Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

February 14, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ այցելեց նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի դամբարանը, ուր հաստատեց, որ նահատակ վարչապետը իր կեանքով եւ մահով կը մնայ Լիբանանի կայունութեան, ապահովութեան եւ բարօրութեան խորհրդանիշը:

ԲԱՆԱԿԻ հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Մոհամետ Քապպարա շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները վարչապետ Սաատ Հարիրիի դէմ քաղաքական մահափորձ կը նկատուին:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս երէկ ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըրը, որուն հետ քննարկեց Քեսրուանի կարիքները: Միւս կողմէ, Ապի Նասըր յայտնեց, որ ինք երեսփոխանական ընտրութիւններուն թեկնածութիւն պիտի չառաջադրէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ Իսրայէլի մարտահրաւէրներուն դէմ պայքարելու իմաստով լիբանանեան միացեալ կեցուածք գոյութիւն ունի, իսկ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ յարաբերութիւնները ամուր են:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Եասին Ժապեր հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի միջեւ նոր էջ մը բացուած է` աւելցնելով, որ իրենք կը նախատեսեն, որ Աունի եւ Պըրրիի միջեւ հերթական հանդիպումներ կատարուին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ ընտրական օրէնքը բաւական բարդ է եւ իւրաքանչիւր ընտրաշրջանի պարագային իւրայատկութիւն մը կը ստեղծէ: Ան անհաւանական նկատեց Լիբանանի դէմ նոր պատերազմի մը շղթայազերծումը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ նշեց, որ Ամալ շարժումին եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ ընտրական դաշինքի գոյացումը անհաւանական է:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան նախագահելէ ետք յանձնախումբի նիստին, յայտնեց, որ 2018-ի պետական ամավարկի վաւերացումը պէտք չէ ուշանայ, որովհետեւ բոլոր բարեկարգումները կախեալ են անոր վաւերացումէն: Յանձնախումբին անունով Քանաան կառավարութեան առաջարկեց 2018-ի պետական ամավարկի քննարկումին սկսիլ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ընտրութեան թեկնածու Թայմուր Ժոմպլաթ ընկերային ցանցերուն վրայ կատարած իր գրառումին ընդմէջէն նշեց, որ 2018-ի պետական ամավարկի վաւերացումը լաւագոյն պատգամն է, որ Լիբանանի կառավարութիւնը կրնայ յղել Փարիզի խորհրդաժողովին:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին յայտնեց, որ Սուրիոյ գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւն գործող իսրայէլեան օդանաւը վար առնելու որոշումը սուրիական իշխանութիւնը տուած է:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, Պաապտայի մէջ տեղի ունեցած իշխանութեան երեք պետերուն հանդիպումը Լիբանանի դէմ իսրայէլեան որեւէ տեսակի բռնարարքի նախազգուշութեան նպատակով կատարուած է:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Ընտրական խորհուրդները սկսած են իրենց իսկական աշխատանքին:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ ընդվզած է, որ ցարդ կարելի չէ եղած կրթական օրակարգով կառավարութեան յատուկ նիստ մը ճշդել:

Նոյն օրաթերթին համաձայն, «Հռոմ 2» խորհրդաժողովը 15 մարտ 2018-ին յետաձգուած է թեքնիք եւ գումակային պատճառներով:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին նախարար Լէյլա Սոլհ-Համատէ Ռիատ պիտի այցելէ` վերջնականացնելու համար երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը առաջադրելու որոշումը:

Միւս կողմէ, Ժողովրդային պլոք կուսակցութեան ղեկավար Միրիամ Սքաֆ յայտնած է, որ Մուսթաքպալ հոսանքին հետ հանդիպումները պէտք չէ մեկնաբանել անպայման իբրեւ անոր հետ ընտրական դաշինք մը գոյացնելու փորձեր: Ըստ նոյն օրաթերթին, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան մօտիկ աղբիւրներ յայտնած են, թէ Մուսթաքպալ հոսանքին հետ ընտրական դաշինք գոյացնելու բոլոր փորձերը կանգ առած են:

 

Նախորդը

Մարտին Սուրիոյ Հարցով Ռուսիոյ, Թուրքիոյ Եւ Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպում

Յաջորդը

Պասիլ. «Ահաբեկչութիւնը Վերջ Պիտի Չգտնէ, Եթէ Տեղահանուածներու Տունդարձը Չապահովուի»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.