Նախագահ Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք Պաապտայի պալատին մէջ նախագահեց նախարարաց խորհուրդի նիստին: Նիստի օրակարգին վրայ կային 66 կէտեր:
Նախքան նախարարաց խորհուրդի նիստը, նախագահ Աուն դռնփակ խորհրդակցութիւն ունեցաւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:
Կառավարութեան նիստին բացումը կատարելով` նախագահ Միշել Աուն անդրադարձաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընի կարճատեւ այցելութեան եւ զայն կանխած` դեսպան Տէյվիտ Սաթըրֆիլտի խորհրդակցութեանց, նշելով, որ քննարկուած են երկկողմանի յարաբերութիւններն ու Լիբանանի ծովային, օդային եւ ցամաքային սահմաններու հարցը: «Ամերիկեան կողմին ներկայացուցինք Լիբանանի միասնական կեցուածքը շրջանային ջուրերուն եւ իսրայէլեան պատնէշին գծով», յայտնեց նախագահ Աուն` նշելով, որ նախարար Թիլըրսըն ունկնդրեց եւ հասկացողութիւն ցուցաբերեց արծարծուած հարցերուն շուրջ լիբանանեան կողմերու դրսեւորած կեցուածքներուն առնչութեամբ:
Նախարարաց խորհուրդի նիստէն կը բացակայէին նախարարներ Մարուան Համատէ եւ Եաագուպ Սարրաֆ: Այս առիթով կառավարութիւնը կնոջական հարցերու առնչուող նիւթերու քննարկման գծով յառաջացուց սեղմ յանձնախումբ մը` գլխաւորութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Ապա քննելէ ետք օրակարգի կէտերը, կառավարութիւնը վաւերացուց կարգ մը նշանակումներ` ջրաբաշխումի հաստատութեանց, մշակոյթի նախարարութեան, Ազգային գրադարանին եւ Քարանթինայի պետական հիւանդանոցին գծով: Ինչպէս նաեւ 28 երկիրներու մէջ յառաջացուց 43 նոր հիւպատոսութիւններ` նախապէս վաւերացուած 52 հիւպատոսութիւններու կողքին:
Անդրադարձներ
Այս առիթով կարգ մը նախարարներ անդրադարձան ամերիկացի նախարար Ռեքս Թիլըրսընի այցելութեան եւ անոր կատարած յայտարարութիւններուն, յատկապէս ինչ կը վերաբերի Հըզպալլայի:
«Միացեալ Նահանգներ վերջին երկիրն է, որ կրնայ «ահաբեկչական» որակել Հըզպալլան», ըսաւ պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ:
Նախարար Նուհատ Մաշնուք «լաւ» որակեց Թիլըրսընի յայտարարութիւնները` որոշ հակասութիւն տեսնելով Հըզպալլայի գծով վերջինիս` Ամմանի եւ Պէյրութի մէջ յայտարարութեանց միջեւ: Նշենք, որ Թիլըրսըն նախքան Լիբանան իր այցելութիւնը, Յորդանանի մէջ կատարած իր յայտարարութեանց ընթացքին, քննադատելով հանդերձ Հըզպալլայի դերակատարութիւնը, նշած էր, որ ի վերջոյ Հըզպալլա մաս կը կազմէ Լիբանանի քաղաքական կառոյցին:
Հարիրի-Ժահժահ Մօտակայ Հանդիպո՞ւմ
Միւս կողմէ, նախարար Մլհեմ Ռիաշի անդրադառնալով Մուսթաքպալ հոսանքի եւ Լիբանանեան ուժերու միջեւ յարաբերութեան, յայտնեց, որ ճիգերը կը շարունակուին կողմերուն միջեւ, խիստ հաւանական նկատելով մօտակայ հանդիպում մը վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Սամիր Ժահժահի միջեւ:



