Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Պըրրիի Եւ Հարիրիի Հետ Քննարկեց Իսրայէլեան Սպառնալիքներն Ու Սաթըրֆիլտի Առաջարկները

February 13, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին եւ վարչապետ Սաատ Հարիրին, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի դէմ արձանագրուած իսրայէլեան սպառնալիքները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ շրջանին մէջ քարէ պատնէշի կառուցման եւ լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող 9-րդ նաւթահորին:

Հանդիպումին որոշ ժամանակի համար միացան Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ Լիբանանի կառավարութեան աշխատանքը համադրող գնդապետ-զօրավար Մալեք Շամմաս:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Նաքուրայի մէջ եռակողմանի հանդիպումի խորհրդակցութիւններուն արդիւնքները:

Քննարկուեցան նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերու օգնական Տէյվիտ Սաթըրֆիլտի առաջարկները, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընի Պէյրութ կատարելիք այցելութիւնը` յառաջիկայ հինգշաբթի, 15 փետրուարին:

Իշխանութեան երեք պետերը քննարկեցին իսրայէլեան սպառնալիքներուն դէմ դնելու իմաստով լիբանանեան միացեալ կեցուածքի որդեգրումը:

Հանդիպումէն ետք Պըրրի մեկնեցաւ մերժելով մեկնաբանութիւն կատարել, մինչ վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ իշխանութեան երեք պետերը մնայուն կերպով պիտի շարունակեն խորհրդակցութիւնները, որպէսզի իսրայէլեան սպառնալիքներուն դէմ Լիբանանի կարծիքը ըլլայ միացեալ, միասնական եւ ազգային` Լիբանանի դէմ իսրայէլեան որեւէ բռնարարքի պարագային:

Նշենք, որ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Սաթըրֆիլտ Լիբանանի առաջարկած է 9-րդ նաւթահորի երկու երրորդը վերապահել Լիբանանի, իսկ մէկ երրորդը զիջիլ Իսրայէլին:

Նոյն կայանին համաձայն, Լիբանան կտրականապէս մերժած է 9-րդ նաւթահորին վերաբերող ամերիկեան այս առաջարկը:

Միւս կողմէ, Ժան Ազիզ հրաժարեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի տեղեկատուական հարցերու խորհրդականի իր պաշտօնէն: Նախագահ Աուն ընդունեց Ազիզի հրաժարականը:

Նախագահ Աուն. «Եթէ Իսրայէլեան Սպառնալիքները
Գործի Վերածուին, Ապա Նոր Պատերազմներ Պիտի Բռնկին»

Նշենք, որ նախագահ Աուն հարցազրոյց մը ունեցաւ եգիպտական «Օն լայվ» պատկերասփիւռի կայանին հետ:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ Լիբանան որոշած է իր հողերը պաշտպանել, եթէ Իսրայէլ անոր դէմ պատերազմ մը սանձազերծէ կամ անոր նաւթի իրաւունքները խլել փորձէ: «Տակաւին ոչ մէկ յարձակում կատարուած է, իսրայէլեան բռնարարքները կը մարմնաւորուին սպառնալիքներով, իսկ կարգ մը ուժեր քաղաքական եւ դիւանագիտական միջամտութիւններ կը կատարեն` կացութիւնը մեղմելու», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն նշեց, որ ինք չի նախատեսեր Լիբանանի դէմ իսրայէլեան նոր պատերազմի մը շղթայազերծումը:

«Սակայն եթէ իսրայէլեան սպառնալիքները գործի վերածուին, ապա նոր պատերազմներ պիտի բռնկին», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ իրենք առաջարկած են Իսրայէլի հետ սահմանային տարակարծութիւնները լուծել` աւելցնելով, որ Իսրայէլ չի կրնար լիբանանեան հողերուն վրայ պատ կառուցել:

Նախագահ Աուն շեշտեց նաեւ, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ լիբանանեան-եգիպտական յարաբերութիւնները լաւ եւ հեզասահ վիճակի մէջ են:

Նախորդը

Հարիրի Ընդունեց Ֆուշէն Եւ Պետական Շուրայի Պատուիրակութիւնը

Յաջորդը

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Կոչ Կ՛ուղղեն Կատարելու Վիեննայի Եւ Ս. Փեթերսպուրկի Համաձայնութիւնները

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.