Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երկու Զոհ` Պըրժ Պարաժնէի Մէջ Շէնքի Մը Փլուզման Պատճառով

February 16, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանցի Իթանի ընտանիքէն մայր մը եւ իր եօթը տարեկան աղջնակը զոհ գացին երէկ առաւօտուն, երբ անոնց բնակած շէնքը փուլ եկաւ Պըրժ Պարաժնէի Այն Սըքքէ թաղամասին մէջ: Ընտանիքին հայրն ու այլ անդամներ վիրաւոր վիճակի մէջ փոխադրուեցան հիւանդանոց:

1920-ական թուականներուն կառուցուած շէնքը փուլ եկաւ հակառակ այն իրողութեան, որ փլուզման սպառնալիքի ոչ մէկ ազդանշան նկատուած էր շէնքին մէջ:

Դէպքը իր ողբերգական հետեւանքներով բանավէճի դուռ բացաւ շէնքի սեփականատիրոջ եւ շրջանի քաղաքապետութեան միջեւ, որ յայտարարեց, թէ նախապէս ազդեր ուղարկած էր վտանգի տակ գտնուող նման շէնքերու բնակիչներուն: Շէնքի սեփականատէրը հերքեց այդ տեղեկութիւնը` շեշտելով, որ ցարդ ոչ մէկ ազդարարագիր փոխանցուած է իրենց շէնքի փլուզման վտանգին կամ զայն իր բնակիչներէն պարպելու գծով:

Այս դէպքը առաջինը չէ եւ կրնայ նաեւ վերջինը չըլլալ: 2012-ին նման դէպք պատահած էր Էշրեֆիէի մէջ, երբ Ֆասսուհ թաղամասին մէկ շէնքը փուլ եկած էր: Նշենք, որ Լիբանանի տակ տակաւին փլուզումի վտանգին տակ գտնուող 16 հազար շէնքեր կան:

Այս առիթով դէպքին վայրը փութացին շրջանի պետական թէ քաղաքային պատասխանատուներ:

Երեսփոխան Ալի Ամմար խոր ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերուն համար` նշելով, որ ինք  անմիջապէս կապ պահած է վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ, որ թելադրած է անհրաժեշտ քայլերուն դիմելու եւ հոգալու անհրաժեշտ կարիքները:

Փրկութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ, հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյր յայտնեց, թէ վարչապետին ցուցմունքներով նիւթական անմիջական հատուցում պիտի կատարուի վնասուած շէնքերուն եւ մօտակայ վաճառատուներուն, ինչպէս նաեւ տնազուրկ մնացած բնակիչներուն համար բնակութեան յատուկ հատուցում պիտի կատարուի: Խէյր անհրաժեշտ նկատեց լրիւ քանդել փլուզուած շէնքն ու յարակից շէնքը, որ նոյն կացութեան մէջ է: Ան ընդգծեց, որ շէնքի սեփականատիրոջ պարտականութիւնն է հերթաբար ստուգել շէնքին կառուցուածքը եւ անհրաժեշտ  նորոգութիւնները կատարել: «Եթէ սեփականատէրը չի կրնար, քաղաքապետութիւնը պէտք է հետապնդէ նման հարցեր», յիշեցուց Խէյր:

Պըրժ Պարաժնէի քաղաքապետ Աթեֆ Մանսուր յայտարարեց, որ շրջանին մէջ նոյն կացութեան մատնուած բազմաթիւ շէնքեր կան, քաղաքապետութիւնը ազդեր յղած է այդ ուղղութեամբ, եւ պետութեան կը մնայ լուծել այս հարցը:

 

Նախորդը

Ազրպէյճանի Նախկին Արտաքին Գործոց Նախարարը Քննադատած Է Մամետեարովի` Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Հարցին Վերաբերող Քաղաքականութիւնը

Յաջորդը

«Պիել»-ի Մէջ. Ռաֆիք Հարիրիի Սպանութեան 13-րդ Տարելիցի Նշում

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.