Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի. «112 Երեսփոխանի Կողմէ Վարչապետ Առաջադրուած Եմ Ոչ Թէ Մեծամասնական Կառավարութիւն Կազմելու, Այլ` Ազգային Միասնականութեան Կառավարութիւն»

August 1, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ նախագահեց Մուսթաքպալ պլոքի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկրին իրադարձութիւններն ու քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:

Նիստէն ետք պլոքը շեշտեց, որ ինք կը զօրակցի Հարիրիի ջանքերուն` կազմելու համար ազգային միասնականութեան կառավարութիւնը:

Պլոքին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ կառավարութեան կազմութեան նպատակով վարչապետ Հարիրիի որդեգրած միակ չափանիշը սահմանադրութեան մէջ նշուած ազգային շահերն են:

Պլոքը շնորհաւորեց լիբանանեան բանակը` իր տօնին առիթով:

Միւս կողմէ, լրագրողներուն հետ իր զրոյցին ընթացքին վարչապետ Հարիրի յայտնեց, որ ինք 112 երեսփոխանի կողմէ վարչապետ առաջադրուած է ոչ թէ մեծամասնական կառավարութիւն կազմելու, այլ` ազգային միասնականութեան կառավարութիւն:

Ան աւելցուց, որ երեսփոխանական պլոքներուն հետ խորհրդակցութիւնները կատարուած են ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը կազմելու հիման վրայ:

«Կառավարութեան կազմութեան միակ չափանիշը ազգային գործակցութիւնն է, եւ անոր հիմքը կը նկատուի իրարու հանդէպ ու կառավարութեան կազմութեան դիմագրաւած հարցերուն նկատմամբ ցուցաբերուած հասկացողութիւնը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութեան դէմ ծառացող հարցերը ոմանց կողմէ ի յայտ բերուած խոչընդոտներն են, ինչպէս նաեւ կարգ մը արդար պահանջները», շեշտեց ան:

Վարչապետ Հարիրի ընդգծեց, որ անկարելի է զինք Սուրիոյ մէջ տեսնել, նոյնիսկ եթէ ամբողջ շրջանին մէջ տիրող տարազը յեղաշրջումի ենթարկուի:

Միւս կողմէ, վարչապետ Հարիրի երէկ ընդունեց ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլը, որուն հետ քննարկեց երկրին տնտեսական եւ ելեւմտական կացութիւնը:

Հարիրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Ալի Համատ պըն Մըրի, որուն այցելութիւնը հրաժեշտի բնոյթ ունէր:

Վարչապետ Հարիրի երէկ թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն նշեց, որ լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններ կը փութան Սուրիա, նախքան սուրիացի տեղահանուածները… «Արդեօք ինչո՞ւ», հարց տուաւ ան:

Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ, պատասխանելով վարչապետին կատարած այս գրառումին,  նշեց, որ Սուրիա մեկնողը ճակատաբաց կը վերադառնայ եւ ոչ թէ արգելափակուած:

Նշենք նաեւ, որ վարչապետ Հարիրի հրապարակեց շրջաբերական մը, ըստ որուն Ս. Աստուածածնայ տօնին առիթով պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները չորեքշաբթի, 15 օգոստոս 2018-ին փակ պիտի պահուին:

Նախորդը

Պըրրի – Պասիլ Հանդիպում

Յաջորդը

Շնորհաւորութիւններ` Լիբանանեան Բանակին

RelatedPosts

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու,  Բրիտանիոյ, Աւստրալիոյ, Քանատայի  Եւ Ճափոնի Դեսպանատուները Միացեալ  Հաղորդագրութիւն Մը Հրապարակեցին
Լիբանանեան

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ, Աւստրալիոյ, Քանատայի Եւ Ճափոնի Դեսպանատուները Միացեալ Հաղորդագրութիւն Մը Հրապարակեցին

November 6, 2026
Ժապեր Պոսփորի Վեհաժողովին Ներկայացուց  Հանրապետութեան Նախագահը.  «Կայունութիւնը Կը Սկսի Գերիշխանութեան  Տարածումով»  Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն
Լիբանանեան

Ժապեր Պոսփորի Վեհաժողովին Ներկայացուց Հանրապետութեան Նախագահը. «Կայունութիւնը Կը Սկսի Գերիշխանութեան Տարածումով» Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

November 6, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.