Լիբանանեան

Հարիրի Ժահժահի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Մէջ Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութեան Ներկայացուցչութեան Հարցը

Հարիրի Ժահժահի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Մէջ Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութեան Ներկայացուցչութեան Հարցը

Վարչապետ Սաատ Հարիրի նախանցեալ գիշեր Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահը` ընկերակցութեամբ տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշիի եւ ներկայութեամբ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրիի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկիրը յուզող քաղաքական իրադարձութիւնները, յատկապէս այն զարգացումները, որոնք կը վերաբերին կառավարութեան կազմութեան: Հանդիպումէն ետք Ժահժահ դարձաւ Հարիրիի ընթրիքի հիւրը: Միւս կողմէ, Հարիրիի եւ Ժահժահի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ վարչապետը...

Պասիլ Սուրիոյ Դեսպանին Հետ Քննարկեց Ռուսական Նախաձեռնութեան Մանրամասնութիւնները

Պասիլ Սուրիոյ Դեսպանին Հետ Քննարկեց Ռուսական Նախաձեռնութեան Մանրամասնութիւնները

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին գծով ռուսական նախաձեռնութեան մանրամասնութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ալի շեշտեց, թէ այն սուրիացիները, որոնք զիրենք հիւրընկալած պետութեան նկատմամբ կատարելիք պարտաւորութիւններ չունին, պէտք է ուղղուին սահման, որովհետեւ Սուրիա կարիքը ունի իր զաւակներուն: Ալի ընդգծեց, որ...

Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերը Գումարեցին Նիստ Մը

Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերը Գումարեցին Նիստ Մը

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի երէկ առաւօտեան ժամը 10:30-ին, նախագահեց խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերու` ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի, պաշտպանութեան, ներքին գործերու եւ քաղաքապետարաններու հարցերու, կրթութեան, բարձրագոյն ուսման եւ մշակոյթի, առողջապահութեան, աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու, տնտեսութեան, առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ ծրագրաւորումի, երկրագործութեան եւ զբօսաշրջութեան, կենսոլորտի, հանրօգուտ շինութեանց, փոխադրութեան, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու յանձնախումբերու նիստին: Նիստէն ետք Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան փոխնախագահ, Հզօր Լիբանան համախմբումի...

Սարրաֆ Ռիչըրտի Հետ Քննարկեց Բանակին Կարիքները

Սարրաֆ Ռիչըրտի Հետ Քննարկեց Բանակին Կարիքները

Պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որ շնորհաւորեց բանակը անոր հիմնադրութեան 73-ամեակին առիթով: Հանդիպումին ընթացքին Ռիչըրտ ընդգծեց Ուաշինկթընի յանձնառութիւնը` լիբանանեան բանակին զինուորական օժանդակութիւններու տրամադրումը շարունակելու առումով: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ բանակին կարիքները:

Ցամաքային Փոխադրութեան Սենտիքաներու Համադաշնակցութիւնը Փակեց Ինքնաշարժներու Արձանագրութեան Թրիփոլիի Կեդրոնին Մուտքը

Ցամաքային Փոխադրութեան Սենտիքաներու Համադաշնակցութիւնը Փակեց Ինքնաշարժներու Արձանագրութեան Թրիփոլիի Կեդրոնին Մուտքը

Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու ու Հանրութեան փոխադրութեան յատուկ ինքնաշարժներու վարորդներու համադաշնակցութիւնները, երէկ առաւօտեան ժամը 5:30-էն սկսեալ գործադրեցին գործադուլ-նստացոյց մը, որուն ընթացքին փակեցին ինքնաշարժներու արձանագրութեան եւ մեքանիզմի ստուգման հիւսիսային Լիբանանի կեդրոնին մուտքը: Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայս Նեֆաայի մէջ կատարուած նստացոյցին ընթացքին յայտնեց, որ սենտիքաներն ու վարորդները աւելի յանձնառու են օրէնքին գործադրութեան, քան` պատասխանատու պաշտօնատարները: Թլայս նշեց, որ իրենց պահանջն...

Թարապէյ Հաստատեց Լիբանանեան Դրամատուներուն Դիմադրողականութիւնը` Ներքին Եւ Արտաքին Մարտահրաւէրներուն Դէմ

Թարապէյ Հաստատեց Լիբանանեան Դրամատուներուն Դիմադրողականութիւնը` Ներքին Եւ Արտաքին Մարտահրաւէրներուն Դէմ

Լիբանանի դրամատուներու միութեան  նախագահ Ժոզեֆ Թարապէյ երէկ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին հերքեց բոլոր այն զրպարտութիւնները, որոնք ուղղուած են դրամատնային մարզին դէմ: Ան ընդգծեց, որ այդ զրպարտութիւններուն նպատակն է Լիբանանի դրամատնային մարզը թիրախ դարձնել` աւելցնելով, որ բնակարանային վարկերը վերստին պիտի տրամադրուին յառաջիկայ տարուան սկիզբը: Թարապէյ հաստատեց, որ այդ զրպարտութիւնները իրականութեան հետ կապ չունին եւ անճիշդ են` շեշտելով  լիբանանեան դրամատուներուն...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ հաստատեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան սովորութիւններէն չէ լուռ մնալ իր դէմ արձանագրուած ամբաստանութիւններուն դէմ: Ան հարց տուաւ, թէ փոխվարչապետ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի ինչպէ՞ս լուռ մնացած է իրեն վերաբերող ամբաստանութիւններուն դէմ: ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի հաստատեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը լուռ չէ մնացած իր դէմ կատարուած ամբաստանութիւններուն նկատմամբ, այլ` պատասխաններ եւ յստակացումներ կատարած է, ինչպէս նաեւ...

Լիբանանեան Բանակի Հիմնադրութեան 73-ամեակին Առիթով.  «Առանց Բանակի Հայրենիք Չկայ»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

Լիբանանեան Բանակի Հիմնադրութեան 73-ամեակին Առիթով. «Առանց Բանակի Հայրենիք Չկայ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Երէկ Ֆիատիէի Սպայից վարժարանի «Շուքրի Ղանեմ» զօրանոցին մէջ տեղի ունեցաւ բանակի հիմնադրութեան 73-ամեակի նշումը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Սաատ Հարիրիի, պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆի եւ բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի: Պաշտօնական արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ նախկին վարչապետներ, մեծ թիւով նախարարներ, երեսփոխաններ, հոգեւորականներ, որոնց շարքին` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս....

Պըրրի. «Սահմանադրութեան Թիւ 69-րդ Յօդուածը Խորհրդարանին Իրաւունք Կու Տայ Նման Կացութեան Պարագային Օրէնսդրական Աշխատանք Կատարելու»

Պըրրի. «Սահմանադրութեան Թիւ 69-րդ Յօդուածը Խորհրդարանին Իրաւունք Կու Տայ Նման Կացութեան Պարագային Օրէնսդրական Աշխատանք Կատարելու»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ չկայ պատրուակ մը, որ կը խոչընդոտէ նոր կառավարութեան կազմութեան յայտարարութիւնը: Պըրրի ընդգծեց, որ իրեն համար կառավարութեան կազմութեան արձանագրած յապաղումը բացատրութիւն չունի: Միւս կողմէ, Պըրրի հաստատեց, որ սահմանադրութեան թիւ 69-րդ յօդուածը խորհրդարանին իրաւունք կու տայ նման կացութեան պարագային օրէնսդրական աշխատանք կատարելու: Խորհրդարանի նախագահը ընդգծեց,...

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդ.  Անյապաղ Կազմել Կառավարութիւն Մը, Որ Կարենայ Դիմագրաւել Երկրին Դէմ Սպառնացող Մարտահրաւէրները

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդ. Անյապաղ Կազմել Կառավարութիւն Մը, Որ Կարենայ Դիմագրաւել Երկրին Դէմ Սպառնացող Մարտահրաւէրները

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որմէ ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, խորհուրդը ցաւ յայտնեց, որ աւելի քան երկու ամիսէ ի վեր խորհրդակցութիւնները կառավարութեան կազմութեամբ չեն արդիւնաւորուած, իսկ երկրին տնտեսական կացութիւնը աւելի եւս վատթարացած է, մինչ շրջանային ճակատագրական զարգացումները կը յամենան: Խորհուրդը անհրաժեշտ նկատեց անյապաղ կազմել կառավարութիւն մը, որ կարենայ դիմագրաւել երկրին դէմ սպառնացող...

Բանակին Եւ Քաղաքացիներուն Շարքերուն Մէջ  Արձանագրուած  Նահատակներուն Թափած Արիւնը  Սակարկութեան Կարելի Չէ Ենթարկել

Լիբանանեան Բանակի Հիմնադրութեան 73-ամեակին Առիթով Շնորհաւորութիւնները Կը Շարունակուին

Լիբանանեան բանակի հիմնադրութեան 73-ամեակին առիթով շնորհաւորութիւնները շարունակուեցան երէկ: Վարչապետ Սաատ Հարիրի թուիթըրեան գրառումով մը ողջունեց բանակը եւ շնորհաւորեց անոր հիմնադրութեան 73-ամեակը: Ան նշեց, որ այսօր եւ ամէն օր կը յիշեն նահատակ բանակայիններն ու սպաները, ինչպէս նաեւ մեր զինեալ ուժերու անդամներէն իւրաքանչիւրին զոհողութիւնները, որպէսզի Լիբանան մնայ ազատ, անկախ եւ գերիշխան: Հարիրի մաղթեց, որ լիբանանեան պետութիւնը բոլորէն բարձր մնայ եւ բոլորին անվտանգութիւնը...

Նախագահ Աուն Այսօր Կը Նախագահէ Բանակի Տօնին Առիթով Կազմակերպուած Զինուորական Շքերթին

Նախագահ Աուն Այսօր Կը Նախագահէ Բանակի Տօնին Առիթով Կազմակերպուած Զինուորական Շքերթին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր առաւօտեան ժամը 9:00-ին Ֆիատիէի Սպայից վարժարանին մէջ պիտի նախագահէ շրջանաւարտ սպաներու հանդէսին եւ այդ առիթով պիտի արտասանէ խօսք մը, որուն մէջ պիտի անդրադառնայ Լիբանանը յուզող քաղաքական հարցերուն, յատկապէս կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին, ինչպէս նաեւ կարգ մը հարցերու շուրջ Լիբանանի կեցուածքներուն: Միւս կողմէ, նախագահ Աուն Բանակի օրուան նախօրեակին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց նահատակ բանակայիններու զաւակներուն մէկ...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչը Շնորհաւորեց Լիբանանեան Բանակը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչը Շնորհաւորեց Լիբանանեան Բանակը

Լիբանանեան բանակի հիմնադրութեան 73-ամեակին առիթով, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ յղեց հետեւեալ շնորհաւորագիրը. «Ո՛չ միայն տօնդ շնորհաւոր ըլլայ: Այլ նաեւ տօն է, երբ դուն մեզի հետ ես, մեր պաշտպանը, որպէսզի մենք լաւ մնանք: Մեր բանակն ու հայրենիքը... Բանա՛կն է հայրենիքը: Արդարեւ, մեր ապրած վայրը չէ հայրենիքը, այլ այն, որ մեր մէջ կ՛ապրի: Ժամանակէն չենք վախնար, որովհետեւ...

Շնորհաւորութիւններ` Լիբանանեան Բանակին

Շնորհաւորութիւններ` Լիբանանեան Բանակին

Լիբանանեան բանակի հիմնադրութեան 73-ամեակին առիթով երկրին հոգեւոր պետերն ու քաղաքական անձնաւորութիւնները եւ կուսակցութիւնները երէկ շնորհաւորեցին լիբանանեան բանակը` հեռագիրներ յղելով անոր ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունին եւ պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆին: Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան շնորհաւորեց լիբանանեան բանակը եւ անոր հրամանատարութիւնը` մաղթելով, որ բանակը յաւելեալ նուաճումներ արձանագրէ եւ դիմադրէ երկրին ու քաղաքացիին անվտանգութիւնը խոցել փորձող ամէն քայլի դէմ: Շիիներու...

Հարիրի. «112 Երեսփոխանի Կողմէ Վարչապետ Առաջադրուած Եմ Ոչ Թէ Մեծամասնական Կառավարութիւն Կազմելու, Այլ` Ազգային Միասնականութեան Կառավարութիւն»

Հարիրի. «112 Երեսփոխանի Կողմէ Վարչապետ Առաջադրուած Եմ Ոչ Թէ Մեծամասնական Կառավարութիւն Կազմելու, Այլ` Ազգային Միասնականութեան Կառավարութիւն»

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ նախագահեց Մուսթաքպալ պլոքի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկրին իրադարձութիւններն ու քաղաքական բեմը յուզող հարցերը: Նիստէն ետք պլոքը շեշտեց, որ ինք կը զօրակցի Հարիրիի ջանքերուն` կազմելու համար ազգային միասնականութեան կառավարութիւնը: Պլոքին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ կառավարութեան կազմութեան նպատակով վարչապետ Հարիրիի որդեգրած միակ չափանիշը սահմանադրութեան մէջ նշուած ազգային շահերն են: Պլոքը...

Պըրրի – Պասիլ Հանդիպում

Պըրրի – Պասիլ Հանդիպում

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլն ու խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլին: Հանդիպումէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ հանդիպումի արուեստը միշտ աւելի լաւ է տագնապի ռազմավարութիւններէն: Ան ընդգծեց, որ լիբանանցիներուն միջեւ գործակցութեամբ կարելի է երկրին աւելի լաւ ապագայ մը ապահովել: Պասիլ մէջբերեց Ֆրանչիսկոս պապին առաջարկած համերաշխութեան եւ համակեցութեան արուեստը գործադրելու անհրաժեշտութիւնը`...

Հզօր Լիբանանի Համախմբումը Կոչ Կ՛ուղղէ Կառավարութեան Կազմութեան Համար Որդեգրելու Միացեալ Չափանիշներ

Հզօր Լիբանանի Համախմբումը Կոչ Կ՛ուղղէ Կառավարութեան Կազմութեան Համար Որդեգրելու Միացեալ Չափանիշներ

Հզօր Լիբանանի համախմբումը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի: Նիստէն ետք երեսփոխան Շամել Ռուքոզ համախմբումին անունով կոչ ուղղեց կառավարութեան կազմութեան համար որդեգրելու միացեալ չափանիշներ, որոնք հիմնուած ըլլան երեսփոխանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ: Ռուքոզ շեշտեց, որ լիբանանցիները կարիքը ունին օրէնսդրութեան եւ օրէնքներու, որոնք կը հրապարակուին խորհրդարանին կողմէ: Ան նշեց, որ բնակարանային վարկերու դրութիւնը վերսկսիլը...

Տիմանի Մէջ.  «Պետութիւնը Մաքրագործումի Կարիք Ունի»  Շեշտեց Ֆրենժիէ

Տիմանի Մէջ. «Պետութիւնը Մաքրագործումի Կարիք Ունի» Շեշտեց Ֆրենժիէ

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէն, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս քաղաքական եւ տնտեսական հարցերը: Հանդիպումէն ետք Ֆրենժիէ շեշտեց կառավարութեան կազմութեան կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ երեք ամիսէ ի վեր տակաւին կարելի չէ եղած նախարարաց նոր խորհուրդը կազմել, եւ անոր կազմութեան իմաստով տակաւին լուծումներ չկան: Ֆրենժիէ նշեց, որ ինք կը զօրակցի...

Պասիլ Ստանձնեց Լիբանանի Մէջ Նոր Նշանակուած Թուրք Դեսպանին Հաւատարմագիրը

Պասիլ Ստանձնեց Լիբանանի Մէջ Նոր Նշանակուած Թուրք Դեսպանին Հաւատարմագիրը

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ նոր նշանակուած թուրք դեսպան Հաքան Շաքիլը, որմէ ստանձնեց իր հաւատարմագիրն ու լիազօրագիրը` զանոնք աւելի ուշ յանձնելու համար հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին:

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան հաստատեց, որ Լիբանանը իր տնտեսական տագնապէն դուրս բերելու կարեւորագոյն հիմնասիւնը Սուրիան է: ՊԱԱԼՊԵՔԻ Պրիթել շրջանին բնակիչները երէկ ճամբաները փակեցին հրկիզուող անիւներով` բողոքելով բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն ներխուժումներուն, յատկապէս Համմուտիէի ներխուժումի գործողութեան ընթացքին իրենց հարազատներուն սպանութեան դէմ: Աւելի ուշ բանակը յաջողեցաւ վերաբանալ ճամբան: ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Փերնիլ...

Page 629 of 987 1 … 628 629 630 … 987

Արխիւներ