընտրական Օրակարգ

6 մայիսին նախատեսուող խորհրդարանական ընտրութեան նախընտրական քայլերուն մէջ ընտրացանկերու շուրջ բանակցութիւններն ու յարակից քայլերը կը շարունակուին եւ առնչակից իւրաքանչիւր կողմ նախանձախնդիր է իր ընտրական ծրագիրով թէ ցանկերով քուէարկողներու առաւելագոյն թիւ ներգրաւելու: Այս ծիրին մէջ սերտ ճիգերն ու հանդիպումները շարունակուեցան նաեւ երէկ: Այդ հանդիպումներու նորագոյն ու ամէնէն «թարմը» կը թուի ըլլալ Ազգային ազատ հոսանքի հանդիպումները Զահլէէն ետք Մեթնի թէ Պէյրութի ընտրաշրջաններուն...

Նախընտրական Շրջանին Զօրաշարժի Մատնուելով`  Երկրի Իշխանութիւնները Լծուած Են Ներքին  Թէ Արտաքին Հրատապ Հարցերու Հարթումին

Նախընտրական Շրջանին Զօրաշարժի Մատնուելով` Երկրի Իշխանութիւնները Լծուած Են Ներքին Թէ Արտաքին Հրատապ Հարցերու Հարթումին

6 մայիսին նախատեսուող խորհրդարանական ընտրութիւններու նախընտրական քայլերն ու Իսրայէլի հետ նաւթահորերու սահմանային թնճուկը զօրաշարժի մատնեցին երկրի ղեկավարները: Արդարեւ, անցնող շաբթուան ընթացքին 9-րդ նաւթահորին գծով  ցուցաբերուած Լիբանանի միասնական ու վճռական կեցուածքները շարունակուեցան եւ լիբանանեան այլապէս հակադիր կողմեր շեշտեցին Լիբանանի ջրային թէ նաւթային հարստութեան պահպանման ու օգտագործման կարեւորութիւնը: Այս իմաստով  հայեացքները սեւեռած են ամերիկացի բանագնաց դեսպան Տէյվիտ Սաթըրֆիլտի` Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ...

Ֆրանսախօս Երկիրներու 17-րդ Վեհաժողովին  Մասնակցելու  Հրաւէր Ստանալով`   Նախագահ Աուն Երեւանի Մէջ  Պիտի Տեսակցի  Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Հետ  Յառաջիկայ Շաբթուան Ընթացքին

Ֆրանսախօս Երկիրներու 17-րդ Վեհաժողովին Մասնակցելու Հրաւէր Ստանալով` Նախագահ Աուն Երեւանի Մէջ Պիտի Տեսակցի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Հետ Յառաջիկայ Շաբթուան Ընթացքին

Նախագահ Միշել Աուն շաբաթավերջին հրաւէր մը ստացաւ մասնակցելու ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ վեհաժողովին, որ պիտի գումարուի Երեւանի մէջ, յառաջիկայ հոկտեմբերին: Հրաւէրը, որ նախագահ Աունին յանձնեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, հետեւեալը կ՛ընդգրկէր. «Այն մարտահրաւէրները, որոնք կը դիմակալէ ֆրանսախօս մեր ընտանիքն ու միջազգային ընկերութիւնը, մեզ մղեց ընտրելու «համակեցութիւն» խորագիրը վեհաժողովին համար: Մարդկային  արժէքներու խորքէն բխող այս խորագիրը առիթ...

2018 Թուականը Կրօնական  Զբօսաշրջութեան Տարի Հռչակելով`  «Ունինք Երեք Հազար Սրբավայրեր Ընդգրկող Գանձ Մը, Որուն Արժէքը Չենք Գիտեր»  Ընդգծեց Նախարար Աւետիս Կիտանեան

2018 Թուականը Կրօնական Զբօսաշրջութեան Տարի Հռչակելով` «Ունինք Երեք Հազար Սրբավայրեր Ընդգրկող Գանձ Մը, Որուն Արժէքը Չենք Գիտեր» Ընդգծեց Նախարար Աւետիս Կիտանեան

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան շաբաթավերջին մեկնարկը յայտարարեց «2018 թուականը կրօնական զբօսաշրջութեան տարուան» եւ այս գծով մէկէ աւելի առիթներով արտայայտուեցաւ կազմակերպուելիք ձեռնարկներուն մասին: Շաբաթավերջին իր կատարած մէկ յայտարարութեամբ նախարար Կիտանեան ըսաւ. «52 տարիներէ ի վեր կը փորձենք տնտեսական յատուկ դիրք ապահովել Լիբանանին, անոր քաղաքակրթութեանց հանդիպման օրրանը ըլլալու իրողութեան կողքին»: «Երէկ 2018 թուականը հռչակեցինք «կրօնական զբօսաշրջութեան տարի», եւ այս ծիրին մէջ պիտի...

Լիբանանցի Մը Եւ Անոր Սուրիացի  Կինը Սպաննուած` Պոլսոյ Մէջ

Լիբանանցի Մը Եւ Անոր Սուրիացի Կինը Սպաննուած` Պոլսոյ Մէջ

Լիբանանցի Մոհամետ Ահմետ Պաշիր եւ անոր կինը` Նիսրին Քրէյտի զոհ գացին Պոլսոյ մէջ անծանօթներու յարձակումին: Նախնական տեղեկութեանց համաձայն, 11 փետրուարէն ի վեր անգտանելի դարձած 40-ամեայ ամոլին մասին թրքական ոստիկանութիւնը շաբաթավերջին յայտարարեց, որ գտած է երկու դիակներ: Ենթակային եղբայրը ոստիկանութիւն երթալով ճանչցած է իր եղբայրն ու անոր կինը: Անոնք խոշտանգուած ու խեղդամահ ըլլալով  կողոպտուած եւ հեռաւոր ամայի մէկ վայրի ձորը գլտորուած...

Անձրեւային Արտակարգ Հեղեղը  Մարդկային  Ու Նիւթական Ծանր Կորուստներ Պատճառեց

Անձրեւային Արտակարգ Հեղեղը Մարդկային Ու Նիւթական Ծանր Կորուստներ Պատճառեց

Շաբաթէն կիրակի լուսցող գիշերուան ընթացքին անձրեւի սաստիկ ու անընդհատ հեղեղը մարդկային զոհեր ու մեծ կորուստներ պատճառեց երկրի զանազան շրջաններուն մէջ` ընդվզումի լայն ալիք բարձրացնելով առանց այդ ալ ապրուստի հոգերով ծանրաբեռնուած քաղաքացիներու մեծամասնութեան մօտ: Արդարեւ, 1954-էն ի վեր աննախընթաց անձրեւի անդադար հեղեղը ողողեց մայրաքաղաք Պէյրութի եւ արուարձաններու զանազան թաղամասերը: 1200 մեթրէն բարձր շրջաններուն մէջ ձիւնը հասաւ 10-15 սանթիմեթրի: Թրիփոլիի մէջ Շըլֆէ...

Վերահաստատելով Դիմադրութեան  Զօրակցութիւնը Լիբանանեան Պետութեան`  «Լիբանանի Պետութիւնն Է Որ Պիտի Պաշտպանէ  Ծովային, Ցամաքային, Թէ Օդային Սահմանները»  Ընդգծեց Սէյիտ Հասան Նասրալլա

Վերահաստատելով Դիմադրութեան Զօրակցութիւնը Լիբանանեան Պետութեան` «Լիբանանի Պետութիւնն Է Որ Պիտի Պաշտպանէ Ծովային, Ցամաքային, Թէ Օդային Սահմանները» Ընդգծեց Սէյիտ Հասան Նասրալլա

«Պահեցի՛նք կտակը եւ գրեթէ շրջանցեցինք Դիմադրութեան դէմ շրջանային դառնագոյն պատերազմը», յայտարարեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ: «Պահեցինք կտակը» խորագիրով Հըզպալլայի նահատակներու յիշատակի ոգեկոչման ձեռնարկին արտասանած իր խօսքին մէջ Նասրալլա անդրադարձաւ շրջանային եւ տեղական, քաղաքական իրավիճակին, յատկապէս նաւթահորերու հարցին, երեսփոխանական յառաջիկայ ընտրապայքարին եւ առնչակից հարցերու: «Կը թուի, թէ ամբողջ շրջանը ներմղուած է կազի ու նաւթի պայքարին մէջ», ըսաւ սէյիտ...

Մագոգային Այցելութիւններով Դեսպան  Սաթըրֆիլտ Կ՛Ուզէ Միջնորդել Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ

Մագոգային Այցելութիւններով Դեսպան Սաթըրֆիլտ Կ՛Ուզէ Միջնորդել Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ

Վերջին քանի մը օրերուն երկրորդ անգամ ըլլալով` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի միջինարեւելեան հարցերու օգնական դեսպան Տէյվիտ Սաթըրֆիլտ երէկ կրկին այցելեց Լիբանան եւ հանդիպումներ ունեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ: Լիբանանցի պատասխանատուներուն հետ ամերիկացի բանագնացին խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ վերջերս շեշտուած` Հարաւային Լիբանանի սահմանին վրայ կառուցուած պատնէշին վերաբերող...

Նախագահ Աուն Կոչ Ուղղեց Արտերկրի  Լիբանանցիներուն Մասնակցելու  Յառաջիկայ Ընտրութեանց

Նախագահ Աուն Կոչ Ուղղեց Արտերկրի Լիբանանցիներուն Մասնակցելու Յառաջիկայ Ընտրութեանց

Նախագահ Միշել Աուն երէկ երեկոյեան բացումը կատարեց Ռոթարի-Տուպայի կազմակերպած «2018-ի խաղաղութեան կերտումի նախագահական համագումար»-ին: Նախագահ Միշել Աուն երէկ արտերկրի լիբանանցիներուն, յատկապէս Ծոցի եւ Տուպայի մէջ ապրող լիբանանցիներուն թելադրեց մասնակցիլ յառաջիկայ ընտրութեանց` մեծապէս դրուատելով  «խաղաղութեան կերտում»-ի համագումարի կազմակերպիչ մարմինի` Ռոթարիի աշխատանքները: Ան բարձր գնահատեց Ռոթարիի գործունէութիւնը, որ տարածուած է աւելի քան երկու հարիւր երկիրներու մէջ, եւ թելադրեց անոր ներկայացուցիչներուն աշխարհին ներկայացնել...

Թիլըրսընի Պէյրութ Այցելութեան Առիթով.  Լիբանան Անզիջող` Իր Ծովային, Օդային,  Թէ Ցամաքային Իրաւունքներուն Գծով

Թիլըրսընի Պէյրութ Այցելութեան Առիթով. Լիբանան Անզիջող` Իր Ծովային, Օդային, Թէ Ցամաքային Իրաւունքներուն Գծով

Շրջանային թէ տեղական իրադարձութեանց լոյսին տակ երկրի քաղաքական թէ պետական ղեկավար շրջանակներու ուշադրութեանց առանցքը կազմեցին հիմնական կարգ մը անկիւնադարձային դէպքեր: Արդարեւ, նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի նահատակութեան 13-րդ տարելիցի ոգեկոչման հաւաքէն ետք, հայեացքները կեդրոնացան ամերիկեան դիւանագիտութեան պետին` Ռեքս Թիլըրսընի Լիբանան այցելութեան եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար Սէյիտ Հասան Նասրալլայի այսօր երեկոյեան նախատեսուող ճառին վրայ: Այս իմաստով, նախագահ Միշել Աունի իշխանութեան օրով առաջին...

Դեսպան Մկրտչեան Խուրիի Եւ Ժոմպլաթի Հետ  Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Դեսպան Մկրտչեան Խուրիի Եւ Ժոմպլաթի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան նախանցեալ օր այցելեց մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրիի, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ միջինարեւելեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները` մշակութային մարզին մէջ համագործակցութեան ընդմէջէն: Դեսպան Մկրտչեան այցելեց նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Դեսպան Մկրտչեան...

Զասիփքին. «Ներկայիս Իսրայէլի Եւ Սուրիոյ,  Կամ Իսրայէլի Եւ Լիբանանի  Միջեւ Պատերազմը Անհաւանական Է»

Զասիփքին. «Ներկայիս Իսրայէլի Եւ Սուրիոյ, Կամ Իսրայէլի Եւ Լիբանանի Միջեւ Պատերազմը Անհաւանական Է»

Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին «Վանայ Ձայն»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ տարակարծութիւնները միջազգային բեմերու վրայ պէտք է լուծուին եւ ոչ թէ ուժի կիրարկումով: «Այս շրջագիծին մէջ, Լիբանանի պաշտօնական կեցուածքը յստակ է: Իսրայէլեան բոլոր ոտնձգութիւններուն պարագային Լիբանան կը դիմէ ՄԱԿ-ին», ըսաւ ան: Զասիփքին ողջունեց միջազգային ընկերութիւններու, որոնց շարքին նաեւ ռուսական ընկերութեան մասնակցութիւնը լիբանանեան ջուրերուն...

Page 667 of 987 1 … 666 667 668 … 987

Արխիւներ