ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ պարտականութիւն տուաւ բարձրագոյն ուսման ընդհանուր տնօրէնութեան հետապնդելու այն համալսարանները, որոնք իրենց վկայականները կը վաճառեն ուսանողներուն:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ իսրայէլեան օդանաւին խորտակումը կը նշանակէ, թէ երկրին գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւնները անպատասխան ձգելու փուլը արդէն վերջ գտած է:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ շրջանաւարտ սպաներու տագնապի թղթածրարին լուծումէն ետք հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի միջեւ յարաբերութիւնը բարելաւուած է:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ շեշտեց, որ ընտրական նոր օրէնքը կը քանդէ ժողովրդավարութիւնը, ինչպէս նաեւ բարեկարգումի հոլովոյթը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ուալիտ Խուրի ըսաւ, թէ շրջանին մէջ նոր պատերազմի մը բռնկումը անհաւանական է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ իրենցմէ կը պահանջուի ամրապնդել իրենց կացութիւնը եւ Լիբանանը զանց կացուցել շրջանային որեւէ այլ պատերազմէ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա շեշտեց, որ իր թեկնածութիւնը միայն Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կողմէ պիտի առաջադրուի:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Փերնիլ Տահլեր Քարտելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Միքաթի հաստատեց, որ անհրաժեշտ է ՄԱԿ-ի կողմէ յստակ կեցուածք ճշդել` նաւթի հարստութեան իմաստով Լիբանանի իրաւունքին մասին, որպէսզի այդ իրաւունքներուն միջամտութենէն կարելի ըլլայ Իսրայէլը վանել:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն Իսրայէլի եւ Դիմադրութեան առանցքին միջեւ պատերազմը:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի շեշտեց, որ իսրայէլեան «Էֆ 16» տիպի հալածիչը վար առնելու առաջին պատգամը Իսրայէլի գոռոզութիւնը գետնի հաւասարեցնելն է:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ «ցաւակցութիւն» յայտնեց Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն, որոնց գրաւը ձախողեցաւ իսրայէլեան հալածիչին ջախջախումով:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ատնան Մանսուր շեշտեց, որ Սուրիոյ գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւն գործող իսրայէլեան օդանաւին խորտակումը պիտի փոխէ «խաղին կանոնները»: Ան նշեց, որ ինք նոր պատերազմ մը չի նախատեսեր:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Քերիմ Բագրատունի հաստատեց, որ Իսրայէլի մէջ կը տիրէ անբնական կացութիւն` աւելցնելով, որ Իսրայէլ պատրաստ չէ պատերազմ մղելու: Բագրատունի նշեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին ճշդուած թուականին:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ Սուրիոյ տագնապին իմաստով Ռուսիոյ բանակցութիւնները լուրջ են եւ իրենց արդիւնքները պիտի ունենան Լիբանանի վրայ: Ֆըրզլի յայտնեց, որ ինք պատերազմ չի նախատեսեր:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, քաղաքական եւ ապահովական հեղինակութիւններ կը փորձեն Ժողովրդային պլոք կուսակցութեան ղեկավար Միրիամ Սքաֆը համոզել, որ ան Ֆաթթուշ ընտանիքին հետ միացեալ ընտրացանկ մը կազմէ:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մուսթաքպալ հոսանքի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ վարչապետ Սաատ Հարիրի քաղաքական եւ ընտրական առումով Մուսթաքպալ հոսանքի պաշտօնական կեցուածքները պիտի յայտարարէ վաղը` չորեքշաբթի, 14 փետրուար 2018-ին, «Պիել»-ի մէջ տեղի ունենալիք յիշատակի ձեռնարկին, որ նուիրուած է իր հօր նահատակութեան 13-րդ տարելիցին:


