Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց վարչապետ Սաատ Հարիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող շարք մը խնդիրներ:
Հանդիպումէն ետք Հարիրի դարձաւ Պըրրիի ճաշի հիւրը:
Երեկոյեան Պըրրի յայտնեց, թէ Հարիրիի հետ հանդիպումին ընթացքին զայն տեղեակ պահած է, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն բոլոր ընտրաշրջաններուն մէջ պիտի զօրակցի Հըզպալլային: Ան աւելցուց, որ Հարիրի իր կարգին յայտնած է, թէ ան տակաւին ընտրական դաշինքներն ու ընտրացանկերը չէ ամբողջացուցած:



