Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, Պըրրի նշեց, որ նախանցեալ օր վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ քննարկած է կառավարութեան կողմէ 2018-ի պետական ամավարկի վաւերացման կարեւորութիւնը եւ անոր փոխանցումը լիբանանեան խորհրդարանին:
Պըրրի շեշտեց, որ հիմնական նպատակը խորհրդարանին կողմէ 2018-ի պետական ամավարկի վաւերացումն է, նախքան խորհրդարանի նստաշրջանին աւարտը: Ան նշեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք ներկայ կառավարութեան նստաշրջանը կ՛աւարտի եւ նոր կառավարութեան կազմութիւնը կրնայ ամիսներ խլել, հետեւաբար լիբանանցին 2018-ի պետական ամավարկին փոխարէն ինքզինք կրնայ գտնել 2019-ի պետական ամավարկին դիմաց:



