Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ Սուրիոյ Դեսպանին Հետ Քննարկեց Ռուսական Նախաձեռնութեան Մանրամասնութիւնները

August 3, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին գծով ռուսական նախաձեռնութեան մանրամասնութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ալի շեշտեց, թէ այն սուրիացիները, որոնք զիրենք հիւրընկալած պետութեան նկատմամբ կատարելիք պարտաւորութիւններ չունին, պէտք է ուղղուին սահման, որովհետեւ Սուրիա կարիքը ունի իր զաւակներուն:

Ալի ընդգծեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի թելադրանքով եւ ցուցմունքներով, Պասիլի հետ քննարկած է ռուսական նախաձեռնութիւնը, որ դրական ու ողջունելի է եւ կը նպաստէ սուրիական իշխանութիւններուն հետ գործակցաբար լուծելու ու դիւրացնելու Լիբանան, Յորդանան եւ Թուրքիա հասած տեղահանուածներու տունդարձը խոչընդոտող արգելքները:

Ալի հաստատեց, որ այդ հոլովոյթին մասին հարցնելու կարելիութիւններ կան, եւ ամէն ինչ կատարուած է սուրիացի տեղահանուածներուն ապահով տունդարձը վերածելու հեզասահ հոլովոյթի մը:

Ալի նկատել տուաւ, որ Պասիլ հարց տուած է զինուորական պարտադիր ծառայութենէ փախուստ տուած քաղաքացիներու դէմ արձակուած վճիռին մասին` աւելցնելով, որ ինք ներկայացուցած է այդ հարցով նախագահ Ասատի կողմէ հրապարակուած իրերայաջորդ ներման գիրերը:

Ալի նշեց, որ զինուորական պարտադիր ծառայութենէն փախուստ տուած սուրիացիները, որոնք աւելի քան 4 տարիէ Սուրիայէն դուրս կը գտնուին, կրնան սահմանուած գումարը վճարել, գործառնութիւն մը, որ բոլոր դեսպանատուները կը կատարեն:

Ալի ընդգծեց, որ Տարաայի, Քնայթրայի եւ Հալէպի մէջ ահաբեկչութեան դէմ յաղթանակ արձանագրած սուրիական բանակը, որ իր հակակշիռին տակ առած է ազատագրուած սուրիական շրջանները, առիթ ընծայած է, որ մեծ թիւով սուրիացի երիտասարդներ կամաւորաբար զինուորագրուին սուրիական բանակի շարքերուն:

«Տիրող այս իրավիճակը առիթ կու տայ, որ դուրսը գտնուող սուրիացիները վերադառնան իրենց երկիրը, եւ ճարտարարուեստի ու գործարաններու յատուկ շրջանները վերսկսած են գործելու: Թէեւ հոն կատարուող աշխատանքը քիչ է եւ սահմանափակ, սակայն կը շեշտենք, որ Սուրիա կարիքը ունի զարգացման եւ աշխատող մարդուժի, ինչպէս նաեւ ներդրումներու, որպէսզի դարձեալ վերականգնի, վերակառուցուի եւ բարգաւաճի», ըսաւ Ալի:

Ան նշեց, որ լիբանանեան եւ սուրիական կառավարութիւնները կը գործակցին երկու երկիրներու դեսպանատուներուն եւ արտաքին գործոց նախարարութեանց ընդմէջէն: «Հակառակ այս գործակցութիւնը մերժող ձայներուն, կը հաստատենք, որ երկու երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն շահերը համատեղ են, իսկ ահաբեկչութեան դէմ զոյգ երկիրներուն արձանագրած յաղթանակը շատ կարեւոր է երկու երկիրներուն համար: Լիբանանի եւ Սուրիոյ շահերը իրարու կ՛ամբողջացնեն, եւ յառաջիկայ օրերը Սուրիոյ եւ Լիբանանի համար լաւ պիտի ըլլան», եզրափակեց Ալի:

 

Նախորդը

Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերը Գումարեցին Նիստ Մը

Յաջորդը

Հարիրի Ժահժահի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Մէջ Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութեան Ներկայացուցչութեան Հարցը

RelatedPosts

Շէյխ Քասեմ. «Դիմադրութիւնը Հողը  Ազատագրելու Միակ Ուղին Է»
Լիբանանեան

Շէյխ Քասեմ. «Դիմադրութիւնը Հողը Ազատագրելու Միակ Ուղին Է»

September 21, 2026
Ռայի Պատրիարք. «Հարաւային Լիբանանը  Բանակցութեան Խաղաքարտ Չէ, Այլ Լիբանանեան Հող»
Լիբանանեան

Ռայի Պատրիարք. «Հարաւային Լիբանանը Բանակցութեան Խաղաքարտ Չէ, Այլ Լիբանանեան Հող»

September 21, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.